Նախաձեռնութեամբ Համազգայինի «Քնար» պարախումբի վարչութեան, երէկ` հինգշաբթի, 5 ապրիլին, Հայաստանի «Մուշ» պարային համոյթը այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն եւ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի հետ:
Դեսպանը ողջունեց խումբին ներկայութիւնը Լիբանանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով եւ գնահատեց Համազգայինի «Քնար» պարախումբի վարչութեան սոյն նախաձեռնութիւնը` հաստատելով, որ Համազգայինը համահայկական այն կառոյցներէն է, որ գնահատելի ներդրում ունի հայապահպանութեան եւ հայ մշակոյթի զարգացման մէջ: Ան կարեւոր նկատեց «Քնար» պարախումբին հետ միացեալ ելոյթի կազմակերպումը, որովհետեւ երկու երկիրներ կամրջող ելոյթ է եւ կը նպաստէ Լիբանանի եւ Հայաստանի, նաեւ լիբանանահայ համայնքին եւ Հայաստանի մէջ ապրող հայութեան կապերու ամրապնդման, որովհետեւ Հայաստան միշտ իր մշակոյթով սնուցած է լիբանանահայութիւնը զանազան առումներով: Դեսպանը հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ գործող պարախումբերը կը ղեկավարուին հայաստանցի պարուսոյցներով, նաեւ Լիբանանի ֆիլհարմոնիք նուագախումբին մաս կը կազմեն 17 բարձրորակ հայաստանցի երաժիշտներ, որոնք իրենց կատարողական արուեստով կը նպաստեն Լիբանանի արուեստի այդ ոլորտի զարգացման: Դեսպանը գոհունակութիւն յայտնեց դեսպանատան մէջ խումբին ներկայութեան համար` նկատել տալով, որ անոնք Հայաստանի շունչը կը փոխանցեն, եւ իր կարօտը կը յագեցնէ անոնցմով:
Դեսպանը նաեւ յայտնեց, որ 2018-ին Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ պիտի նշենք խորհրդանշական յոբելեաններ, ինչպէս` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրման 100-ամեակը, Երեւանի հիմնադրման 2800-ամեակը եւ Հայաստանը առաջին անգամ ըլլալով պիտի հիւրընկալէ Ֆրանսախօս երկիրներու ժողովը, որ տեղի պիտի ունենայ հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին: Ան անդրադարձաւ զոյգ յոբելեաններու կարեւորութեան` հաստատելով, որ առաջինը կարեւոր է, որովհետեւ հայոց պետականութեան բազմադարեայ պատմութեան մէջ երկար ընդմիջումէ ետք վերջապէս մայիս 1918-ին մեր պետականութիւնը վերականգնեցաւ, եւ նոր էջ մը բացուեցաւ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ, իսկ երկրորդը կարեւոր է, որովհետեւ հայ ժողովուրդը Երեւանի մէջ ապրած է հազարամեակներ եւ մեզի ժառանգ ձգած է իր հարուստ մշակոյթը, որ հիմք հանդիսացած է հայ ժողովուրդի գոյատեւման եւ արժէքներու ու ժառանգութեան պահպանման:
Եզրափակելով իր խօսքը` դեսպան Մկրտչեան յոյս յայտնեց, որ վերոյիշեալ նախաձեռնութիւնները յաջողութեամբ պսակուին, որովհետեւ անոնք ո՛չ միայն պիտի բարձրացնեն Հայաստանի վարկը եւ հեղինակութիւնը, այլեւ` պիտի նպաստեն մեր հարուստ ժառանգութեան պահպանման եւ համայն աշխարհի մէջ հայկականութեան ներկայացման:
Նշենք, որ Համազգայինի «Քնար» պարախումբի եւ Հայաստանի «Մուշ» պարային համոյթի միացեալ առաջին ելոյթը տեղի պիտի ունենայ այսօր` ուրբաթ, 6 ապրիլի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Սին Էլ Ֆիլի «Իվուար» թատերասրահին մէջ, իսկ երկրորդ ելոյթը` կիրակի, 8 ապրիլի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, նոյն վայրին մէջ:
Տոմսերը կարելի է ստանալ Համազգայինի գրախանութէն, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնէն եւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին, գրատուն «Անթուան»-ի բոլոր մասնաճիւղերէն եւ ելոյթներու օրերը` կիշէէն: