Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կ՛այցելէ Քուէյթի Մէջ Լիբանանի Եւ Հայաստանի Դեսպանատուներ

May 24, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քուէյթ իր հովուապետական այցելութեան ծիրին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոս յաջորդաբար այցելեց Լիբանանի եւ Հայաստանի դեսպանատուները:

Քուէյթի մէջ Լիբանանի դեսպան Մահեր Խէյր լիբանանեան յատուկ հիւրասիրութեամբ եւ բացառիկ ընդունելութեամբ դիմաւորեց վեհափառ հայրապետը: Ընդունելութեան ներկայ էին նաեւ լիբանանեան համայնքի ներկայացուցիչներ, բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, հոգեւոր պետեր եւ Քուէյթի մէջ գործող շարք մը դեսպաններ:

Ճաշկերոյթի սկիզբը խօսք առնելով դեսպանը ջերմօրէն ողջունեց վեհափառ հայրապետին ներկայութիւնը լիբանանեան հողին վրայ: Այս առիթով դեսպանը անդրադարձաւ վեհափառ հայրապետի դերակատարութեան Լիբանանի ու Միջին Արեւելքի մէջ, ինչպէս նաեւ միջազգային մակարդակի վրայ` իբրեւ կրօններու միջեւ համերաշխութեան, հանդուրժողութեան ու գործակցութեան առաքեալ: Ան նաեւ շեշտեց հայ համայնքին դերակատարութեան կարեւորութիւնը Լիբանանի մէջ:

Ապա, ճաշկերոյթին մասնակից շուրջ հարիւր հրաւիրեալներու ներկայութեան խօսք առնելով անգլերէնով եւ  ֆրանսերէնով, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդգծեց Լիբանանի իւրայատուկ դիմագիծը` իբրեւ կրօններու ու մշակոյթներու միջեւ կենդանի համակեցութեան երկիր, եւ այս ծիրին մէջ բաղդատական մը ըրաւ Քուէյթի եւ Լիբանանի միջեւ` զանոնք նկատելով երկխօսութիւնը կեանքի վերածած երկիրներ: Վեհափառ հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ Լիբանանի հայ համայնքին, որ կը շարունակէ կարեւոր ներդրում բերել Լիբանանի հզօրացման ու զարգացման մէջ:

Ճաշկերոյթի աւարտին տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում:

Վեհափառ հայրապետը իրեն ընկերացող պատուիրակութեան հետ այցելեց նաեւ Հայաստանի դեսպանատուն: Քուէյթի մէջ Հայաստանի դեսպանին բացակայութեան գլխաւոր հիւպատոս Լեւոն Պետրոսեան ջերմօրէն ողջունեց վեհափառ հայրապետին այցելութիւնը Քուէյթ, եւ մանաւանդ ներկայութիւնը Հայաստանի դեսպանատան մէջ: Ան անդրադարձաւ Քուէյթի եւ Հայաստանի միջեւ տակաւ աճող յարաբերութեան, ինչպէս նաեւ սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ գործակցութեան, եւ այդ ծիրին մէջ Քուէյթի հայութեան բերած կարեւոր նպաստին:

Արամ Ա. կաթողիկոս իր կարգին ուրախութիւն յայտնեց, որ Քուէյթի մէջ հաստատուած Հայաստանի դեսպանատունը լծուած է երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական ու տնտեսական յարաբերութիւններու առաւել զարգացման ու ծաւալման: Քուէյթի իշխանին հետ ունեցած իր հանդիպումին ակնարկելով` վեհափառ հայրապետը նշեց, որ Քուէյթի հայութեան նկատմամբ յատուկ յարգանք մը ունի ան: Ապա աւելցուց, որ սփիւռքի հայութիւնը ո՛ւր որ ալ գտնուի միշտ կը մնայ հաւատարիմ այդ երկրի օրէնքներուն, մասնակից կը դառնայ այդ երկրի յառաջդիմութեան, միաժամանակ առաջնահերթութիւն կը նկատէ իր գործօն մասնակցութիւնը բերել Հայաստանի հզօրացման ու ծաղկման աշխատանքներուն: Արամ Ա. կաթողիկոս վստահեցուց, որ նոյն այս ոգիով քուէյթահայութիւնը պիտի շարունակէ իր գործօն զօրակցութիւնը Հայաստանի առաւել զարգացման:

Յայտնենք, որ թէ՛ Լիբանանի դեսպանը եւ թէ՛ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսը օդակայանէն սկսեալ ընկերացան վեհափառ հայրապետին բոլոր հանդիպումներուն ու այցելութիւններուն:

 

Նախորդը

Ինքզինք Գերազանցող Նկարչուհին. Նանոր Քիւրիւմլեան-Հաճեանի Գեղանկարչական Ցուցահանդէսին Առիթով

Յաջորդը

«Ազդակ» Կը Շնորհաւորէ «Արցախփրես» Լրատու Գործակալութիւնը` Հիմնադրութեան 3-ամեակին Առիթով

RelatedPosts

Ակնարկ.  Երկու Տարածաշրջան,  Երկու Գլխաւոր Պետութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Երկու Տարածաշրջան, Երկու Գլխաւոր Պետութիւն

January 13, 2026
Թրամփ. «Բանակը Իրանի Վերաբերեալ  Շատ Ուժեղ Ընտրանքներ Կը Սերտէ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Բանակը Իրանի Վերաբերեալ Շատ Ուժեղ Ընտրանքներ Կը Սերտէ»

January 13, 2026
Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը  Բողոքագիր Կը Յանձնէ Ռուսիոյ Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Բողոքագիր Կը Յանձնէ Ռուսիոյ Դեսպանին

January 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.