Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Տուրքը. Ազգային Պարտականութիւն Է

Մայիս 23, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգին ամէն մէկ անհատ առ ազգը պարտաւորութիւններ ունի, ազգն ալ իր կողմէն առ ազգային ամէն մէկ անհատ պարտաւորութիւններ ունի, դարձեալ ամէն մէկ անհատ իրաւունքներ ունի ազգէն եւ ազգն անհատներէն: Ուստի ազգն ու ազգայինք փոխադարձ պարտեօք կապուած են իրարու հետ, անանկ որ մէկին պարտաւորութիւնքը միւսին իրաւունքն է:

Ազգային Սահմանադրութիւն

Ազգային տուրքը եկեղեցական եւ ազգային հաւաքական կեանքին մասնակից դառնալու խորհրդանշական եւ օգտակար պարտաւորութիւն մըն է, որ ունի թէ՛ բարոյական եւ թէ՛ նիւթական նշանակութիւն ու արժէք: Վստահաբար, Ազգային տուրքը կ՛ամրապնդէ եկեղեցի-ժողովուրդ կապուածութիւնը եւ կը շեշտէ ազգին նկատմամբ հայ անհատին ունեցած նիւթական յանձնառութիւնը:

1965-ին, Լիբանանի թեմի Ազգային իշխանութիւնները որոշեցին Ազգային տուրքի հասոյթին 80 առ հարիւրը տրամադրել Ազգային վարժարաններուն` հոգալու համար կարիքաւոր սաներու կրթաթոշակները եւ մեր վարժարաններուն ունեցած բազմատեսակ պէտքերը: Անկասկած, վերոյիշեալ թուականէն ի վեր, Ազգային տուրքի յատկացումներով, մեր ժողովուրդը իր նիւթական կարեւոր աջակցութիւնը բերաւ մեր դպրոցներուն եւ ուսման միջոցներ տրամադրեց հայ աշակերտին:

Հետեւաբար, ի մտի ունենալով Ազգային տուրքի հասոյթներով հետապնդուած նպատակներուն եւ արժէքներուն կարեւորութիւնը, Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային վարչութիւնը որոշեց վերաշխուժացնել ու վերակազմակերպել Ազգային տուրքի գանձումներու դրութիւնը` գործին տրամադրելով անհրաժեշտ մարդուժ եւ գանձումներուն համար որդեգրելով յատուկ աշխատելաոճ, որպէսզի, անտեղի կուտակումներէ խուսափելով, ամէն հայորդի կարենայ տարեկան հերթականութեամբ ազգին հանդէպ իր նիւթական պարտաւորութիւնը ամբողջացնել:

Կարիք չկայ մեր ժողովուրդին յիշեցնելու, որ Ազգային տուրքը ժողովուրդէն գանձուած եւ ժողովուրդի բարօրութեան ծառայող միջոց է: Իսկ Ազգային տուրքի ճշդուած գումարները  սերտուած եւ ուսումնասիրուած են, որպէսզի առկայ տնտեսական պայմաններուն մէջ, առանց յաւելեալ բեռնաւորուածութեան, ամէն անհատ մասնակցելու կարելիութիւն ունենայ:

Կը հաւատանք, որ մեր ժողովուրդի զաւակները, Ազգային տուրք վճարելով կը շարունակեն նեցուկ կանգնիլ ազգին, եկեղեցւոյ ու հայ դպրոցին:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

 

 

 

Նախորդը

Մամլոյ Լսարան Թիւ 128. «Պոլսահայ Կեանքին Կրթական Եւ Հրատարակչական Մարզերը» Նիւթով Զեկուցում

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Շնորհաւորէ Իրանի Վերընտրուած Նախագահ Հասան Ռուհանին

RelatedPosts

«Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Եռօրեայ Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Արդիւնաւէտ Խորհրդաժողով
Գաղութային

«Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Եռօրեայ Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Արդիւնաւէտ Խորհրդաժողով

Հոկտեմբեր 13, 2025
Առանց Սիրոյ Զգացումին Կարելի Չէ Ճանչնալ Զաստուած
Գաղութային

Մասնակից Դառնանք Հայ Դպրոցի Առաքելութիւնը Կանգուն Պահելու Նուիրական Գործին

Հոկտեմբեր 11, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան Եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան Եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն

Հոկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?