8 մարտին Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը շնորհաւորագիր յղած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին` ծննդեան 70-ամեայ յոբելեանին առիթով: Այս մասին կը յայտնեն Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի տեղեկատուական գրասենեակէն:
Նոյն օրը Ամենայն Հայոց հայրապետը նաեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ եւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ ընթացող Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովի մասնակիցներուն անունով շնորհաւորանքներ եւ բարեմաղթանքներ փոխանցած:
Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին մաղթած է կեանքի արեւշատութիւն եւ արդիւնազարդ գահակալութիւն` ի պայծառութիւն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան: