Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Մէջ Բրիտանիոյ Դեսպանատունը ՀՅԴ Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Պիտի Փոխանցէ «Լոնտոնի Առնչակից Բաժանմունքին»

August 26, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը ուրբաթ, 11 օգոստոսին Երեւանի մէջ ԵԱՀԿ-ի գրասենեակի փակման հարցով նամակներ յղեց ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին, Լիբանանի մէջ Աւստրիոյ, Եւրոպական Միութեան, Գերմանիոյ, Բրիտանիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի դեսպաններուն, ինչպէս նաեւ Դամասկոսի մէջ Շուէտի դեսպանին: Մարմինը կոչ ուղղեց միջազգային ճնշում բանեցնելու, որպէսզի Ազրպէյճան յետս կոչէ ԵԱՀԿ-ի երեւանեան գրասենեակի գործունէութեան երկարաձգման դէմ իր վեթոն: Մարմինը նաեւ ԵԱՀԿ-ին կոչ ուղղեց շարունակելու Հայաստանի Հանրապետութեան հետ իր գործակցութիւնը, եւ եթէ պէտք ըլլայ ուսումնասիրէ Հայաստանի եւ ընդհանրապէս շրջանին մէջ ներկայութիւն ապահովելու այլ միջոցներու կարելիութիւնը:

Բրիտանիոյ դեսպանատունը երէկ կապ հաստատեց ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին հետ` հաստատելով, որ ստացած է նամակը: Բրիտանական դեսպանատան քաղաքական հարցերով երկրորդ քարտուղար Նիքոլա Տի Լուցիօ յայտնեց, թէ 31 օգոստոսին նախատեսուած ԵԱՀԿ-ի երեւանեան գրասենեակի փակման հարցին վերաբերեալ Հայ դատի մարմինի նամակը պիտի փոխանցուի «Լոնտոնի մէջ գոյութիւն ունեցող առնչակից բաժանմունքին»:

Յիշեցնենք, որ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը 14 օգոստոսին նոյն հարցով պատասխան-նամակ մը ստացած էր Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպանի տեղակալ, դեսպանատան գործավար դոկտ. Միքայէլ Ռէօսէն:

 

Նախորդը

Վիգէն Աւագեան Նշանակուեցաւ Տեղեկատուութեան Եւ Հանրային Կապի Բաժանմունքի Տնօրէն

Յաջորդը

Լիբանանահայութիւնը Արեան Տուչութեամբ Կը Զօրակցի Լիբանանեան Բանակին

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.