Հովանաւորութեամբ «Արմենիա» Էյր Քոմփանի»-ի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Քնար» պարախումբի վարչութեան, Համազգայինի 90-ամեակին առիթով Հայաստանի «Մուշ» պարային համոյթը եւ Համազգայինի «Քնար» պարախումբը պիտի ունենան միացեալ ելոյթներ:
Պարուսոյցներ Արթիւր Յակոբեանի եւ Ժաքլին ու Կարէն Մակինեաններու ղեկավարութեամբ, աւելի քան 50 արհեստավարժ պարողներու մասնակցութեամբ տեղի կ՛ունենան ուրբաթ, 6 եւ կիրակի, 8 ապրիլ 2018-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Իվուար» թատերասրահին մէջ, Սին էլ Ֆիլ:
Տոմսերը կը վաճառուին Համազգայինի գրախանութ, Համազգայինի «Լ. Շանթ» եւ «Աղբալեան» կեդրոններ, գրատուն «Անթուան»-ի բոլոր մասնաճիւղերը եւ ելոյթի օրը` կիշէէն:
Նշենք, որ Հայաստանի «Մուշ» պարային համոյթի անդամները արդէն հասած են Լիբանան: