Հայաստանի հանրապետութեան Ազգային արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրապեան, այցելեց Ազդակ. տնօրէնութեան հետ կայացած շահեկան հանդիպումին ընթացքին կայացած խորհրդակցութեան հիմնական առանցքը կը վերաբերէր Ազգային արխիւին մէջ գտնուող Հայաստանի առաջին հանրապետութեան վերաբերող նիւթերուն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման 100-ամեակին առիթով նախատեսուած նոր արխիւային նիւթերու հրատարակման ծրագիրներուն։
Ամատունի Վիրապեան կ՛այցելէ Պէյրութ հրաւէրովը` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, բանախօսելու համար մայիսեան յաղթանակներուն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի կեդրոնական ձեռնարկին, որ տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի երեկոյեան, Յակոբ Տէր Մելքոնեան սրահին մէջ։



