Գաղութային

«Յուսաբեր»-ի Հաւաքածոներ, «Ազդակ»-ի   Թերթօններ Եւ Արխիւային Լուսանկարներ  Յանձնուեցան «Ազդակ»-ին

«Յուսաբեր»-ի Հաւաքածոներ, «Ազդակ»-ի Թերթօններ Եւ Արխիւային Լուսանկարներ Յանձնուեցան «Ազդակ»-ին

«Ազդակ»-ի 90-ամեակին առիթով մեր ընթերցողներէն Կարօ Պայթարեան ընտանեկան արխիւներէն «Ազդակ»-ին տրամադրեց 1930-ական թուականներու «Յուսաբեր»-ի հաւաքածոներ: «Ազդակ»-ի գրադարանը հարստացաւ նաեւ տարիներու ընթացքին «Ազդակ»-ի հրատարակած, ապա կազմուած թերթօններու հատորներով (ցանկը կը հրատարակենք շուտով), նաեւ` «Ազդակ»-ի հրատարակած բառարանով: «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային գրադարանը եւս հարստացաւ շատ արժէքաւոր, պատմական նշանակութիւն ունեցող լուսանկարներով: «Ազդակ»-ին յանձնուեցան 124 բնագրային լուսանկարներ, ուր կ՛երեւին Զարեհ կաթողիկոս, Վարդան Շահպազ, Շաւարշ Միսաքեան, Նիկոլ...

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոս  Նախագահեց Արեւագալի Ժամերգութեան

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոս Նախագահեց Արեւագալի Ժամերգութեան

Լիբանանի հայոց թեմին մէջ հաստատուած աւանդութեան համաձայն եւ Միջինքի առիթով, երէկ, չորեքշաբթի, 22 մարտ 2017-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Արեւագալի ժամերգութիւն` նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին: Ժամերգութիւններու երգեցողութիւնը կատարեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի սաները: Հոգեպարար արարողութեան ներկայ գտնուեցան հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը, Ազգային իշխանութեան մարմիններու ներկայացուցիչներ, Սուրէն Խանամիրեան Ազգային քոլեճէն եւ...

Յայտարարութիւն

Յայտարարութիւն

Լիբանանում Հայաստանի դեսպանութիւնը տեղեկացնում է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի 2016 թուականի սեպտեմբերի 14-ի թիւ 847-Ա հրամանագրով ներքոյիշեալ համարների ստացագրեր ունեցողներին Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալու դիմումները մերժուել են. 16063, 15851, 16005, 16091, 16050, 15795, 16110, 16051, 16109, 16060, 16042: (շարունակելի)   Լիբանանում Հայաստանի դեսպանութիւնը տեղեկացնում է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի 2016 թուականի հոկտեմբերի 6-ի թիւ 1086-Ա հրամանագրով ներքոյիշեալ համարների ստացագրեր ունեցողներին Հայաստանի...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան նախաձեռնութեամբ` Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան ընդունեց լիբանանեան կուսակցութիւններու երիտասարդական եւ ուսանողական թեւերու ներկայացուցիչները: Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան երիտասարդութիւնը հետաքրքրող եւ մտահոգող հիմնական նիւթեր, ինչպէս` Լիբանանի զբօսաշրջութեան նոր ծրագիրները եւ անոնց հետ առնչուող առաջարկներ, Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւնները, ինչպէս նաեւ աշխատավարձի եւ տուրքերու յաւելման վերաբերող հարցերը: Նախարար Կիտանեան իր կարգին նաեւ պարզեց զբօսաշրջութեան նախարարութեան մշակած նոր ծրագիրները` վերականգնելու...

Լիբանանի «Արցախ Ֆոնտ»-ի  Բացառիկ Նախաձեռնութիւնը.  «Տարուան Լաւագոյն Ժապաւէն» Մրցանակին  Արժանացած «Կեանք Ու Կռիւ 1» Եւ «Կեանք Ու Կռիւ 2»  Ժապաւէններու Ցուցադրութեան Սկիզբ

Լիբանանի «Արցախ Ֆոնտ»-ի Բացառիկ Նախաձեռնութիւնը. «Տարուան Լաւագոյն Ժապաւէն» Մրցանակին Արժանացած «Կեանք Ու Կռիւ 1» Եւ «Կեանք Ու Կռիւ 2» Ժապաւէններու Ցուցադրութեան Սկիզբ

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Առաջին անգամը չէ, որ Լիբանանի «Արցախ ֆոնտ»-ը Արցախը լիբանանահայութեան առօրեայ կեանքին մաս դարձնելու, միշտ Արցախի Հանրապետութեան մասին մտածել տալու, արցախեան արտադրութիւններու տօնավաճառներ կազմակերպելու եւ հայրենի այդ անկիւնը վերաբնակեցնելու կարեւորութիւնը շեշտող նախաձեռնութիւններու կը դիմէ: Բայց ինչ որ այս օրերուն տեղի կ՛ունենայ լիբանանեան շարժապատկերի սրահներուն մէջ, բացառիկ նշանակութիւն ունի այն իմաստով, որ այս անգամուան նախաձեռնութիւնը քարոզչական իւրայատուկ կարեւորութիւն ունի, բարձր...

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Անհրաժեշտ Է  Միջին Արեւելքին Մէջ Միջքրիստոնէական  Գործակցութեան Նոր Ծաւալ Տալ` Միասնաբար  Դիմագրաւելու Նոր Ժամանակներու Տագնապները»

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Անհրաժեշտ Է Միջին Արեւելքին Մէջ Միջքրիստոնէական Գործակցութեան Նոր Ծաւալ Տալ` Միասնաբար Դիմագրաւելու Նոր Ժամանակներու Տագնապները»

Շաբաթ, 18 մարտ 2017-ի առաւօտուն, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներու համախմբումի խորհուրդին տարեկան հանդիպումը: Հանդիպումին ներկայ էին աւելի քան 40 հոգեւորական եւ աշխարհական պատուիրակներ` Միջին Արեւելքի զանազան երկիրներէն, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի խորհրդարանէն ներկայացուցիչներ: Յանուն Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին խօսք առաւ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան. ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ Տէրունական աղօթքով բացուած...

Առաջնորդ Սրբազանը  Այցելեց Միւֆթի Մալեք Շաարի

Առաջնորդ Սրբազանը Այցելեց Միւֆթի Մալեք Շաարի

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան` ընկերակցութեամբ Ազգային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հաւաթեանի, Թրիփոլիի ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներուն եւ հոգեւոր հովիւին, այցելեց Հիւսիսային Լիբանանի եւ Թրիփոլիի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաարի: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ հիւսիսային Լիբանանի տարբեր շրջաններու միւֆթիներ եւ պատասխանատու հոգեւորականներ: Հանդիպումին ընթացքին առաջնորդ սրբազանը յայտնեց, որ Ազգային Նուպարեան վարժարան իրենց կատարած այցելութեան առիթով այցելած են նաեւ միւֆթի Շաարին, որուն...

«Ազդակ» Ստացաւ Արխիւային  Արժէք Ունեցող 38 Լուսանկարներ

«Ազդակ» Ստացաւ Արխիւային Արժէք Ունեցող 38 Լուսանկարներ

Մեր ընթերցողներէն Անդրանիկ Թաթեւոսեան ներկայացաւ «Ազդակ» եւ թերթի հիմնադրութեան 90-ամեակին առիթով տնօրէնութեան յանձնեց արխիւային արժէք ունեցող լուսանկարներու կարեւոր խմբաքանակ մը, որոնք կը վերաբերին 1960-ական թուականներուն Պէյրութի ազգային եւ կրօնական կեանքին: Լուսանկարներուն մէջ կ՛երեւին Սիմոն Վրացեան, Կարօ Սասունի, Ճորճ Մարտիկեան, Զարեհ կաթողիկոս, Խորէն կաթողիկոս, Գարեգին վրդ. Սարգիսեան (հետագային Մեծի Տանն Կիլիկիոյ եւ Ամենայն Հայց կաթողիկոս), Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան 60-ական թուականներու...

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Վահրամ Փափազեան»  Թատերախումբը Ներկայացուց  «#սառնարան#դրամ#փախլաւա» Կատակերգութիւնը

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Վահրամ Փափազեան» Թատերախումբը Ներկայացուց «#սառնարան#դրամ#փախլաւա» Կատակերգութիւնը

Անցնող շաբաթավերջին ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի  «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբը «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ հանրութեան առջեւ  հանդէս եկաւ «#Սառնարան#դրամ#փախլաւա» կատակերգութեան ներկայացումով`  բեմադրութեամբ Վարդան Մկրտիչեանի: Վարդան Մկրտիչեան թարգմանած է անգլիացի հանրածանօթ բեմադրիչ-թատերագիր Ռոպըրթ Սքոթի «Աքքորտինկ թու Ռումըր»` թիւրիմացութիւններու եւ սխալ հասկացողութիւններու վրայ կառուցուած նշանաւոր կատակերգութիւնը եւ զայն վերամշակելէ ետք պատշաճեցուցած է լիբանանահայ բեմին, ինչպէս նաեւ դերասանական պայմաններուն: Թատերախաղին բարոյական բաժինը այն է, թէ ինչպէ՛ս...

Վաստակաշատ Արուեստագէտ-Երգահան  Եւ Երաժշտագիր Բարսեղ Կանաչեանին  Եւ Անոր Նուիրուած Գիրքին Նուիրուած Հանդիսութիւն

Վաստակաշատ Արուեստագէտ-Երգահան Եւ Երաժշտագիր Բարսեղ Կանաչեանին Եւ Անոր Նուիրուած Գիրքին Նուիրուած Հանդիսութիւն

Երէկ` ուրբաթ, 17 մարտի երեկոյեան  ժամը  8:00-ին,  Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ  Սամուէլեան - Եռագոյն» սրահին մէջ` հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս.  Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի  Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ գործակցութեամբ Հայկազեան համալսարանի  հրատարակչատան, տեղի ունեցաւ «Բարսեղ  Կանաչեան (1885-1967). Կեանքի մը  երաժշտացումը» խորագիրով գիրքին  շնորհահանդէսը: Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով բացման խօսքը արտասանեց Թամար Սնապեան-Սուրճեան, որ հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս...

Ազգային Միացեալ Վարժարանի  Ծանօթացման Հաւաք

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Ծանօթացման Հաւաք

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ Ազգային վարչութեան հրաւէրով, երէկ` ուրբաթ, 17 մարտին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային միացեալ վարժարանի ծանօթացման հաւաք` ներկայութեամբ վարժարան յաճախելիք աշակերտներու ծնողներուն, աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն: Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի տնօրէն Վիգէն Աւագեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն նկատել տուաւ, որ  այս...

Հալէպը Կը Վերականգնի, Կարգ Մը Սուրիահայեր Կը Վերադառնան

«Արմէնփրես»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ, սուրիահայութեան երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեան յայտնած է, որ Հալէպը քիչ-քիչ կը վերականգնի, զգալի աշխատանքներ տարուած են ենթակառոյցներու բարելաւման ուղղութեամբ, քաղաքի փակ ճամբաները բացուած են: «Ճամբան փակած քարակոյտերն ու հողակոյտերը վերցնելու աշխատանքները բաւական յառաջ գացած են: Մանաւանդ անոնք, որոնք երկար ատենէ փակ էին: Տուներու պարագային փոքր նորոգութիւններ կատարուած են: Իւրաքանչիւրը իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ...

«Վանայ Ձայն» Կը Պարգեւատրէ Մեծերը

«Վանայ Ձայն» Կը Պարգեւատրէ Մեծերը

Նախապէս որոշուած էր, որ «Վանայ Ձայն»-ի տնօրէնութիւնը «Մեր մեծերով կը վեհանանք» յայտագիրին ընդմէջէն պարգեւատրէ արուեստագէտ Զոհրապը` առ ի գնահատանք անոր մշակութային վաստակին: Հաղորդավար Հալա Հատտատի եւ Զոհրապի միջեւ գոյացած էր պայմանաւորուածութիւն, որ հիւանդանոցէն ելլելէ ետք արուեստագէտը պիտի ներկայանար «Վանայ Ձայն»` ստանալու համար իր յուշանուէրը, սակայն այդ մէկը կարելի չեղաւ` արուեստագէտին մահուան պատճառով: Զոհրապի մահուան քառասունքին առիթով «Մեր մեծերով կը վեհանանք»...

Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան  Կրօնական Ու Քաղաքական Ժողովներու Նիստեր`  Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Միջին Արեւելքի Համաքրիստոնէական Հանդիպում Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Շաբաթ, 18 մարտ 2017-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի պիտի ունենայ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներու ներկայացուցիչներու հանդիպում` մասնակցութեամբ շուրջ 50 պատուիրակներու: Յիշեալ յանձնախումբը կազմուած է հինգ տարիներ առաջ, եւ անոր կը մասնակցին Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներու ներկայացուցիչներ` թէ՛ կրօնական եւ թէ՛ աշխարհական: Յանձնախումբին նպատակը քրիստոնեայ համայնքներու միջեւ գործակցութիւն յառաջացնել է: Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունենալիք համագումարին ներկայ պիտի ըլլան նաեւ Ֆրանսայի...

Համազգայինի «Քնար» Պարախումբի  Վարչութեան Տիկնանց Օժանդակ Յանձնախումբ.  Ճաշկերոյթ` Ի Նպաստ «Քնար» Պարախումբին

Համազգայինի «Քնար» Պարախումբի Վարչութեան Տիկնանց Օժանդակ Յանձնախումբ. Ճաշկերոյթ` Ի Նպաստ «Քնար» Պարախումբին

Համազգայինի «Քնար» պարախումբի վարչութեան տիկնանց օժանդակ յանձնախումբին կազմակերպութեամբ երէկ` երեքշաբթի, 14 մարտ 2017-ին, «Հոլիտէյ պիչ»-ի «Լա Քանոյէ» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ-ձեռնարկ մը` ի նպաստ «Քնար» պարախումբի ծրագիրներու եւ գործունէութիւններու յաջողութեան: Ձեռնարկին ներկայ էին մեծ թիւով հայ մշակոյթի եւ ազգային արժէքներու պահպանումը բարձր գնահատող հայուհիներ եւ հիւրեր: Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ, որմէ ետք բարի գալուստի խօսքով հանդէս...

ՀՅԴ «Քրիստափոր» Կոմիտէ.  Յարգանքի Երեկոյ` Կարօ Սասունիի  Մահուան 40-ամեակին Առիթով

ՀՅԴ «Քրիստափոր» Կոմիտէ. Յարգանքի Երեկոյ` Կարօ Սասունիի Մահուան 40-ամեակին Առիթով

Երէկ` երկուշաբթի, 13 մարտ 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Նշան Փալանճեան» կեդրոնի «Վասպուրական» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ  ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէն կազմակերպած յարգանքի երեկոն` նուիրուած Կարօ Սասունիի մահուան 40-ամեակին: Ձեռնարկը սկսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անունով Կարօ Սասունիի դամբանականը արտասանած տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի կենդանի ձայնով, ապա խումբ մը թաւջութակահարներ ներկայացուցին դասական երկու երաժշտական կտորներ: Ցուցադրուեցաւ նաեւ տեսերիզ մը` Կարօ Սասունիի կեանքին ու գործունէութեան...

Հայ Սկաուտի Օր`  Դէպի ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակ

Հայ Սկաուտի Օր` Դէպի ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակ

Հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդին եւ խմբապետական կազմին, կիրակի, 12 մարտ 2017-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր ձեռնարկ` «Հայ սկաուտի օր` դէպի ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակ» նշանաբանով, ներկայութեամբ հոծ բազմութեան: Ձեռնարկը ընթացք առաւ Հայաստանի եւ Լիբանանի զոյգ քայլերգներով` կատարողութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին: Բացման խօսքը կատարեց Ալին Քեչեպաշեան: Ան ողջունելէ ետք ներկաները...

Ստանալով  «Կարօ Սասունիի Սերունդ» Անունը`  52 Նորագիրներ Անցան ՀՅ Դաշնակցութեան Շարքերը

Ստանալով «Կարօ Սասունիի Սերունդ» Անունը` 52 Նորագիրներ Անցան ՀՅ Դաշնակցութեան Շարքերը

Երէկ` կիրակի, 12 մարտին, իւրայատուկ կերպով` ՀՅ Դաշնակցութեան նորագիրներու երդման արարողութեամբ նշուեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան երախտաւորներէն Կարօ Սասունիի մահուան 40-ամեակը, Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան` նաեւ վերջինիս աճիւնները պարունակող ՀՅԴ Պանթէոնին առջեւ: ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութենէն եւ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութենէն 52 նորագիրներ անցան Դաշնակցութեան շարքերը` երդուելով շարունակել պայքարը հայութեան եւ Հայաստանի ամբողջական ազատագրութեան համար: Օրուան կնքահայրը` պատմաբան Երուանդ Փամպուքեան, իր...

Դաշնամուրային Համերգ` Մայեսթրօ Սեդրակ Երկանեանի

Դաշնամուրային Համերգ` Մայեսթրօ Սեդրակ Երկանեանի

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղին, ուրբաթ, 10 մարտ 2017-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Նշան Փալանճեան» կեդրոնի «Վասպուրական» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մայեսթրօ Սեդրակ Երկանեանի դաշնամուրի անզուգական համերգը: Յայտագիրը կը բաղկանար երաժշտական հետեւեալ ստեղծագործութիւններէ`  Նախերգանք (փրելիւտ մի մաժոր) Եդ. Աբրահամեան,  Նախերգանք (փրելիւտ տոթ տիեզ մինոր) Եդ. Աբրահամեան, Օպերմանի հովիտը (Ֆ. Լիսց), Պալլատ (Ֆ. Շոփեն), Գիշերային (Ֆ. Շոփեն), Ֆանդեզի (Ֆ. Շուպերթ), Հունգարական պար (Ե....

Սումկայիթի Զոհերուն Նուիրուած Հոգեհանգիստ Սուրբ Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

Սումկայիթի Զոհերուն Նուիրուած Հոգեհանգիստ Սուրբ Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

Կիրակի, 12 մարտ 2017-ի առաւօտեան, Սուրբ Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. պատարագ եւ հոգեհանգստեան պաշտօն` 1988-ին Սումկայիթ քաղաքին մէջ կատարուած եղեռնագործութեան զոհ գացած հայորդիներու յիշատակին: Սուրբ պատարագը մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ իր քարոզին մէջ ներկայացուց «անառակ որդի»-ին դրուագը, որ Քրիստոս ժողովուրդին պատմեց,  եւ որ կը գտնենք Ղուկաս աւետարանին մէջ: Սրբազան հայրը իր պատգամին...

Page 271 of 365 1 … 270 271 272 … 365

Արխիւներ