Երկուշաբթի, 21 օգոստոս 2017-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպած մամլոյ 131-րդ լսարանը, որուն նիւթն էր «Սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.-ի կերպարը պատմագրութեան եւ ժամանակակից Թուրքիոյ մէջ»: Նիւթը ներկայացուցին դոկտ. Արա Սանճեան եւ Վարագ Գեթսեմանեան:
Լսարանին մանրամասնութիւնները կարդալ մեր վաղուան թիւով: