Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռէյիսեան. «Հալէպը Աստիճանաբար Կը Վերականգնի. Դպրոցները Վերամուտի Կը Պատրաստուին»

August 18, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ հայաշատ Հալէպ քաղաքը աստիճանաբար կը վերականգնի` անցնելով իր երբեմնի բնականոն հունին:

Ըստ «Արմէնփրես»-ի, այս մասին յայտնած է Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեան` նշելով, որ սուրիահայերը կամաց-կամաց կը վերադառնան իրենց տուները եւ կը շարունակեն զբաղիլ իրենց աշխատանքով: «Սուրիահայերը կը վերադառնան, քանի որ այստեղ ձգած են իրենց տունն ու տեղը», ըսած է ան` աւելցնելով, որ հիմնական բարդութիւնը կապուած է ժողովուրդի տնտեսական վիճակին հետ:

«Սննդամթերքի պակասի հարցեր չկան, կան միայն նիւթական դժուարութիւններ, սակայն քաղաքին մէջ կեանքը իր աշխատանքային վիճակին մէջ է: Վերականգնած է նաեւ քաղաքին ջրամատակարարումը: Յուսանք, որ յառաջիկայ օրերուն դրական տեղաշարժ ըլլայ նաեւ ելեկտրականութեան պարագային, քանի որ բաւական վերջերս ելեկտրականութիւն կ՛ունենայինք օրուան մէջ ընդամէնը երկու ժամ», ըսած է երեսփոխանը:

Ժիրայր Ռէյիսեանի համաձայն, նոր ուսումնական տարուան ընդառաջ դպրոցները նոյնպէս կը պատրաստուին վերամուտին:

Անդրադառնալով Հալէպի օդակայանին` Ռէյիսեան ըսած է, որ անիկա գրեթէ պատրաստ է, սակայն անվտանգութեան նկատառումներէն մեկնելով, տակաւին չի գործեր: «Այնտեղ թռիչքներ կ՛իրականացուին, սակայն ոչ պաշտօնական, հանրային ծառայութեան իմաստով», աւելցուցած է ան:

Նախորդը

Անյետաձգելի Օրակարգը…

Յաջորդը

Ճամբորդութիւն Դէպի Երազ

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.