Երկուշաբթի, 2 ապրիլին, Լիբանանի «Մոնրօ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ Ուղղափառութեան միջխորհրդարանական վեհաժողովը, որուն մասնակցող 8 հոգինոց սուրիական պատուիրակութեան մաս կը կազմէր սուրիահայութիւնը ներկայացնող երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեան:
Առաջին նիստին, որուն կը մասնակցէին կազմակերպութեան վարչութեան եւ յանձնախումբերու նախագահներն ու զեկուցաբերները, նիւթը կը կեդրոնանար Թուրքիոյ շրջանային քաղաքականութեան եւ գործադրած միջամտութիւններուն վրայ:
Զեկուցաբերները անդրադարձան յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ Թուրքիոյ կողմէ կատարուած զինուորական միջամտութիւններուն` բուռն քննադատութեան ենթարկելով վերջին շրջանին Աֆրինի մէջ Թուրքիոյ զինուորական ներխուժումը:
Անոնք պահանջ ներկայացուցին, որ 4 ապրիլին տեղի ունենալիք ժողովի փակման յայտարարութեան մէջ յստակօրէն դատապարտուի Թուրքիոյ յարձակողապաշտութիւնը:
Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեան խօսք առնելով ընդգծեց, որ Թուրքիոյ վարած քաղաքականութիւնը հակաքրիստոնէական ըլլալէ անդին նաեւ հակամարդկային է` թուելով Սուրիոյ արդիւնաբերական, շինարարական եւ ենթակառուցուածքներու քանդումին պատճառները, որոնք թէ՛ ուղղակի եւ թէ՛ անուղղակիօրէն կատարուած են Թուրքիոյ կողմէ` 100 երկիրներէ աւելի եկած ահաբեկչական խմբաւորումներու անդամները զինելով, ապաստան եւ նիւթական միջոցներ տրամադրելով անոնց, այս բոլորը ծառայեցնելով Սուրիոյ կործանումին, եկեղեցական-կրօնական եւ մշակութային քանդումին, նշելով, Հալէպի մէջ գտնուող իսլամական ձեռագիրներու ոչնչացման օրինակը, որուն պատճառը Թուրքիան եղած է:
Նշենք, որ զանազան երկիրներու երեսփոխաններ նոյնպէս խօսքեր առին եւ անդրադարձան «թրքական երեւոյթ»-ին:
«Ազդակ» նշեալ ժողովին յաւելեալ մանրամասնութիւններով պիտի անդրադառնայ հետագային: