ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի հաստատած Ազգային ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտը փետրուար եւ մարտ 2018 ամիսներու ընթացքին ընդառաջած է 13 դիմումի, մինչ մայիս, յունիս, յուլիս, օգոստոս, սեպտեմբեր, հոկտեմբեր, նոյեմբեր, դեկտեմբեր եւ յունուար ամիսներու ընթացքին ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին արժանացած է 172 պարագայ:
Նկատի առնելով, որ Պահքի շրջանին կարելի չէ պսակադրութիւն կատարել, Հայ ընտանիքի կազմութեան ֆոնտին (պսակադրութեան) դիմում կատարած է միայն 2 զոյգ, որ պայմանները լրացուցած ըլլալով արժանացած է ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին:
Հայ մանուկի ֆոնտին (մկրտութեան) դիմում կատարած են 10 պարագաներ, որոնցմէ 9-ը արժանացած են ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին:
Ընտանիքի բազմացման ֆոնտէն (3-րդ երեխայ եւ աւելի) օգտուած է 2 նորածին, 2 հազար ամ. տոլար իւրաքանչիւրը:
Այս ձեւով մայիս 2017-էն մինչեւ մարտ 2018 երկարող 11 ամիսներուն Ազգային ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտի յատկացումին արժանացած են 185 հայեր:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ