Հայ աւետարանական քոլեճի իննսուներեքամեայ պատմութեան վերջին յիսուն տարիները անքակտելիօրէն կապուած են հայ կրթական ասպարէզին մէջ աննախընթաց ծառայութեան տէր անձի մը` տնօրէն դոկտ. Զաւէն Մ. Մսըրլեանի անուան, որ անկոտրում կամքով եւ ջանքով ապահոված է դպրոցին հեզասահ ընթացքը լիբանանեան տագնապի դաժան պայմաններուն մէջ:
Լիբանանի քառասնամեայ վերիվայրումներուն ականատես ՀԱՔ-ը, հակառակ ապահովական ու տնտեսական բազմապիսի ճգնաժամերու, կը շարունակէ մնալ կեդրոնական Պէյրութի միակ հայկական վարժարանը` հայկականութեամբ բաբախուն. սա ինքնին մարտահրաւէր մըն է, որ պէտք է պատուով դիմագրաւել:
Անխուսափելի մարտահրաւէրներ են նաեւ դպրոցի կրթական ծրագիրներուն արդիականացումն ու կենցաղային պայմաններուն բարելաւումը, որպէսզի անիկա կարենայ մնալ կենսունակ ու մրցունակ եւ շարունակէ ծառայել այն նպատակին, որուն տեսիլքը ունեցած են անոր հիմնադիրները, եւ կեանքի կոչած` անոր երախտաւորները:
Արդ, դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանի մանկավարժական ծառայութեան յիսունեօթը տարիները եւ տնօրէնութեան յիսուն տարիները լաւագոյնս պատուելու եւ գործնապէս արժեւորելու համար ստեղծուած է «Զաւէն Մսըրլեան կրթական հիմնադրամ»-ը, որ պիտի գործածուի ՀԱՔ-ի կրթական ծրագիրներու արդիականացումին:
Մեր կոչն է, որ շրջանաւարտներ, նախկին սաներ եւ բարեկամներ առատաձեռն նուիրատուութիւններով մասնակից դառնան հիմնադրամի ուռճացումին:
Հիմնադրամին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կրնաք հեռաձայնել դպրոց (00961-1-349816) կամ գրել a_e_c@cyberia.net.lb (attn. Messerlian fund) հասցէներուն:
ՀԱՔ ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆ
27 մայիս 2017