Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն

Մարտ 8, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այսօր 8 մարտն է` Կիներու միջազգային օրը: Հայ իրականութեան մէջ կիները հին ժամանակաշրջաններէն հիմնական դերակատարութիւն ունեցած են ո՛չ միայն ընտանեկան օճախի պահպանման մէջ, այլ նաեւ ազգային ինքնութեան կերտման  եւ հասարակական-քաղաքական կեանքին մէջ: Կիներու դերակատարութիւնը մանաւանդ յատկանշական կարեւորութիւն ունեցած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կազմաւորման հոլովոյթին մէջ, որուն 100-ամեակը ազգովին պիտի նշենք յառաջիկայ տարի: Ունեցած ենք գործունեայ կին դեսպաններ, առաջին անգամ ըլլալով վերականգնած հայոց պետականութեան խորհրդարանի անդամ ընտրուած են կին ներկայացուցիչներ, որոնք իրենց կարողութիւններով ոչինչ զիջած են իրենց տղամարդ գործընկերներուն:

Այսօր մենք կը յիշենք, մեր ազգային-հասարակական կեանքին մէջ վաստակ ունեցող բոլոր կին ներկայացուցիչները, նոր սերունդներուն հայեցի դաստիարակութիւն ջամբող ուսուցչուհիները, Հայ Յեղափոխութեան թէ ազգային-ազատագրական պայքարի տարբեր փուլերուն իրենց նպաստը բերած կին հերոսները, ընկերութեան մէջ հայ կնոջ դերակատարութեան ընդլայնումին եւ ամբողջական հաւասարութեան համար գրիչ շարժած բոլոր յառաջադէմ կին գրողները եւ հայութեան ինքնապաշտպանութեան սուրբ գործին ճամբուն վրայ ինկած նահատակներուն մայրերը, որոնք համբերութեամբ կը տանին իրենց զաւակներուն կորստեան ցաւը:

Այսօր յարգանքի խօսք կ՛ուղղենք նաեւ իւրաքանչիւր հայ մօր, որ ճիգ չի խնայեր հայեցի դաստիարակութեամբ մեծցնելու իր զաւակները, իւրաքանչիւր աշխատաւոր հայ կնոջ, որ ընտանիք պահելու հեւքին մէջ ինքն ալ կը նետուի աշխատանքի ասպարէզ եւ կը բաժնեկցի նիւթական ծանր բեռը ներկայ ընկերային-տնտեսական ծանր պայմաններուն մէջ, եւ վերջապէս` իւրաքանչիւր հայ կնոջ, որ իր կամաւոր աշխատանքով կը նպաստէ հայ համայնքային եւ ազգային կեանքի յաւելեալ ամրապնդումին:

8 մարտը առիթ է ո՛չ միայն շնորհաւորելու հայ կիները, այլ նաեւ կանգնելու անոնց կողքին` ի Հայաստան, ի սփիւռս աշխարհի, բայց մանաւանդ լիբանանահայ գաղութին մէջ` ընկերութեան մէջ անոնց դերը աւելի եւս մեծցնելու նպատակով: ՀՅԴ 126-ամեակի տօնակատարութեան ընթացքին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն յայտարարեց լիբանանահայ գաղութի ազգային եւ հայեցի դիմագիծը ամրապնդել միտող ընկերային բնոյթի շարք մը հիմնադրամներու հաստատումը: Կը հաւատանք, որ Դաշնակցութեան ազգային եւ ընկերային արժեհամակարգէն բխող այս ծրագիրներու յաջողութեան մէջ մեծ դեր պիտի ունենան նաեւ կիները:

Կը շնորհաւորենք բոլոր հայ կիները` իրենց տօնին առիթով եւ անոնց կը մաղթենք յաւելեալ կորով` ազգի տան հիմերը ամրապնդելու աշխատանքին մէջ:

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

Նախորդը

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն. 8 Մարտ 2017 – Կիներու Միջազգային Օրը

Յաջորդը

Սուրիական Տագնապի Հարցով. Անթալիոյ Մէջ Տեղի Ունեցած Է Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ Եւ Թուրքիոյ Սպայակոյտի Պետերու Հանդիպում

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 15, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Հալէպի Հայ Կեանքին Մէջ Համաճարակի  Ստեղծած Կացութեան
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Ռայի Պատրիարքին

Մայիս 15, 2025
Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի  Աշխատանքի Ժամկէտի Երկարաձգման
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի Աշխատանքի Ժամկէտի Երկարաձգման

Մայիս 15, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?