Գաղութային

Տասը Կուսանաց Յիշատակի Ժամերգութիւն`  Անթիլիասի Մայր Տաճարին Մէջ

Տասը Կուսանաց Յիշատակի Ժամերգութիւն` Անթիլիասի Մայր Տաճարին Մէջ

Աւագ երեքշաբթի, 27 մարտ 2018-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Աւագ շաբթուան խորհրդալից արարողութիւններուն առաջինը` Տասը կոյսերու յիշատակի ժամերգութիւնը, որ նուիրուած է Յիսուսի երկրորդ գալուստի խորհուրդին: Աւետարանի ընթերցումէն ետք հինգ հայ աղջիկներ, որոնց վիճակուած էր «իմաստուն» գրութիւնը, վառ պահեցին իրենց մոմերը, իսկ միւս հինգը, որոնց վիճակուած էր «յիմար» գրութիւնը, մարեցին զանոնք` խորհրդանշելով մարդկային ընկերութեան երկու...

Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան»  Երաժշտական Քոլեճի 35-Ամեակ.  Դաշնակահար Մարի Աւետիս Եսայեանի  Կատարողութեամբ Երաժշտական Երեկոյ  Եւ «Որոնում» Խտասալիկի Գինեձօն

Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտական Քոլեճի 35-Ամեակ. Դաշնակահար Մարի Աւետիս Եսայեանի Կատարողութեամբ Երաժշտական Երեկոյ Եւ «Որոնում» Խտասալիկի Գինեձօն

  Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի 35-ամեակին առիթով երէկ` երկուշաբթի, 26 մարտի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երաժշտական երեկոյ` կատարողութեամբ դաշնակահար Մարի Աւետիս Եսայեանի, ինչպէս նաեւ անոր խտասալիկին գինեձօնը: Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի տնօրէն Վահրամ Էմմիեան իր ելոյթին մէջ նկատել տուաւ, որ 2018-ի ընթացքին շարք մը ձեռնարկներու ճամբով պիտի...

Հայաստանի Հանրապետութեան  (1918-1921) Մամուլի Թուայնացուած  Օրինակները` Մայիսին

Հայաստանի Հանրապետութեան (1918-1921) Մամուլի Թուայնացուած Օրինակները` Մայիսին

Օրին յայտնած էինք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով, «Ազդակ» պիտի թուայնացնէ 1918-1921-ին հայաշխարհի տարբեր ոստաններու մէջ լոյս տեսած հայերէն մամուլի որոշ կարեւոր հաւաքածոներ. աւելի ճշգրիտ` այդ հաւաքածոներուն այն թիւերը, որոնք կը գտնուին Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային գրադարանի մամուլի արխիւին մէջ: Այդ մամուլին կարահանուած ելեկտրոնային օրինակները «Ազդակ»-ի «Ժ. Պուտագեան» կեդրոնին մէջ կը գտնուին թուայնացման վերջին փուլին մէջ` որոնման համակարգի տեղադրման իմաստով: Մայիսին...

Ծաղկազարդը` Անթիլիասի Ս. Գրիգոր  Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին Մէջ.  Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Հայ Ընտանիքը Առանցքային  Դեր Ունի Հայ Մանուկը Հոգեւոր, Ազգային  Ու Բարոյական Արժէքներով Դաստիարակելու Մէջ»

Ծաղկազարդը` Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին Մէջ. Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Հայ Ընտանիքը Առանցքային Դեր Ունի Հայ Մանուկը Հոգեւոր, Ազգային Ու Բարոյական Արժէքներով Դաստիարակելու Մէջ»

Անթիլիասի մայրավանքը կիրակի, 25 մարտ 2018-ին, իր շրջափակին մէջ ընդունեց հազարաւոր հայ ընտանիքներ, որոնք եկած էին տօնելու Յիսուս Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ եւ վերանորոգուելու տօնին պատգամով: Այս առիթով, մայր տաճարին մէջ Ս. եւ անմահ պատարագ մատուցեց Նարեկ արք. Ալեէմէզեան: Մանուկներու թափօրի աւարտին Արամ Ա. կաթողիկոս իր հայրապետական պատգամը տուաւ վեհարանի պատշգամէն: Վեհափառ հայրապետը ողջունելէ ետք ներկայ հաւատաւոր ժողովուրդը, բարձր գնահատեց...

Երաժշտական Բարձր Մակարդակի Ձեռնարկով  Ազգային Միացեալ Վարժարանի  «Ժիրայր Եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» Սրահի Բացում

Երաժշտական Բարձր Մակարդակի Ձեռնարկով Ազգային Միացեալ Վարժարանի «Ժիրայր Եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» Սրահի Բացում

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ նախագահութեամբ Ցոլինէ Խաչատուրեանի, երէկ` կիրակի, 25 մարտի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգային միացեալ վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային վարժարաններու շրջանաւարտներու կատարողութեամբ երաժշտական բարձր մակարդակի երեկոյ մը, որ նաեւ սրահին մէջ կազմակերպուած անդրանիկ ձեռնարկն էր: Ազգային միացեալ վարժարանի կրթական համակարգող Գրիգոր Էքմեքճեան իր բարի գալուստի խօսքին մէջ նկատել...

Ծաղկազարդի Տօնին Առիթով.  Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեան  Ս. Պատարագ Մատուցեց Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Ծաղկազարդի Տօնին Առիթով. Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեան Ս. Պատարագ Մատուցեց Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Երէկ` կիրակի, 25 մարտ 2018-ին,  հայ եկեղեցին հանդիսաւորապէս նշեց Մեծ պահքի վերջին կիրակիին զուգադիպող Ծաղկազարդի տօնը: Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Յաւարտ Ս. պատարագի յաւուր պատշաճի քարոզեց առաջնորդ սրբազան հայրը: Ան իր քարոզը սկսաւ մէջբերելով Մատթէոսի աւետարանէն հետեւեալ համարը. «Օրհնեալ է ան, որ կու գայ Տիրոջ անունով,...

Հայաստանի Հանրապետութեան 100-Ամեակի  Նուիրուած Համաժողովը Հասաւ Իր Աւարտին.  «Երուանդ Փամպուքեան Եւ Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան  Սփիւռքի Մէջ Իրենց Խօսքով Ու Գործով Ազատ  Ու Անկախ Հայաստանի Առաքեալները Դարձան»  Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մայրավանքի վեհարանի դահլիճին մէջ 21 մարտ 2018-ին ընթացք առած Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած համահայկական համաժողովը երէկ` 23 մարտին աւարտեց իր աշխատանքները: Ընդամէնը տասը նիստերէ բաղկացած համաժողովին վերջին չորս նիստերը քննեցին 1918 թուականէն 1991 թուականներուն ընթացքին տեղի ունեցած իրադարձութիւնները, ինչպէս` Ղարաբաղի Ազրպէյճանին յանձնումը, 1960-70-ական թուականներուն Հայաստանի այլախոհական շարժումները եւ խորհրդային կարգերուն ներքեւ անկախութեան գաղափարի պահպանումը (զեկուցաբերներ` դոկտ....

Մանուկներու Օրուան Նշում` Անոնց  Իրաւունքները Յարգելու Կոչով

Մանուկներու Օրուան Նշում` Անոնց Իրաւունքները Յարգելու Կոչով

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան Քարոզչական յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած Մանուկներու միջազգային օրուան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 22 մարտ 2018-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ` ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, Լիբանանի Մանուկներու ազգային մարմինի նախագահ դոկտ. Նուր Սալմանի եւ հայկական վարժարաններու աշակերտութեան ու անոնց ընկերակցող ուսուցիչներուն: Լիբանանի, Հայաստանի եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքը կատարեցին...

Երաժշտական Երեկոյ`  Ազգային Միացեալ Վարժարանին Մէջ

Երաժշտական Երեկոյ` Ազգային Միացեալ Վարժարանին Մէջ

Կիրակի, 25 մարտ 2018-ին, Ազգային միացեալ վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ երաժշտական երեկոյ` կազմակերպութեամբ Ազգային միացեալ վարժարանին, հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին եւ նախագահութեամբ Ցոլինէ Խաչատուրեանին: Պէտք է նշել, որ երաժշտական երեկոն անդրանիկ ձեռնարկն է «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին: Այս ձեռնարկին պիտի մասնակցին` մայեսթրօ Զաքար Քէշիշեանը, Նայիրի Ղազարեանը, Մարիա Եսայեանը, Թամար...

Լիբանանահայ Բժշկական Միութիւն.  Դասախօսութիւն` Հայկական Բժշկական  Միջազգային Ընկերակցութեան Պատմութեան Մասին

Լիբանանահայ Բժշկական Միութիւն. Դասախօսութիւն` Հայկական Բժշկական Միջազգային Ընկերակցութեան Պատմութեան Մասին

Հինգշաբթի, 22 մարտի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Լիբանանահայ բժշկական միութեան տան մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ` նուիրուած միութեան եւ Հայկական բժշկական միջազգային ընկերակցութեան պատմութեան: Ձեռնարկին բացման խօսքը կատարեց Լիբանանահայ բժշկական միութեան ատենապետ տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան, որ ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց օրուան դասախօս տոքթ. Վարդան Թաշճեանի կենսագրութիւնը եւ Լիբանանահայ բժշկական միութեան գործունէութեան ու Հայկական բժշկական միջազգային ընկերակցութեան մէջ անոր ունեցած ներդրումը: Տոքթ....

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Յայտարարեց  Իր Թեկնածուները «Միասնաբար` Ամբողջ  Լիբանանի Համար» Կարգախօսին Լոյսին Տակ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Յայտարարեց Իր Թեկնածուները «Միասնաբար` Ամբողջ Լիբանանի Համար» Կարգախօսին Լոյսին Տակ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին հրաւէրով երէկ կէսօրէ ետք ժամը 2:30-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին յայտարարուեցան ՀՅԴ-ի թեկնածուները, որոնք պիտի մասնակցին 2018-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն: ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն յայտարարեց Մեթնի եւ Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանի իր թեկնածուները` աւելցնելով, որ Զահլէի թեկնածուին պարագան տակաւին քննարկելի է: Թեկնածուներու յայտարարութեան կողքին ներկայացուեցաւ նաեւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան նախընտրական ծրագիրը`...

Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին  Նուիրուած Համահայկական  Համաժողովը Կը Շարունակէ Իր Նիստերը

Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին Նուիրուած Համահայկական Համաժողովը Կը Շարունակէ Իր Նիստերը

Կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, հովանաւորութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանին, նախագահութեամբ փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի, փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեանի եւ Երուանդ Փամպուքեանի, Անթիլիասի մայրավանքի վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի կ՛ունենայ եռօրեայ համաժողով` նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին: Դահլիճին մէջ համախմբուած ակադեմիկոսներն ու պատմաբանները, ինչպէս նաեւ պետական ու հասարակական գործիչները ցարդ գումարած են 6 նիստեր, որոնք կ՛անդրադառնան Հայաստանի Ա....

Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան  100-ամեակի Համահայկական Համաժողովին  Բացումը Կատարուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան 100-ամեակի Համահայկական Համաժողովին Բացումը Կատարուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Չորեքշաբթի, 21 մարտ 2018-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ ընթացք առաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կազմակերպած Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի եռօրեայ համաժողովը: Համաժողովը կը հովանաւորէ Արամ Ա. կաթողիկոս` ներկայութեամբ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի: Համաժողովը կը վարեն նախագահներ փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան, փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան եւ Երուանդ Փամպուքեան: Համաժողովին կը մասնակցին Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի զանազան շրջաններէն Անթիլիաս եկած պետական դէմքեր,...

Հայաստանի Հանրապետութեան 100-Ամեակի  Յուշակոթողի Բացում Անթիլիասի  Մայրավանքին Մէջ

Հայաստանի Հանրապետութեան 100-Ամեակի Յուշակոթողի Բացում Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

«Այս Յուշակոթողը Անլռելի Զանգակատուն Է` Մեր Հայրենիքին Ու Արցախին Անկախութիւնը, Մեր Ժողովուրդին Ազատութիւնը Աւետող» Հաստատեց Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ ներկայութեամբ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի, երէկ` չորեքշաբթի, 21 մարտի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի յուշակոթողի պաշտօնական բացումը: Արամ Ա. կաթողիկոսն ու նախագահ Սահակեանը նախ ծաղիկներ զետեղեցին...

Հայաստանի Հանրապետութեան  Դեսպանատան Մէջ.  Նախագահ Բակօ Սահակեան Հանդիպում Ունեցաւ  ՀՅԴ Պատուիրակութեան Հետ.  Պատմաբան Երուանդ Փամպուքեան  Պարգեւատրուեցաւ «Մխիթար Գոշ» Մետալով

Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատան Մէջ. Նախագահ Բակօ Սահակեան Հանդիպում Ունեցաւ ՀՅԴ Պատուիրակութեան Հետ. Պատմաբան Երուանդ Փամպուքեան Պարգեւատրուեցաւ «Մխիթար Գոշ» Մետալով

Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ղեկավար կազմերուն հետ ունեցած հանդիպումներուն ծիրին մէջ, երէկ` չորեքշաբթի, 21 մարտի յետմիջօրէի ժամը 2:30-ին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութեան հետ: Արցախի Հանրապետութեան նախագահին կ՛ընկերակցէին Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան, Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ...

Արցախ Ռուց Ինվեսթմընցի  Հանդիպում-Ընդունելութեան  Արցախի Նախագահ Բակօ Սահակեան Մեկնարկը  Տուաւ «Արցախ 2028» Խորհրդաժողովին

Արցախ Ռուց Ինվեսթմընցի Հանդիպում-Ընդունելութեան Արցախի Նախագահ Բակօ Սահակեան Մեկնարկը Տուաւ «Արցախ 2028» Խորհրդաժողովին

Արցախ ռուց ինվեսթմընցի (ԱՌԻ) կազմակերպութեամբ, երէկ` չորեքշաբթի, 21 մարտի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ազգային միացեալ վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում-ընդունելութիւն` ի պատիւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանին եւ ներկայութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին: Այս հանդիպումին ընթացքին նախագահ Սահակեան մեկնարկը տուաւ «Արցախ 2028» խորհրդաժողովին, որուն առնչուող հեռանկար ու պատկերացում կազմելու նպատակով այս տարուան աշնան Ստեփանակերտի մէջ պիտի գումարուի խորհրդաժողով...

Երեւանի Հիմնադրութեան 2800-ամեակին  Եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան  100-Ամեակի Յոբելեաններուն Առիթով.  «Երեւանը Երեք Հանրապետութիւնների  Մայրաքաղաք» Խորագիրով Ցուցահանդէս

Երեւանի Հիմնադրութեան 2800-ամեակին Եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-Ամեակի Յոբելեաններուն Առիթով. «Երեւանը Երեք Հանրապետութիւնների Մայրաքաղաք» Խորագիրով Ցուցահանդէս

Երեքշաբթի, 20 մարտ 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, կազմակերպութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան եւ Երեւանի պետական թանգարանին, համագործակցութեամբ Երեւանի քաղաքապետարանին եւ Էրեբունի պատմահնագիտական արգելոց-թանգարանին, «Երեւանը երեք հանրապետութիւնների մայրաքաղաք» խորագիրով ցուցահանդէս մը կայացաւ Հայաստանի դեսպանատան մէջ Երեւանի հիմնադրութեան 2800-ամեակի եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակի զոյգ յոբելեաններու առիթով: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան: Ան յայտնեց, որ...

ԿՈՉ

ԿՈՉ

Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ ներկայութեամբ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի, չորեքշաբթի, 21 մարտ 2018-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակին մէջ տեղի պիտի ունենայ պաշտօնական բացում Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի յուշակոթողին: 28 մայիս 1918-ի պատմադրոշմ ու հայրենակերտ նուիրագործումը համահայկական տարողութեամբ եւ համազգային հնչեղութեամբ կը նշուի այս տարի: Հայրենի պետութիւնը այս առիթով կազմակերպած...

Լիբանանի Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն  Վերաբերեալ Լուսաբանական  Հանդիպումներ` Ֆրանսայի Մէջ

Լիբանանի Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ Լուսաբանական Հանդիպումներ` Ֆրանսայի Մէջ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Մելիք Գարագաւորեան կը գտնուի Ֆրանսա` առ ի պատրաստութիւն Լիբանանի յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն Ֆրանսա ապրող լիբանանահայութիւնը զօրաշարժի ենթարկելուն, բացատրելով ընտրական նոր օրէնքի ստեղծման հոլովոյթն ու պայմանները: Ֆրանսայի տարբեր քաղաքներ Գարագաւորեանի այցելութիւնը սկսաւ Փարիզի Ալֆորվիլ հայահոծ շրջանի Հայ մշակոյթի տան սրահէն, ուր ան նշեց ներկայ ընտրական օրէնքի արդար դրոյթները եւ մանրամասնութիւնները: Մելիք Գարագաւորեան կարեւոր նկատեց այս ընտրութիւնները,...

Page 235 of 365 1 … 234 235 236 … 365

Արխիւներ