Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Կորուստները. Ոչ Եւս Է Աշոտ Ճենտերէճեան

Մարտ 6, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ իր մահկանացուն կնքեց Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի նախկին տնօրէն Աշոտ Ճենտերէճեան:

Աշոտ Ճենտերէճեան ծնած է Երեւան: Աւարտած է Չայքովսկիի անուան երաժշտական միջնակարգ դպրոցը: 1976-ին աւարտած է Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի ջութակի դասարանը, ուսանելով ժամանակի ականաւոր փրոֆեսէօրներու մօտ: Աւելի ուշ վկայուած է նոյն երաժշտանոցի սիմֆոնիք-օփերային բեմադրութեան բաժինէն:

1960-ականներուն, եղբօր` Արմէնի հետ հիմնած է «Ճենտերէճեան տուեթ»-ը, որ համերգներով հանդէս եկած է նախկին Խորհրդային Միութեան տարբեր երկիրներու, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի եւ Մերձաւոր Արեւելքի շատ երկիրներու բեմերուն վրայ:

Ծննդեան 50 եւ ստեղծագործական գործունէութեան 30-ամեակին առիթով Ճենտերէճեան եղբայրները պարգեւատրուած են Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութեան պատուոյ գիրով:

2003 թուականին Արցախի մշակոյթի նախարարութիւնը Աշոտ Ճենտերէճեանը, 15 այլ երեւանցի երաժիշտներու հետ, կը հրաւիրէ Ստեփանակերտ` հիմնելու Արցախի պետական սենեկային նուագախումբը: 2007-ին նախարարի հրամանով ան կը գործուղուի Բերձոր (Լաչին), ուր կը ստանձնէ երաժշտական դպրոցի փոխտնօրէնի եւ ժողովրդային գործիքներու պետական նուագախումբի ղեկավարի եւ տնօրէնի պաշտօնները:

2011-2016 թուականներուն, ընդառաջելով Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հրաւէրին, վարած է «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի տնօրէնութիւնը:

Այս ընթացքին երաժշտանոցի սաները գործուն մասնակցութիւն ունեցած են լիբանանահայ գաղութի մշակութային կեանքին մէջ` իրենց մասնակցութիւնը բերելով Պէյրութի, Այնճարի եւ Թրիփոլիի տարբեր համերգասրահներու մէջ, եռանդուն եւ մշտական մասնակցութիւն ունեցած են Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման հետ կապուած շարք մը ձեռնարկներու, ինչպէս նաեւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի սաներուն համար:

8 ապրիլ 2016-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրեց Աշոտ եւ Արմէն Ճենտերէճեան եղբայրները:

 

 

 

Նախորդը

Դամասկոս. Ղովմի Կուսակցութեան Երեսփոխանական Պլոքի Ներկայացուցիչը Կը Պահանջէ Հայոց Ցեղասպանութեան Դատապարտումը

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

«Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Եռօրեայ Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Արդիւնաւէտ Խորհրդաժողով
Գաղութային

«Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Եռօրեայ Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Արդիւնաւէտ Խորհրդաժողով

Հոկտեմբեր 13, 2025
Առանց Սիրոյ Զգացումին Կարելի Չէ Ճանչնալ Զաստուած
Գաղութային

Մասնակից Դառնանք Հայ Դպրոցի Առաքելութիւնը Կանգուն Պահելու Նուիրական Գործին

Հոկտեմբեր 11, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան Եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան Եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն

Հոկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?