Ազգային գրադարանի համապատասխան բաժանմունքին մէջ նկարահանուած, Փարիզի մէջ լոյս տեսած «Մարտկոց» (1932-1933) եւ «Ազատամարտ» շաբաթաթերթի (1928-1929) թիւերը Աղասի Ազիզեանի միջոցով հասած են «Ազդակ»-ի «Ժ. Պուտագեան» կեդրոն: Իսկ «Կամք» օրաթերթի ամբողջական հաւաքածոն` բնագրային տպագիր տարբերակ (1985-2002) մաս առ մաս կը յանձնուի «Ազդակ»-ին նկարահանուելու եւ թուայնացուելու համար: «Կամք»-ի ամբողջական հաւաքածոն «Ազդակ»-ին նուիրեց մեր ընկերներէն Յակոբ Ենիգոմշեան:
Մեր շնորհակալութիւնները: