Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» երիտասարդական թատերախումբին «Լեոն» թատերախաղը արդէն իսկ պատրաստ է ներկայանալու հանրութեան: Այսօրուընէ սկսեալ եւ մինչեւ կիրակի օր, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, երեկոյեան ժամը 8:30-ին շուրջ մէկուկէս ժամուան տեւողութեան վրայ 10 երիտասարդներ բեմ կը բարձրանան:
Նշենք, որ «Լեոն» թատերախաղը ամերիկացի նշանաւոր թատերագիր Նիլ Սայմընի «Ֆուլզ» թատրերգութեան վրայ հիմնուած է: Հակառակ անոր, որ Նիլ Սայմընին գրած դէպքը կը պատահի 19-րդ դարուն` Ուքրանիոյ գիւղերէն մէկուն մէջ եւ կ՛առնչուի խաբուսիկ արտաքին տեսքին, խելացիութեան եւ ապուշութեան երկսայրի սուր մը ըլլալուն եւ սիրոյ ուժին, Հրայր Գալեմքէրեանի պատրաստած «Լեոն»-ը մէկ քայլ անդին երթալով կ՛առնչուի բոլոր տեղանքներուն եւ ժամանակներուն ու կեդրոնացումը կը դնէ անհատին կարողականութեան վրայ:
«Լեոն» թատերախաղի ներկայացման սկզբնաւորութեան առիթով ստորեւ կը ներկայացնենք համազգայնական Սեդա Ունճեան-Խտըշեանի սրտի խօսքը:
Սրտի Խօսք
Ողջո՛յն Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» Երիտասարդական թատերախումբին:
Բարի՛ մուտք թատրոնի աշխարհ:
2000 թուականին, երբ տակաւին 7-էն 10-12 տարեկան փոքրիկներ էիք, նորածին «Արեգ» մանկապատանեկան թատերախումբ մուտք գործեցիք, սիրեցիք թատրոնի աշխարհը, դարձաք անոր խնկարկուները եւ արձանագրեցիք յաջողութիւններ` արժանանալով հանդիսատեսին բարձր գնահատանքին:
Ուղեցոյց ունեցաք հայրենի մեծ վարպետներ` բեմադրիչ-դերասան արուեստագէտներ եւ անոնց ջանքերուն շնորհիւ «Կաթիլ մը մեղր»-էն մինչեւ «Կոյրերը» թատերախաղերը, ինքնավստահ, հաստատ քայլերով յառաջացաք` արձանագրելով յաջողութիւններ եւ յաղթանակներ: Իրապէս արժանի էիք: Փոքրիկ հրաշքներ:
Իսկ այդ օրերու ձեր պատասխանատուները, տեսնելով ձեր խանդավառութիւնն ու թատրոնի սէրը, մեծ տագնապ մը կ՛ապրէին: Մտահոգ էին ձեր ապագայով: Ի՞նչ պիտի պատահէր, երբ դառնայիք երիտասարդ ուսանողներ կամ մուտք գործէիք կեանքի սպառիչ յորձանուտին մէջ: Պիտի հեռանայի՞ք թատրոնի մթնոլորտէն, թէ՞ արդեօք պիտի ստեղծէինք «Երիտասարդական» թատերախումբ մը:
Ու ահաւասիկ, հազիւ տասը տարիներ անց, երազանքը կը դառնայ իրականութիւն:
Համազգայինի «Արեգ» մանկապատանեկան թատերախումբէն ծնունդ առած քանի մը «խենթ» տղաք, կեանքի ասպարէզ ընտրեցին բեմը, մասնագիտացան ու այսօր կը բարձրանան բեմ` Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» երիտասարդական թատերախումբ անունով:
Ապրէ՛ք, երեխէ՛ք:
Թատրոնի աշխարհին մէջ ձեր երթը ըլլայ բարի, յաջողութիւններով լեցուն` արժանանալով հանդիսատեսին բարձր գնահատանքին:
Բարի՛ եկաք Համազգայինի մեծ ընտանիք եւ նորանոր յաջողութիւններ:
ՍԵԴԱ ՈՒՆՃԵԱՆ-ԽՏԸՇԵԱՆ