«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, թէ արձակագիր, հրապարակախօս եւ թարգմանիչ Պերճ Զէյթունցեան 21 օգոստոսին հեռացած է կեանքէն:
Պ. Զէյթունցեան ծնած է 1938-ին Աղեքսանդրիա (Եգիպտոս): Խորհրդային Հայաստանի մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ (1989) էր:
1963-ին աւարտած է Փիաթիկորսքի օտար լեզուներու ուսումնարանը: 1963-1964 թուականներուն հետեւած է Մոսկուայի բարձրագոյն բեմագրական դասընթացներուն: 1965-1968 թուականներուն եղած է «Հայֆիլմ» արուեստանոցի խմբագիրը, 1965-1975 թուականներուն` պատկերասփիւռի ժապաւէններու «Երեւան» արուեստանոցի գլխաւոր խմբագիրը, 1975-1986 թուականներուն` Հայաստանի գրողներու միութեան քարտուղարը: 1991-1992-ին եղած է Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի առաջին նախարարը: Առաջին գիրքը տպագրուած է 1956 թուականին:
Հեղինակ է 12 ներկայացումներու, որոնք բեմադրուած են Երեւանի թատրոններուն մէջ: Գիրքերը թարգմանուած են 11 լեզուներու, ներառեալ` ռուսերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն եւ արաբերէն:
Զէյթունցեան պետական մրցանակի կրկնակի դափնեկիր է, մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ, Հռոմի արուեստներու եւ հասարակական գիտութիւններու «Տիբերինա» ակադեմիայի պատուաւոր անդամ: 2007-ին Պերճ Զէյթունցեանին յանձնուած է Հայաստանեայց առաքելական Ս. եկեղեցւոյ «Ս. Սահակ – Ս. Մեսրոպ» պատուոյ բարձր շքանշանը: Ատկէ քանի մը տարի առաջ ալ արժանացած է «Հայ արուեստի ասպետ», ինչպէս նաեւ «Երեւանի պատուաւոր քաղաքացի» կոչումներուն:
2013-ին Հայաստանի վարչապետի որոշումով պարգեւատրուած է Հայաստանի վարչապետին յուշամետալով: 2016-ին Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակին առիթով, հայ գրականութեան եւ մշակոյթի զարգացման գործին մէջ ներդրած մեծ աւանդին համար պարգեւատրուած է «Պատուոյ» շքանշանով: