Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս, Թէոդորոս Բ. Եւ Մար Աֆրամ Բ. Պատրիարքները Հանդիպում Մը Ունեցան Աթշանէի Մէջ

June 25, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

21-22 յունիս 2018-ին, Աթշանէի ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ վանքին մէջ տեղի ունեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Թէոդորոս Բ. եւ Մար Աֆրամ Բ. պատրիարքներուն միջեւ հանդիպում մը` խորհրդակցելու հայ, ղպտի եւ ասորի եկեղեցիներուն առնչուած հարցերու ու մարտահրաւէրներու մասին, յատկապէս Միջին Արեւելքի ծիրին մէջ:

Երեք եկեղեցիներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող գործակցական կառոյցը հիմնուած է 1997 թուականին` Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, ասորի Զաքքա եւ ղպտի Շնուտա պատրիարքներուն միացեալ ճիգերով: Կառոյցին նպատակն է ընդհանրապէս յիշեալ երեք եկեղեցիներուն եւ մասնաւորաբար Միջին Արեւելքի մէջ անոնց համայնքներուն առնչուած նիւթեր քննարկել եւ միացեալ լուծումներ որոնել` շեշտը դնելով միշտ գործակցութեան վրայ: Երեք հոգեւոր պետերը նաեւ նշանակած էին Գործադիր վարչութիւն մը` յարակից ենթայանձնախումբերով, երեք եկեղեցիներուն միջեւ աստուածաբանական ուսմանց, քրիստոնէական դաստիարակութեան, հրատարակչութեան, երիտասարդութեան, տեղեկատուութեան եւ այլ յարակից մարզերու մէջ գործակցութիւնը աւելի ծաւալելու հեռանկարով: Վերոյիշեալ Գործադիր վարչութեան անդամներն են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ներկայացնող Սեպուհ արք. Սարգիսեան եւ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան:

Աթշանէի մէջ տեղի ունեցած երեք հոգեւոր պետերու հանդիպումէն առաջ, Գործադիր վարչութիւնը աշխատանքային հանդիպում մը ունեցաւ եւ ապա իր զեկուցումը ներկայացուց հոգեւոր պետերուն: Զեկուցումը ներառած էր ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի հետ աղերս ունեցող հարցեր, ինչպէս նաեւ միջեկեղեցական շարք մը աշխատանքներ ու ծրագիրներ: Երեք հոգեւոր պետերը, քննարկելէ ետք իրենց ներկայացուած զեկուցումը միացեալ յայտարարութիւն մը կատարեցին, ուր յատուկ կերպով շեշտուեցաւ Միջին Արեւելքին կառչած մնալու եւ միջեկեղեցական գործակցութեամբ իրենց դաւանական միութիւնը գործնապէս արտայայտելու հրամայականը:

Ժողովական աշխատանքներուն առընթեր, հոգեւոր պետերը մասնակից դարձան ասորի վանքին մէջ նորակառոյց եկեղեցւոյ օծման, ինչպէս նաեւ սուրբ եւ անմահ պատարագին: Ապա անոնք այցելեցին Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանք եւ Ցեղասպանութեան յուշարձան, որմէ ետք հիւրասիրուեցան վեհափառ հայրապետին կողմէ: Նոյն երեկոյեան անոնք այցելեցին նաեւ Անտիոքի ուղղափառ պատրիարք Եազիճիին:

Նախորդը

Լրագրութեան Վարժողական Ծրագիր (22). Սալբի Պուլղուրճեան – Սիմիթեան «Ապագայ Լրագրողներ»-ուն Ներկայացուց Լրագրութեան Մէջ Բարոյագիտութիւնը

Յաջորդը

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութեան. «Նօ Քալչըր Լեֆթ Պիհայնտ» Թեմայով Միօրեայ Խոստմնալից Ձեռնարկ

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.