Գաղութային

«Ապագայ Լրագրողներ»-ը Շարունակեցին  Հետեւիլ Լրագրութեան  Վարժողական Ծրագիրին

«Ապագայ Լրագրողներ»-ը Շարունակեցին Հետեւիլ Լրագրութեան Վարժողական Ծրագիրին

«Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպած լրագրութեան վարժողական ծրագիրը շաբաթական իր հերթականութեամբ կը շարունակուի: Այս ծրագիրին հետեւող հայկական վարժարաններու միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու 12 աշակերտները հինգշաբթի, 14 սեպտեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ հետեւեցան լրագրութեան վերաբերող յատուկ դասախօսութեան: «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Ժագ Յակոբեան հանդիպեցաւ «Ապագայ լրագրողներ»-ուն հետ` անոնց ներկայացնելով ամբողջական տեղեկութիւններ լուրերու տեսակներուն, լուրերու կարեւորութեան, օգտագործուած աղբիւրներուն, ապատեղեկատուութեան ծուղակներուն, էջադրումի դասական...

Պուրճ Համուտի Ժողովուրդը Իր Հաւատարմութիւնը  Եւ Գնահատանքը Կ՛արտայայտէ Լիբանանեան Բանակին

Պուրճ Համուտի Ժողովուրդը Իր Հաւատարմութիւնը Եւ Գնահատանքը Կ՛արտայայտէ Լիբանանեան Բանակին

Արեան տուչութեան արշաւէն եւ Ազգային սուգի օրուան առիթով հայկական վաճառատուներու ու հաստատութիւններու ամբողջական փակումէն ետք, Պուրճ Համուտի հայութիւնը բանակին զօրակցութեան իբրեւ արտայայտութիւն, անոր կը նուիրէ զինուորական ռէյնճըրներ եւ թի-շըրթներ: Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ եւ Պուրճ Համուտի ժողովուրդին կողմէ, նախանցեալ օր Պաալպեքի մէջ բանակի 6-րդ վաշտին նուիրուեցաւ 300 զինուորական ռէյնճըր (Desert Ranger) եւ 500 հատ զինուորական թի-շըրթ` գնահատելու համար Լիբանանի արեւելեան...

Ափոլլոյին (Սարգիս Տուտագեան) Արձանը  Պիտի Կանգնի Պուրճ Համուտի Մէջ

Ափոլլոյին (Սարգիս Տուտագեան) Արձանը Պիտի Կանգնի Պուրճ Համուտի Մէջ

«Ազդակ»-ի 90-ամեակին առիթով «Արին» կեդրոնի վարչութիւնը գեղեցիկ գաղափարը յղացած է կեդրոնէն դէպի մայր պողոտայ նայող անկիւնին վրայ կանգնեցնել «Ազդակ»-ի ցրուիչներէն Սարգիս Տուտագեանի (ճանչցուած` Ափոլլօ) արձանը: Ափոլլոն բառացիօրէն մինչեւ իր մահը, յառաջացած տարիքին, շարունակեց ցրուել «Ազդակ»-ը` Մար Մըխայէլի իր հաւատարիմ բաժանորդներուն: Մամուլի այս գործիչներու, աշխատակիցներու խաւը, լուսարձակներէ հեռու, առաւօտեան կանուխ ժամերէն, ամէ՛ն օր, տարուան բոլոր եղանակներուն թերթը հասցուցած են հայ ընտանիքին,...

Տպաւորիչ Եւ Յատկանշական Իրագործում Նկատուող ՀՄԸՄ-ի  Այնճարի Մարզահամալիրի Եւ «Կայծակ  Ու Ծովիկ Զէյթլեան» Մարզադաշտի Հանդիսաւոր Բացում

Տպաւորիչ Եւ Յատկանշական Իրագործում Նկատուող ՀՄԸՄ-ի Այնճարի Մարզահամալիրի Եւ «Կայծակ Ու Ծովիկ Զէյթլեան» Մարզադաշտի Հանդիսաւոր Բացում

Տպաւորիչ էր տեսնել, թէ որքան տիրականութեամբ բազմած է ՀՄԸՄ-ի նոր մարզահամալիրը Այնճարի սրտին վրայ, ուրախալի ու հպարտալի էր վկայել, թէ արդիական բոլոր տուեալներով օժտուած մարզադաշտ մը ունեցաւ Այնճար հայաւանը, խորհրդաւոր էր ականատես ըլլալ այն իրողութեան, որ տարիներու երազը միս ու ոսկոր ստացած էր` շնորհիւ Այնճարի հայօրէն գոյատեւման կարեւորութեան գիտակցող ու անոր նկատմամբ խոր հաւատք ունեցող, աշխարհով մէկ տարածուած մուսալեռցիներուն նիւթական...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները երէկ` 8 սեպտեմբեր 2017-ի յետմիջօրէին, միջկուսակցական ժողով մը գումարեցին «Թէքէեան» կեդրոնին մէջ: Ժողովականները նախ յարգեցին յիշատակը լիբանանեան բանակի նահատակ զինուորներուն եւ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին երկրի գերիշխանութեան եւ ամբողջականութեան պաշտպան զինուորական հաստատութեան` ահաբեկչութեան դէմ իր պայքարին մէջ: Այս առիթով ժողովականները կոչ ուղղեցին Լիբանանի քաղաքական կողմերուն` նահատակներուն արիւնը վեր պահելու ամէն տեսակի ներքին տարակարծութիւններէ եւ շահարկումներէ: Ժողովականները...

Մհեր Ջուլհաճեանի Նահատակութեան 24-Ամեակ.  «Մի՛ Սպասէք Կանչերու, Որոշեցէք Երթալ,  Հաստատոիլ, Հիմնուիլ Հայրենիքի Մէջ»,  Երիտասարդներուն Կոչ Ուղղեց Անի Բագրատունի

Մհեր Ջուլհաճեանի Նահատակութեան 24-Ամեակ. «Մի՛ Սպասէք Կանչերու, Որոշեցէք Երթալ, Հաստատոիլ, Հիմնուիլ Հայրենիքի Մէջ», Երիտասարդներուն Կոչ Ուղղեց Անի Բագրատունի

Արցախեան ազատամարտի նուիրեալ, գաղափարապաշտ հայորդի Մհեր Ջուլհաճեանի յիշատակին առջեւ անգամ մը եւս խոնարհելու եւ անոր ուղիին նկատմամբ հաւատարմութիւնը ամրագրելու նպատակով  ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ, երէկ` ուրբաթ, 8 սեպտեմբերին ՀՅԴ «Ս. Թեհլիրեան» ակումբին դիմաց տեղի ունեցաւ անոր նահատակութեան 24-ամեակին նուիրուած ոգեկոչման ձեռնարկ: Ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Քեւըն Պոսնոյեան, որ անդրադարձաւ նահատակութեան վեհութեան`նշելով,...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ  Սուրիական Տագնապի Գծով  ՄԱԿ-ի Բանագնաց Տը Միսթուրայի Հետ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Սուրիական Տագնապի Գծով ՄԱԿ-ի Բանագնաց Տը Միսթուրայի Հետ

Հինգշաբթի, 7 սեպտեմբեր 2017-ի առաւօտուն, Ժընեւի Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կեդրոնատեղիին մէջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը հանդիպում մը ունեցաւ սուրիական տագնապի գծով ՄԱԿ-ի բանագնաց Սթեֆան Տը Միսթուրայի հետ: Վեհափառ հայրապետին կողքին հանդիպման ներկայ էին Արմենոֆասի նախագահ փրոֆ. Թենի Սիմոնեան եւ կաթողիկոսարանի տեղեկատուական գրասենեակի վարիչ Պետրոս վրդ. Մանուէլեան: Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ սուրիական տագնապի ներկայ փուլին շուրջ տեղեկութիւններու ու...

«Ազդակ»-ի Խմբագրատան Մէջ.   «Ապագայ Լրագրողներ»-ը  Հետեւեցան Առաջին Դասախօսութեան

«Ազդակ»-ի Խմբագրատան Մէջ. «Ապագայ Լրագրողներ»-ը Հետեւեցան Առաջին Դասախօսութեան

«Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպած լրագրութեան վարժողական ծրագիրը ընթացքի մէջ է: Հայկական վարժարաններու միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու աշակերտներ Կալի Աւագեան, Ռուբէն Խաչատուրեան, Հուրի Հալէպլեան, Նանար Մինասեան, Նարեկ Քէշիշեան, Գոհար Եագուպեան, Սիլվի Սէրայտարեան, Ալիսիա Իշխանեան, Լորի Գորէսեան, Նանի Գալուստեան, Արենի Խաչատուրեան եւ Քրիստ Իսկէնտէրեան, որոնք կը մասնակցին «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրին, երէկ երեկոյեան ժամը 6:30-ին «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ հետեւեցան իրենց համար կազմակերպուած առաջին դասախօսութեան:...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ժընեւի Մէջ  Հանդիպում Ունեցաւ  Միջին Արեւելեան Հարցերու  Պատասխանատու Վ. Պրուլհարթի Հետ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ժընեւի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Միջին Արեւելեան Հարցերու Պատասխանատու Վ. Պրուլհարթի Հետ

Երեքշաբթի, 6 սեպտեմբեր 2017-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Ժընեւի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Վ. Պրուլհարթի հետ: Վերջինս Միջին Արեւելքի եւ հիւսիսային Ափրիկէի պատասխանատուն էր, իսկ այժմ ան Զուիցերիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարն է եւ Միջին Արեւելքի հարցերու կարգին Սուրիոյ առնչուած հարցերու գծով կը գործակցի ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչ Տը Միսթուրայի հետ: Յայտնենք նաեւ, որ Պրուլհարթ միաժամանակ զուիցերիական կառավարութեան կողմէ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի եւ...

ՀՅԴ Միջին Արեւելքի Հայ Դատի Խորհրդաժողով.  Միջին Արեւելքի Մէջ Հայութեան  Եւ Հայ Դատին Վերաբերող Տարբեր Հարցերու  Եւ Մարտահրաւէրներու Օգտաշատ Քննարկում

ՀՅԴ Միջին Արեւելքի Հայ Դատի Խորհրդաժողով. Միջին Արեւելքի Մէջ Հայութեան Եւ Հայ Դատին Վերաբերող Տարբեր Հարցերու Եւ Մարտահրաւէրներու Օգտաշատ Քննարկում

Շաբաթ 2 եւ կիրակի 3 սեպտեմբերին  «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ  Միջին Արեւելքի Հայ դատի խորհրդաժողովը: Սոյն խորհրդաժողովը  կ՛իյնար շրջագիծին մէջ խորհրդակցական այն հանդիպումներուն, որոնք հերթաբար տեղի կ'ունենան տարածաշրջանային մակարդակի վրայ` քննարկելու համար տուեալ տարածաշրջանին մէջ Հայ դատի գրասենեակներուն ու տեղական յանձնախումբերուն կատարած աշխատանքները եւ ուղենշելու ապագայ ընելիքները: Շաբաթ առաւօտեան ժամը 9:30-ին ՀՅԴ Բիւրոյի անունով խորհրդաժողովին բացումը կատարեց ՀՅԴ...

«Նրանք Նկարում Էին Պատերազմը» Ժողովածուն  Կազմողները Այցելեցին «Ազդակ»

«Նրանք Նկարում Էին Պատերազմը» Ժողովածուն Կազմողները Այցելեցին «Ազդակ»

Երէկ յետմիջօրէին «Ազդակ»-ի հիւրերն էին «Նրանք նկարում էին պատերազմը» հրատարակութեան համահեղինակներ Ռուզան Բագրատունեան եւ Անահիտ Յարութիւնեան: Հայրենի հիւրերուն կ՛ընկերանար Զարթօնք օրաթերթի խմբագիր Սեւակ Յակոբեան: Հրատարակութիւնը կը վերաբերի արցախեան պատերազմը տեսագրած-վաւերագրած մասնագէտ նկարահանողներուն: Հրատարակութեան կ՛ընկերակցի նաեւ խտասալիկ, որ կ՛ընդգրկէ 19 վաւերագրողներու նկարահանումներէն հատուածներ: Բնականաբար նման հրատարակութիւն մը եւ անոր հետ նաեւ պատերազմի նկարահանումները ունին ժամանակակից քաղաքական նշանակութիւն, յատկապէս երբ հակառակորդը տենդագին...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

2-3 սեպտեմբեր 2017-ին‚ՀՅԴ Լիբանանի «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Միջին Արեւելքի Հայ դատի յանձնախումբերու խորհրդաժողովը, որուն ընթացքին ներկայացուեցան տարբեր շրջաններու տարած աշխատանքը‚ դիմագրաւած հարցերն ու կարիքները եւ շեշտուեցաւ աշխատանքներու այժմէականացման, առաւել թիրախաւորման ու յաւելեալ համակարգման անհրաժեշտութիւնը: Երկօրեայ խորհրդաժողովին մասնակիցները քննարկեցին Հայաստանի, Արցախի եւ ջաւախահայութեան վերաբերող քաղաքական ու քարոզչական դաշտը եւ կազմեցին աշխատանքային ծրագիր: ՀՅԴ Միջին Արեւելքի Հայ դատի յանձնախումբերը...

Միջին Արեւելքի Հայ Դատի Խորհրդաժողովին Առիթով Զեկուցական Հանդիպում`  «Հայ Դատի Մարզերը Եւ Մարտահրաւէրները» Նիւթով

Միջին Արեւելքի Հայ Դատի Խորհրդաժողովին Առիթով Զեկուցական Հանդիպում` «Հայ Դատի Մարզերը Եւ Մարտահրաւէրները» Նիւթով

Կազմակերպութեամբ Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակին եւ Լիբանանի Հայ դատի յանձնախումբին, երէկ` երկուշաբթի, 4 սեպտեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ զեկուցական հանդիպում` «Հայ դատի մարզերը եւ մարտահրաւէրները» նիւթով: Զեկուցաբերներն էին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան եւ Միջին Արեւելքի Հայ դատի յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ. Թեհրանէն` ՀՅԴ Բիւրոյի Թրքական...

Հարցազրոյց` «Հայ Դատի Գլխաւոր Մարտահրաւէրները Այսօր» Նիւթով

Հարցազրոյց` «Հայ Դատի Գլխաւոր Մարտահրաւէրները Այսօր» Նիւթով

«Վանայ ձայն»-ի, «Ազդակ»-ի եւ «Օ. Թի. Վի.»-ի հետ կատարուած միացեալ հարցազրոյցով մը, երէկ` երկուշաբթի, 4 սեպտեմբերին, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան անդրադարձաւ Հայ դատի դիմագրաւած գլխաւոր մարտահրաւէրներուն: Հարցազրոյցին սկիզբը, ան ընդանուր արժեւորումը կատարեց շաբաթավերջին «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած` Միջին Արեւելքի Հայ դատի յանձնախումբերու խորհրդաժողովին եւ հոն արծարծուած գլխաւոր նիւթերուն: Ապա, Հայ դատի...

Յայտարարութիւն

Յայտարարութիւն

Լիբանանում Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը տեղեկացնում է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի 2017 թուականի մայիսի 20-ի թիւ 412-Ա հրամանագրով ներքոյիշեալ համարների ստացագրեր ունեցողներին շնորհուել է Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն 17344, 17362, 17254, 16850, 17310, 17241, 16878, 17432, 16857, 17438, 17366, 17223, 17194, 17340, 17339, 17300, 17222, 17308, 17142, 17146, 17403, 17428, 17313, 17391, 17429, 17424, 17295, 17285, 17269, 17239, 17394, 17291, 17407, 17392,...

Դատապարտումի Հեռագիր  Ֆրանսայի Պետութեան

Ազգային Ինքնութեան Ամրապնդման Ֆոնտ 35 Դիմումի Ընդառաջում Օգոստոսին Քառամսեայ Հաշուեկշիռ` 114 Պարագայ

ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի հաստատած Ազգային ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտը օգոստոս ամսուան ընթացքին ընդառաջած է 35 դիմումի, մինչ մայիս, յունիս եւ յուլիս ամիսներուն ընթացքին ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին արժանացած է 79 պարագայ: Այսպէս, Հայ ընտանիքի կազմութեան ֆոնտէն (պսակադրութեան) դիմում կատարած են 8 զոյգեր, որոնք պայմանները լրացուցած ըլլալով արժանացած են ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին: Հայ մանուկի ֆոնտին (մկրտութեան) դիմում կատարած են 24 պարագաներ,...

«Ապագայ Լրագրողներ»-ը Ծանօթացան  «Ազդակ»-ի Բազմաշերտ Աշխատանքներուն

«Ապագայ Լրագրողներ»-ը Ծանօթացան «Ազդակ»-ի Բազմաշերտ Աշխատանքներուն

«Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպած լրագրութեան վարժողական ծրագիրը կը շարունակուի: Հայկական վարժարաններու միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու աշակերտներ Կալի Աւագեան, Ռուբէն Խաչատուրեան, Հուրի Հալէպլեան, Նանար Մինասեան, Նարեկ Քէշիշեան, Գոհար Եագուպեան, Սիլվի Սէրայտարեան, Ալիսիա Իշխանեան, Լորի Գորէսեան, Նանի Գալուստեան, Արենի Խաչատուրեան եւ Քրիստ Իսկէնտէրեան, որոնք կը մասնակցին «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրին, երէկ երեկոյեան ժամը 5:15-ին «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ ծանօթացան «Ազդակ»-ի աշխատանքներուն: Լրագրութեան վարժողական ծրագիրին գործադրութեան...

«Կարապալա»-ի Հիասքանչ Ելոյթը

«Կարապալա»-ի Հիասքանչ Ելոյթը

Եթէ Կարապալան Երեւանի Աբովեան փողոցին վրայ կանգնած ծաղիկներ կը նուիրէր անցորդներուն, Լիբանանի մէջ ալ «Կարապալա»-ն հայ եւ օտար հանդիսատեսին հայ երաժշտական արուեստի հիասքանչ պատկերներ ու խանդավառ պահիկներ նուիրեց շաբաթ, 26 օգոստոս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ` արժանանալով բոլորին ջերմ գնահատանքին: Համերգը սկսաւ «Շողոտ-շաղոտ» երգով, ապա բարի գալուստի խօսք արտասանեց Հրակ Գարագաշեան: Ան հակիրճ ձեւով ներկայացուց «Կարապալա»-ի...

Page 253 of 365 1 … 252 253 254 … 365

Արխիւներ