Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան, երէկ` երեքշաբթի, 7 մարտին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին Համազգայինի «Սիմոն Վրացեան» մասնաճիւղի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Յետպատերազմեան լիբանանեան թատրոնը» նիւթով դասախօսութիւն մը: Օրուան բանախօսն էր Լիբանանեան եւ Սեն Ժոզեֆ համալսարաններու դասախօս, «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեան:
«Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան անունով Մարտիկ Տեմիրճեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկայացուց բանախօսը:
Յակոբ Տէր Ղուկասեան ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց լիբանանեան թատրոնը 1990-ական թուականներու սկիզբէն մինչեւ ներկայ օրերը: Ան նկատել տուաւ, որ 1990-ական թուականներուն, երբ պատերազմը վերջացաւ, ամէն ջանք ի գործ դրուեցաւ, եւ հսկայական գումարներ սկսան ծախսուիլ արուեստին մէջ` փաստելու համար, որ Լիբանանը տակաւին մշակութային մարզին մէջ կը գոյատեւէ: Ասոր մէջ մեծ դերակատարութիւն ունէին մշակութային կեդրոնները, որոնցմէ կարեւորագոյնը Ֆրանսական մշակութային կեդրոնը` «Սէ.Սէ.Էֆ»-ն էր, որ կը գտնուէր Սոտեքօ եւ ունէր իր սրահը, ուր դերասաններ կը պատրաստուէին եւ թատրոններու փորձեր կը կատարուէին: Ան հաստատեց, որ «Սէ.Սէ.Էֆ.»-ը շատ կարեւոր դեր խաղցած է լիբանանեան թատրոնի բարգաւաճման եւ վերականգնման մէջ: Շարունակելով իր խօսքը` Տէր Ղուկասեան ըսաւ, որ 1990-ական թուականներու սկիզբը մնացին թատրոնի մեծերը, ինչպէս` Ռեմոն Ժպարա, Անթուան Մուլթաքա, որոնք տակաւին կը շարունակէին իրենց թատերախաղերը ներկայացնել, սակայն Ժալալ Խուրին, որ ծանօթ էր իր քաղաքական մեկնաբանութիւն ունեցող թատերախաղերով, փոխեց իր ոճը եւ սկսաւ «Վոտվիլ» բեմադրել, որովհետեւ պատերազմը նոր վերջացած էր եւ ժողովուրդը ժամանց ու հաճելի բաներ կ՛ուզէր եւ այս տրամաբանութեամբ «Վոտվիլ»-ը զարգացաւ շատ արագ: Բանախօսը ըսաւ, որ ներկայիս «Վոտվիլ»-ի գլխաւոր ներկայացուցիչը լիբանանեան շուկայի վրայ Ժորժ Խապպազն է: Ան նկատել տուաւ, որ այս ժամանակաշրջանին անուն առաւ նաեւ Մարուան Նաժժարը, որմէ ետք 1994-ին Ռոժէ Ասսաֆի վերադարձով սկսաւ «Հէքեաթասացներու թատրոն»-ը: Այս շրջանին նաեւ սկսան դուրսէն խումբեր գալ Լիբանան եւ ելոյթներ ունենալ. հետեւաբար օտար խումբերու հետ շփումները զարգացան եւ փոխանակումները սկսան աւելի մեծ թիւով ըլլալ: Լիբանանեան խումբեր եւս սկսան դուրս ելլել, եւ «Սէ.Սէ.Էֆ.»-ի նախաձեռնութեամբ հսկայական գումարներ տրամադրուեցան ասոր համար: Տէր Ղուկասեան ըսաւ, որ «Սէ.Սէ.Էֆ.»-ին դերը շատ կարեւոր էր այս հանգրուանին, որովհետեւ անիկա ո՛չ միայն ֆրանսական մշակութային կեդրոն եղաւ, այլեւ` լիբանանեան, ուր լիբանանցի արուեստագէտները կը համախմբուէին եւ ելոյթներ կու տային: Այս շրջանին համալսարանները սկսան թատրոնի եւ շարժապատկերի նոր ճիւղեր բանալ: Բանախօսը ըսաւ, որ ներկայիս Լիբանանեան համալսարանը միակն է, որ իր դասաւանդումով թատրոնի դերասան կամ բեմադրիչ կը պատրաստէ, մինչ այլ համալսարաններ իրենց ծրագիրին մէջ միայն կարգ մը դասապահեր ունին թատրոնի մասին: Հասնելով 2000 թուական, բանախօսը նկատել տուաւ, որ այդ ժամանակաշրջանին եւ մինչեւ 2006 թուական զարգացան պատկերասփիւռի ֆիլմաշարերը, որոնք իրենց ազդեցութիւնը ունեցան թատրոնին վրայ, որ ծանր անկում արձանագրեց: Դերասանները սկսան հեռանալ թատրոնէն եւ աշխատիլ ֆիլմաշարերու մէջ, նաեւ սկսան կապկել սուրիական եւ թրքական ֆիլմաշարերը, սակայն վատ որակով: 2008-2010 երիտասարդներու նախաձեռնութեամբ հիմնուեցան խմբակներ, որոնք բաղկացած էին կարգ մը երիտասարդներէ, որոնք նոր աւարտած էին եւ կ՛ուզէին գործեր բեմադրել. զանոնք կը ֆինանսաւորէին մշակութային միութիւններ: Անդրադառնալով գաղթական սուրիահպատակներուն, որոնք Լիբանան հաստատուած են, Տէր Ղուկասեան նկատել տուաւ, որ անոնց մէջ կը գտնուին բեմադրիչներ, դերասաններ, գրողներ, որոնք ուզեցին արտայայտուիլ նաեւ Լիբանանի մէջ եւ անոնք շատ մեծ զարկ տուին լիբանանեան թատրոնին:
Անդրադառնալով լիբանանահայ թատրոնին` Տէր Ղուկասեան յայտնեց, որ վերջին շրջանին հայ երիտասարդութիւնը սկսաւ արուեստով հետաքրքրուիլ` թատրոն` դերասանութիւն, բեմադրութիւն, շարժապատկեր` աւելցնելով, որ ներկայիս Լիբանանեան համալսարանին մէջ ամէն տարի նուազագոյնը 3 հայ ուսանող ունինք թատրոնի հետեւող, եւ անոնք կոյր սէր մը ունին արուեստին, թատրոնի նկատմամբ: Նոյնն է պարագան նաեւ այլ համալսարաններու մէջ: Նկատի ունենալով թատրոնի ներկայ իրավիճակը եւ հանդիսատեսներու նուազումը` Տէր Ղուկասեան յայտնեց, որ իր կարծիքով` այս ուսանողներուն միակ տեղը արաբական թատրոնին մէջ է, որուն մէջ պատերազմէն առաջ հայերը մեծ դերակատարութիւն ունէին իբրեւ բեմադրիչ, դերասան կամ թեքնիք գործերու պատասխանատու: «Պատերազմէն առաջ հայկական թատրոնը լիբանանեան թատրոնին մէջ ունէր իր կարեւոր ու յատուկ տեղը, եւ ներկայիս մենք պէտք է պահենք այդ տեղը, որովհետեւ ունինք այդ կարելիութիւնները, սակայն պէտք է քաջալերել եւ նեցուկ կանգնիլ հայկական թատրոնին, որ շատ դանդաղ, սակայն հաստատ քայլերով վերելքի մէջ է», եզրափակեց Յակոբ Տէր Ղուկասեան:
Աւարտին առիթ տրուեցաւ ներկաներուն լուսաբանական հարցումներ ուղղելու բանախօսին: