Կազմակերպութեամբ Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութեան, ներկայութեամբ առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանիի, նախարարութեան տնօրէն տոքթ. Ուալիտ Ամմարի, «Աքրիտիթէյշըն Քանատա» միջազգային կազմակերպութեան ներկայացուցիչ տոքթ. Ֆատի Ժարտալիի, երկուշաբթի, 14 օգոստոս 2017-ին, կէսօրուան ժամը 2:00-ին, նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ, Լիբանանի մէջ գործող ութ ոչ կառավարական առողջապահական կեդրոններ պարգեւատրուեցան իբրեւ «Առողջապահական նախնական հոգատարութիւն» մատուցող կեդրոններ, որոնց կարգին էր նաեւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը` միջազգային չափանիշներու համապատասխանող իր բարձրորակ ծառայութիւններուն համար:
Այս առիթով առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի իր խօսքին մէջ շեշտեց, թէ առողջապահական նախնական հոգատարութիւնը հիմնական բաժինն է առողջապահական համակարգին, ինչպէս նաեւ հիմնաքարն է այն բուրգին, որ կը կազմէ ամբողջական առողջապահական հոգատարութեան, հիմնական բաժինը հանդիսանալով նախարարութեան յաջորդող տասը տարիներու ռազմավարութեան:
Հանդիսութեան աւարտին` ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանիի ձեռամբ պարգեւատրուեցաւ, յաջողութեամբ աւարտելով «Աքրիտիթէյշըն Քանատա» միջազգային կազմակերպութեան ծրագիրը: