Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քուէյթի Մէջ. Պահրէյնի Թագաւորին Ներկայացուցիչը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

May 25, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քուէյթի մէջ Պահրէյնի թագաւորի անձնական ներկայացուցիչ շէյխ Խալիֆա Պըն Ահմետ Ալ Խալիֆան, վեհափառ հայրապետին Քուէյթ կատարած այցելութեան երկրորդ օրը այցելեց Արամ Ա. կաթողիկոսին` իր իջեւանած պետական հիւրանոցին մէջ: Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Քուէյթի եւ շրջակայից թեմի առաջնորդ Մասիս Ծ. վրդ. Զօպույեան, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Մեսրոպ Ծ. վրդ. Սարգիսեան եւ կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Պետրոս վրդ. Մանուէլեան:

Շէյխ Խալիֆան իր բարեմաղթութիւնները ներկայացուց վեհափառ հայրապետին` շեշտելով, որ աւելի քան երբեք կրօններու ու մշակոյթներու երկխօսութիւնը եւ գործակցութիւնը հրամայական անհրաժեշտութիւն են ամբողջ աշխարհին մէջ: Ապա Պահրէյնի թագաւորին ներկայացուցիչը Արամ Ա. կաթողիկոսը հրաւիրեց իր պալատը` ներկայ գտնուելու ի պատիւ իրեն տրուելիք ճաշկերոյթին:

Ճաշկերոյթին վեհափառ հայրապետին կ՛ընկերանային առաջնորդ հայրերը եւ Քուէյթի թեմի Ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչները. ներկայ էին նաեւ քրիստոնեայ համայնքներու հոգեւոր պետեր, պապական նուիրակը եւ շարք մը երկիրներու դեսպաններ:

Յանուն Պահրէյնի թագաւորին, ողջունելով վեհափառ հայրապետին ներկայութիւնը Քուէյթի մէջ, շէյխ Խալիֆան մէջբերումներ կատարելով հայրապետին նախապէս Պահրէյնի համագումարի ընթացքին տուած դասախօսութենէն, անգամ մը եւս վեր առաւ միջկրօնական գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը: Պատասխանելով շէյխ Խալիֆային ողջոյնի խօսքին` Արամ Ա. կաթողիկոս իր կարգին ընդգծեց երկխօսութիւնը գործակցութեամբ եւ համակեցութեամբ թարգմանելու կարեւորութիւնը` ներկայ բազմակրօն ու բազմամշակոյթ ընկերութեան մէջ: Արամ Ա. կաթողիկոս յիշեց անցեալին Պահրէյն տուած իր այցելութիւնը, միջազգային համագումարը եւ մանաւանդ համագումարին ճշդած ուղեգիծը գործընթացի վերածելու հրամայականը: Ապա տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում:

 

 

Նախորդը

«Եուրոփա Լիկ». Մանչեսթըր Եունայթըտ` Տիտղոսակիր

Յաջորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի Պէյրութ Հանդիսացաւ Լիբանանի Ախոյեան

RelatedPosts

Ակնարկ.  Իսրայէլի Թիրախափոխումները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլի Թիրախափոխումները

February 25, 2026
Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ  Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ  Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»

February 25, 2026
Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»
Գլխաւոր լուրեր

Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.