Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Դաստիարակչական Յանձնախումբ. Կիներու Միջազգային Օրուան Հանդիսաւոր Նշում

Մարտ 7, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբին, երէկ` երկուշաբթի, 6 մարտ 2017-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ արժանավայել կերպով նշուեցաւ Կիներու միջազգային օրը:

Լիբանանեան եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Ազատ Սարգիսեան ողջունեց ներկաները եւ անդրադարձաւ օրուան յայտագիրին ու անոր իմաստին: Կիներու պահանջատիրական շարժման գլխաւոր թուականներու հակիրճ թուումէն ետք, ան ընդգծեց, որ Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը 1918-ին առաջին պետութիւնն էր, որ կին դեսպան ունեցաւ յանձին Տիանա Աբգարի: «Չմոռնանք մեր պատմութեան «փափկասուն տիկնայք»-ը եւ այժմու բազմատեսակ մարտահրաւէրներով ներգրաւենք հայ երիտասարդութիւնը», շեշտեց Ազատ Սարգիսեան:

Ապա ան բեմ հրաւիրեց օրուան բանախօսը Սիլվա Փափազեանը:

Համալսարանական դասախօս, կնոջական եւ առհասարակ հայ ազգային-հասարակական կեանքին մօտէն հետեւող Սիլվա Փափազեան, հանգամանօրէն անդրադարձաւ Կիներու միջազգային օրուան խորհուրդին: Պատմական հակիրճ ակնարկով ան թուեց կնոջական շարժման ջատագով միջազգային կազմակերպութեանց հանգրուանային իրագործումները: «Այսուհանդերձ կիներու իրաւունքները լրիւ կերպով չեն իրագործուած», դիտել տուաւ ան: Ան գոհունակութեամբ իբրեւ օրինակ յիշեց վերջերս Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան կողմէ կին ոստիկաններու նշանակումը: Ան նաեւ անդրադարձաւ կիներու իրաւունքներու ձեռքբերման պայքարի մարզին մէջ կարեւոր ներդրում ունեցած հայուհիներու, ինչպէս` Սրբուհի Տիւսափ, Զապէլ Ասատուր, Զապէլ Եսայեան, Սիրան Սեզա, Արփիկ Միսաքեան եւ այլն: Փափազեան այս առիթով մէջբերեց Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ կին երեսփոխան Սելինա Տողանի շնորհաւորական ուղերձը Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի նորընտիր վարչապետ Կլատիս Պերեճիքլեանին, ուր Տողան բարձր գնահատելով հայուհիին դերը, կ՛ընդգծէր. «Մենք իբրեւ հայ կին, ստիպուած ենք պաշտպանելու սեռերու հարցը եւ ըլլալու ուժեղ Զապէլ Եսայեանի պէս»:

Փափազեան հինգ գլխաւոր կէտերու մէջ թուեց կիներու միջազգային օրուան նշումին եւ նախաձեռնութիւններուն հիմք եւ մղում հանդիսացող արժէքները` մեկնաբանելով իւրաքանչիւրին իմաստը.

– Արդարութիւն
– Արժանապատուութիւն
– Հաւասարութիւն
– Գնահատանք
– Յարգանք

Ապա իր սրտին խօսքը ուղղեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան Թորգոմ Ծ. վրդ. Տօնոյեան, որ նախ պատմական ակնարկով անդրադարձաւ կնոջ մասին նշուած դերին ու վարկին Աստուածաշունչին մէջ` յիշատակելով Եսթեր թագուհին, որուն դատողութեան յանձնուած էր ամբողջ ժողովուրդի մը ճակատագիրը: Ան նաեւ անդրադարձաւ հայոց պատմութեան մէջ արժանաւոր հայ կիներու, ինչպէս` Կիլիկիոյ Զապէլ Թագուհին: Հայր սուրբը բաղդատական եզրեր դրաւ կնոջ եւ հա՛յ կնոջ միջեւ` նշելով, որ իբրեւ զաւակ մեր մայրերուն մօտ կ՛ուզենք տեսնել մայրութիւնը, աւելի քան կինը: Թորգոմ Ծ. վրդ. Տօնոյեան իբրեւ զաւակ, եղբայր եւ այր մարդ շնորհաւորեց հայ կինը` բարձր գնահատելով հայուհիին դերը եկեղեցւոյ  եւ առհասարակ մեր կեանքին մէջ` «լաւ որ կաք» ըսելով: Հայր սուրբը մեծապէս դրուատեց հայ կինը, «որուն ներդրումով մեր կեանքը կը պայծառանայ եւ մեր ազգը աւելի կը զօրանայ»: Նմանապէս, ան բարձր գնահատեց հայուհիին դերը յատկապէս ԼՕԽ-ի ընդմէջէն: «Երեւակայեցէք մեր կեանքը, եթէ ԼՕԽ-ը չըլլար», ըսաւ ան: «Հիմա Պահքի ժամանակաշրջանն է, եւ իրենց ինքնընծայումով , ԼՕԽ-ականներ իրենց կեանքը տրամադրած են վասն հայութեան, անոնց սիրտերը, միտքերն ու սեղանները միշտ բաց են եւ պատրաստ օգնելու, ծաղկուն ու ծաղկազարդ», շեշտեց հայր սուրբը: «Կինը աւելի ուժեղ է, կրնայ շինել եւ քանդե՛լ տունը, դուք շինո՛ղ եղէք», եզրափակեց հայր սուրբը:

Ապա ներկաները հրաւիրուեցան  Տէրունական աղօթքը կատարելու, որմէ ետք հայր սուրբը պահպանիչով փակեց ձեռնարկը:

Այս առիթով ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն ընթացքին ջութակի վրայ ելոյթ ունեցաւ հայրենի արուեստագէտ ջութակահար Յովիկ Գարախանեան, իսկ շուիով ելոյթ ունեցաւ լիբանանահայ ծանօթ արուեստագէտ Յակոբ Քելուկեան: Սակայն օրուան անակնկալը հայրենի մեցցօ սոփրանօ Քլարա Ալիխանեանն էր, որ իր դիւթիչ ձայնով հմայեց ներկաները, որոնք չդիմանալով պահու քաղցրութեան` ինքնաբուխ ձայնակցեցան անոր «Կիլիկիոյ» քայլերգի մեներգին: Հայրենի երգչուհին այս առիթով սրտաբուխ կերպով յայտագիրէն դուրս մեներգեց նաեւ Կոմիտասի «Կռունկ»-ը դարձեալ հմայելով ներկաները:

Այս առիթով ներկաներուն ցրուեցաւ «Հայ կինը մայր եւ հասարակական գործիչ» խորագրեալ Ռիմա Պօղոսեանի յօդուածէն հատուած մը:

Աւարտին ներկաներուն մատուցուեցան յատուկ յուշանուէրներ եւ հիւրասիրութիւն:

 

 

Նախորդը

Արցախեան Հիմնահարց Պատերազմի Եւ Խաղաղութեան Գինը

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Պէյրութը Բոլոր Համայնքներուն Մայրաքաղաքն Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Պէյրութը Բոլոր Համայնքներուն Մայրաքաղաքն Է

Մայիս 14, 2025
ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի  Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի  Չգոյութեան Բերումով
Գաղութային

ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի Չգոյութեան Բերումով

Մայիս 14, 2025
Թրամփ. «Պատրաստ Ենք Լիբանանին Օգնելու  Տնտեսական Բարգաւաճման Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ապագայ Կառուցելու Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Եւ Սալման Երկու Երկիրներուն Միջեւ Ռազմավարական Տնտեսական Գործընկերութեան Փաստաթուղթ Ստորագրեցին

Մայիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?