Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չորս Աշակերտներ Դարձան Գիրքի Հեղինակներ

May 27, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան, հովանաւորութեամբ տէր եւ տիկին Յովիկ եւ Մարալ Քիւրքճեաններու, երէկ, ուրբաթ, 26 մայիս 2017-ին երեկոյեան ժամը 6:30¬ին Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Դարձի՛ր գիրքի հեղինակ» ծրագիրի 2016-2017 տարուան մրցանակաբաշխութիւնը` մասնակցութեամբ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանին, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի, Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի Այնճար, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանի եւ Թեքէեան վարժարանի:

Այս առիթով խօսք առաւ Համազգային «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան-գրատարածի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան, որ յայտնեց, թէ լիբանանահայ վարժարաններէն 17 աշակերտներ մասնակցած են այս ձեռնարկին, եւ այս տարի շեշտը դրուած է անհատական կարողութիւններու քաջալերման  եւ մրցանքի ճամբով տաղանդներու յայտնաբերման վրայ, որպէսզի, ի շարս այլ հետաքրքրութիւններու, նաեւ իւրաքանչիւր աշակերտ միտքը լարէ ու իր հետաքրքրութիւնը զարգացնէ այս ուղղութեամբ:

Խօսելով ձեռնարկի հովանաւոր Յովիկ եւ Մարալ Քիւրքճեաններուն մասին` Յ. Հաւաթեան յայտնեց, թէ այս ձեռնարկը նուիրուած է յիշատակին անոնց մօր` Վարսենիկ Շամլեան¬Քիւրքճեանի, որոնք օրին հոգացած էին նաեւ Համազգայինի գրախանութի բարեզարդման բարերարութիւնը: Հետեւաբար,  առ ի երախտագիտութիւն եւ յարգանք,  ձեռնարկը անուանուեցաւ «Վարսենիկ Շամլեան¬Քիւրքճեան» գիրքի պատրաստութեանց մրցանք:

«Տէր եւ տիկին Քիւրքճեաններու մշակութանուէր, կրթանուէր ու ազգանուէր գործը արժանի է խոր յարգանքի եւ այս առիթով Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէնութիւնը կու գայ անգամ մը եւս իր երախտագիտութիւնը յայտնելու անոնց, որոնք անցնող եօթը տարիներուն ընթացքին միշտ ալ քաջալեր հանդիսացան Համազգայինի ծաւալած հրատարակչատան եւ գրատարածման ծրագիրներուն, եւ վստահ ենք, որ տեսնելով արդիւնքը, գնահատելով մեր ճիգը, եւ կարեւորելով նորահաս սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան կենսական գործը պիտի շարունակեն իրենց հետեւողական զօրակցութիւնն ու քաջալերանքը», ըսաւ Հաւաթեան:

Անդրադառնալով աշակերտներու պատանեկան թռիչքներուն եւ ապրումներուն, որոնց արգասիքը եղան անոնց պատմուածքները,  Հաւաթեան շեշտեց կարեւորութիւնը հայ ուսուցիչին` այսպիսի աշակերտներ պատրաստելու գործընթացին մէջ: «Այս նախաձեռնութեան յաջողութեան առաջին պատիւը կը պատկանի հայ դպրոցին, որուն առաքելութիւնը կը շարունակէ յաւելեալ որակ տալ մեր կեանքին ու մնալ մեր գոյութեան անփոխարինելի կռուանը», յայտնեց Հաւաթեան:

Խօսելով օտար դպրոցներ յաճախող հայ աշակերտներու երեւոյթին մասին` Հաւաթեան մաղթեց, որ այս նախաձեռնութիւնը ահազանգէ իր զաւակը օտար վարժարան ուղարկող հայ ծնողքին խիղճին ու հոգիին մէջ, որպէսզի ան իր զաւակը հարազատ օճախ վերադարձնէ:

Ապա յայտարարուեցան մրցանակակիր չորս գիրքերու հեղինակները` պատուոյ յիշատակութեամբ չորրորդ դիրքին արժանացաւ «Գէլօն ու Փամփուլը» պատմուածքը` հեղինակ Մարիա Աճեմեան, Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի 2016 տարեշրջանի 11-րդ դասարանի աշակերտ, որուն գիրքին նկարազարդումը կատարած է Ճեմարանի նկարչութեան դասատու Գրիգոր Արփաճեան: Երրորդ մրցանակին արժանացաւ «Խելացի Արամիկին լուծումը» պատմուածքը` հեղինակ Հելլենա Ապուսեֆեան, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի 2016 տարեշրջանի 8-րդ դասարանէն, գիրքի նկարազարդումը կատարած է գեղանկարիչ Ժիրայր Փանոսեան: Երկրորդ մրցանքին արժանացաւ «Սպիտակ արջուկին փաթթուկը» պատմուածքը` հեղինակ Ծաւի Պիլալեան, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի 2016 տարեշրջանի 11-րդ դասարանի աշակերտ, գիրքին նկարազարդումը կատարած է երիտասարդ նկարիչ Յովիկ Գլընճիպաշեան: Առաջին մրցանակին արժանացաւ «Պահուըտած ժպիտը» պատմուածքը` հեղինակ Մանէ Պասմաճեան, Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի 2016 տարեշրջանի 11-րդ դասարանի աշակերտ, գիրքի նկարազարդումը կատարած է լիբանանահայ գեղանկարիչ Վարդան Խապայեան: Չորս գիրքերուն ալ էջադրումը կատարած է Մեղրի Շամմասեան: Իւրաքանչիւր պատմուածքէ տպագրուած է 1250 օրինակներ, որոնց մեկենասութիւնը ստանձնած են տէր եւ տիկին Յովիկ եւ Մարալ Քիւրքճեանները:

Ապա խօսք առաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան. ան մաղթեց, որ այս մրցանքին մասնակիցները հետագային հայ գրականութեան ճամբով տիրական դէմքեր դառնան հայ իրականութեան մէջ: Սրբազան հայրը յայտնեց, որ բոլորս ալ կը սգանք կորուստը մեր արժէքներուն, որոնք մեզմէ առյաւէտ կը հեռանան, «սակայն ահաւասիկ «Վահէ Սէթեան» գրատարածի եւ հրատարակչատան ճամբով առիթ կը ստեղծուի մեր բուրաստանէն ներս հաւաքելու ծաղկող արժէքները եւ զանոնք հրամցնելու մեր հաւաքականութեան»:

Սրբազանը յայտնեց, որ հայ գիրքը բոլորիս համար այն գանձատունն է, զոր պեղելով մենք կը հարստանանք բոլոր ժամանակներուն մէջ: Հայ վարժարանը, հայ ուսուցիչին ջանքերով կը յաջողի հայ աշակերտին սրտին մէջ հաստատել այն բոլոր արժէքները, որոնց վրայ կը խարսխուի մեր հաւաքական կեանքը:

Նշենք, որ դատական կազմին անդամներն էին Սօսէ Ճինպաշեան, Նորա Բարսեղեան (Լիբանանէն), Վիգէն Թիւֆենքճեան (Քանատայէն), Հրաչ Սեփեճեան (Միացեալ Նահանգներ) եւ Արքմենիկ Նիկողոսեան (Հայաստանէն), իսկ մրցանքին նախապատրաստական աշխատանքներուն իր մասնակցութիւնը բերած է Հայկազեան համալսարանի դասախօս Շաղիկ Խիւտավերտեան:

Ձեռնարկի աւարտին մրցանակակիր հեղինակները մակագրեցին իրենց գիրքերը:

 

Նախորդը

«Մհեր Ջուլհաճեան» Աշակերտական Շարադրական Մրցանք. Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Տօնին Նուիրուած Ձեռնարկ` Ազգային Միացեալ Վարժարանին Մէջ

RelatedPosts

Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք  Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր  Զայն Թիրախաւորել»
Գաղութային

Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր Զայն Թիրախաւորել»

September 17, 2026
«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.