Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Անկախութեան Տօնի Հանդիսաւոր Նշում` Այնճարի Մէջ

May 30, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 26 մայիս 2017-ին, Այնճարի մէջ տօնական մթնոլորտ տիրեց մայիս 28-ի առիթով` մասնակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մասնաճիւղի  սկաուտներուն եւ շեփորախումբին:

ՀՄԸՄ Այնճարի մասնաճիւղի սկաուտները եւ շեփորախումբը Այնճարի մէջ տողանցելէ ետք ուղղուեցան դէպի ՀՄԸՄ-ի նորակառոյց մարզադաշտը:

Ձեռնարկը սկիզբ առաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութեամբ: Բացման խօսքը արտասանեց ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղի անդամ Յովիկ Ադամեան: Ան ողջունեց ներկաները եւ ըսաւ. «Մայիս ամիսը հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ ընդհանրապէս եղած է յոյսի եւ յաղթանակի ամիս: 28 մայիս 1918-ին Հայաստանի Ա. հանրապետութեան անկախութիւնը կը հանդիսանայ յոյսի մեր երթի գլխաւոր հանգրուանը»: Ան կոչ ուղղեց ներկաներուն, որ «բոլորս ըլլանք անկախութեան զինուորներ` մեր կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ` ոչինչ ակնկալելով ուրիշէն, նախ պէտք է ըլլանք անկախ իբրեւ մարդ անհատ եւ ապա իբրեւ հայ, չխաբուինք մեզի հրամցուած ժամանակաւոր փառքերէն եւ հաճոյքներէն, գործենք անկաշառ մտածողութեամբ, որպէսզի մնանք իսկական ու հարազատ պաշտպանները վաղը ծնելիք ազատ անկախ եւ միացեալ Հայաստանի»:

Բացման խօսքէն ետք ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մասնաճիւղի սկաուտները ներկայացուցին մայիս 28-ը խորհրդանշող յատուկ կենդանի պատկեր մը, որմէ ետք օրուան պատգամը ուղղեց Յակոբ Քէշիշեան: Ան ըսաւ. «Հայոց պատմութեան մէջ անկիւնադարձային թուական մըն է ու, այդպէս պիտի մնայ 28 մայիս 1918-ն, երբ Բաշ Ապարանի, Ղարաքիլիսայի եւ Սարդարապատի հերոսական մարտերէն ետք կը կերտուէր հայ ժողովուրդի արդի պատմութեան առաջին անկախ հանրապետութիւնը: Մեծաթիւ  թշնամին կը թակէր Երեւանի դռները: Ջարդի արհաւիրքէն նոր դուրս եկած եւ «Երեւանը չենք դատարկի» երդումը տուած հայ զինուորները «Ազատութիւն կամ մահ» գոռալով օրհասական կռիւ մը կը մղէին եւ պարտութեան կը մատնէին թրքական բանակն ու թուրք խուժանը»: Քէշիշեան աւելցուց, որ  «Հայաստանի հողերուն մեծ մասը խլուած ըլլալով, հայկական առաջին հանրապետութիւնը թէեւ տարածքով փոքր էր,  սակայն դարձաւ ամուր հիմնաքարը հայութեան գոյութեան մեծ ամրոցին: Ան աւարտեց իր խօսքը նշելով. «Բիւր յարգա՛նք 1918-ի բոլոր հերոսներուն ու նահատակներուն: Փա՛ռք ու պատի՛ւ Սարդարապատ կերտած եւ հայրենիքին անկախութիւնն ու պետականութիւնը ապահոված Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան»:

Ապա ազգային եւ յեղափոխական երգերով հանդէս եկաւ Հրաչ Կայծակեան` ընկերակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանի:

 

Նախորդը

Հիւսիսային Քորէա Երկու Շաբթուան Մէջ Երրորդ Անգամ Ըլլալով Հրթիռի Փորձարկում Կատարեց

Յաջորդը

Ազրպէյճանի Մէջ Հրթիռային Եւ Հրետանային Միաւորներու Ռազմափորձեր

RelatedPosts

Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը  Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան  Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ  Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»
Գաղութային

Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»

October 3, 2026
Գրենական Պիտոյքներու Բաշխում Հայկական Տարբեր Վարժարաններու Աշակերտներուն
Գաղութային

Գրենական Պիտոյքներու Բաշխում Հայկական Տարբեր Վարժարաններու Աշակերտներուն

October 3, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոն
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոն

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.