Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Տաւիղ» Նուագախումբին Տարեկան Ելոյթը

June 18, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան, կազմակերպութեամբ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին, երէկ` կիրակի, 17 յունիս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ ելոյթ ունեցաւ «Տաւիղ» նուագախումբը, գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար Մկրտիչ Միքայէլեան:

Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Յակոբ Հանտեան իր բացման խօսքին մէջ նկատել տուաւ, որ 35 տարի առաջ Համազգայինը հիմը դրաւ «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնին եւ ստեղծեց «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցը, որուն յարկին տակ սորվեցան եւ տակաւին կը սորվին հայ թէ օտար աշակերտներ, որոնցմէ ոմանք արդէն նուաճած են արուեստի համաշխարհային բեմեր` աւելցնելով, որ սոյն կեդրոնին զուգահեռ կը գործէ նաեւ այլ կեդրոն մը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ, նաեւ երաժշտանոցը կը վայելէ Հայաստանի «Կոմիտաս»-ի անուան պետական բարձրագոյն երաժշտանոցին հովանաւորութիւնը յատուկ համաձայնագիրով, որուն համաձայն երաժշտանոցի աւարտական աշակերտները կ՛ընդունուին Հայաստան, իբրեւ երկրորդ տարուան համալսարանական ուսանող: «Եթէ կ՛ուզենք ունենալ առողջ ընկերութիւն եւ իրենց նմանները սիրող անձեր, մեզի անհրաժեշտ են երաժշտագէտներ եւ երաժշտասէրներ: Երաժշտութիւնը գեղեցիկ է անհատաբար, սակայն ե՛ւ տարբեր է, ե՛ւ հիանալի հաւաքաբար` խումբին մէջ, երբ այդ գեղեցկութիւնները միանալով ընթացք կու տան տարբեր աշխարհի, ուր զգացումները անզուգական են եւ անբացատրելի», եզրափակեց Հանտեան:

Այնուհետեւ «Տաւիղ» համոյթը նուագեց «Թոտօ ֆու», «Նուեվօ մոնտօ», «Թանկուիսիմօ», «Լիպերթանկօ», «Մոլիենտօ քաֆէ», «Սանչօ փանզա», «Տոն Քիխոթ», «Թանկօ թեն – Թեն փայ», «Լէ թրուա մուսքոթեր», «Հորս տենս», «Լա քոմփարսիթա», «Ով սիրուն սիրուն» եւ հայերէն երգաշար մը:

Խումբին կատարումները մեծապէս գնահատուեցան հանդիսատեսներուն կողմէ, որոնց երկարատեւ ծափերուն ընդառաջելով խումբը անգամ մը եւս նուագեց «Հորս տենս»-ը:

«Տաւիղ» նուագախումբը կը բաղկանայ հետեւեալ 16 անդամներէն. Մարինէ Հալլաճեան` ջութակ, Յակոբ Շամահեան` ջութակ, Հայկ Քէշիշեան` շուի, Կասիա Էճիտեան` կիթառ, շուի, հարմոնիքա, Կարօ Գրիգորեան` դաշնակ, Նարեկ Քէշիշեան` տհոլ, քանոն, Եսայի Սգայեան` կիթառ, Արի Տագէսեան` կիթառ, Ալեք Տապպաղեան` կիթառ, Ալեակ Լատոյեան` կիթառ, Նարեկ Մեսրոպեան` կիթառ, Ճեսիքա Թերզեան` կիթառ, Ռիթա Գաբրիէլեան` կիթառ, Վարագ Ճերմակեան` կիթառ, Սէրլի Տէր Սարգիսեան` կիթառ, Սագօ Ղազարեան` կիթառ:

 

Նախորդը

Մեր Կորուստները. Մահացած Է Վերլուծաբան Եւ Քաղաքագէտ Իգոր Մուրադեան

Յաջորդը

«Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի Սերունդ»-ի 69 Նորագիրներ Միացան Դաշնակցութեան Շարքերուն

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.