Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան հայրենադարձութեան եւ հետազօտութիւններու բաժինի պետ Էլիզ Գէորգեան եւ տեղեկատուութեան եւ հեռահաղորդակցութեան բաժինի աշխատակից Սոնա Մկրտչեան, որոնք Լիբանան կը գտնուին Հայկազեան համալսարանին հետ սփիւռքի նախարարութեան համագործակցութեան ծրագիրի շրջանակներուն մէջ, երէկ այցելեցին «Ազդակ» եւ տեսակցեցան տնօրէնութեան հետ:
Խորհրդակցութիւնները անդրադարձան լրագրողներու համահայկական 9-րդ համագումարին, այնտեղ հնչած տեսակէտներուն եւ լրագրողական համախմբումներու ձեւաչափային ու բովանդակային փոփոխութիւններուն:
Այնուհետեւ խօսակցութեան առանցքը սփիւռքահայ լրատուադաշտի վերաբերող խնդիրներն էին: Նախարարութեան աշխատակիցները հաստատեցին, որ ամէնօրեայ դրութեամբ կը հետեւին «Ազդակ»-ի հրապարակումներուն, որոնք կ՛օգտագործուին նաեւ ուսումնասիրական տարբեր աշխատանքներուն համար:



