Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Գայեանէ» Պարի Դպրոցը Հանդէս Եկաւ «Սարդարապատ» Ելոյթով

Յունիս 26, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան, երէկ` երկուշաբթի, 25 յունիսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Էմիլ Լահուտ» սրահին մէջ «Գայեանէ» պարի դպրոցը` մասնակցութեամբ պալէի բաժինին, հանդէս եկաւ «Սարդարապատ» ելոյթով (պարուսոյց եւ գեղարուեստական ղեկավարներ` Կարէն եւ Ժաքլին Մակինեան ամոլը):

2018 տարին կը զուգադիպի քանի մը ամեակներու. 100-ամեակ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան, 90-ամեակ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան, 35-ամեակ Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնին, որ շուտով համալրուեցաւ գեղարուեստի չորս դպրոցներով, որոնցմէ «Գայեանէ» պարի դպրոցը տարուէ-տարի յառաջդիմելով, ներկայիս ունի երկու տասնեակի հասնող բազմանդամ խումբեր, անշուշտ բաժնուած տարիքային առումով: «Գայեանէ» պարի դպրոցը անցնող հինգ տարիներուն ունեցաւ պալէի բաժին մըն ալ, որ այսօր կը հաշուէ 75 աշակերտ:

Յայտագիրի առաջին բաժինով ներկայացուեցան ժողովրդական պարեր, «Սասնայ պար», «Քայլ առ քայլ», «Աւարայր» պարերը, իսկ պալէի բաժինով ներկայացուեցան «Կարապի լիճ», «Պզտիկ կարապներու պար», «Թռչուններու պար», «Լուսաբաց», «Արձաններ», «Քայլարշաւ», «Նոքթիւրն», «Ովկիանոսի», մարգարիտներու պար», «Ֆրանսական Փոլկա», «Վալս», «Կապոյտ Տանիւպ» պարերը: Յայտագիրի առաջին բաժինը աւարտեցաւ «Փոլոնեզ Եուճին Օնեկին» պարով:

Յայտագիրի երկրորդ բաժինը Սարդարապատի ճակատամարտի պարային բեմականացումն էր: Տեսարանը կը սկսի հին հայկական գիւղերէն մէկուն մէջ, ուր սիրահարուած զոյգ մը արտին մէջ լուսաբացը կը դիմաւորէ եւ կը խոստանայ յաւերժ սիրել զիրար: Անոնց մտայնութիւնը կը խանգարեն հնձուորները, որոնք կու գան ցորենը հնձելու: Այդ ժամանակ գիւղի կիները կը հաւաքեն խաղողը, երիտասարդ աղջիկները կուժերով կ՛երթան աղբիւր, երեխաները զբաղած են իրենց մանկական խաղերով, եւ գիւղը կ՛ապրի իր առօրեայ խաղաղ եւ հանդարտ կեանքը:

Որոշ ժամանակ ետք, սիրահարուած զոյգը կ՛ամուսնանայ, եւ  ամբողջ գիւղը կը տօնէ հարսանիքը: Տօնակատարութեան ընթացքին ահազանգ կու գայ, որ թուրքերը կը տեղահանեն հայերը իրենց գիւղերէն, իսկ տղամարդիկ կը պատրաստուին մարտնչելու: Փեսան հրաժեշտ տալով հարսին կը միանայ տղամարդոց մեծ փաղանգին եւ կ՛երթայ պատերազմելու: Կը հասնի Մեծ եղեռնը, ջարդը, ողբը, պատերազմ, մահ, եւ ժողովուրդը կը բռնէ աքսորի ճամբան: Աւարտին այդ բոլորը կը պսակուի յաղթանակով եւ վերջ կը գտնէ «Սարդարապատ» յաղթերգով:

Արդարեւ, աւելի քան 300 աշակերտներ մօտաւորապէս երկու ժամ տեւողութեամբ իրենց պարային ներկայացումներով կրցան արժանանալ հանդիսատեսի քաջալերանքին եւ բարձր գնահատանքին: Կ՛արժէ ըսել, որ Կարէն եւ Ժաքլին Մակինեան ամոլը ջանք չէին խնայած իրենց մասնագիտական բարձր պատրաստութեամբ եւ մանկավարժական մօտեցումով մարզելու աշակերտները:

Յայտնենք, որ այսօր եւս ելոյթ պիտի ունենայ «Գայեանէ» պարի դպրոցը` նոյն վայրին մէջ:

 

Նախորդը

Սփիւռքի Նախարարութեան Աշխատակիցներուն Այցելութիւնը «Ազդակ»

Յաջորդը

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան. ԼՕԽ-ի Պարտէզ-Գրադարանի Բացում

RelatedPosts

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում
Գաղութային

«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում

Հոկտեմբեր 25, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?