Երեքշաբթի, 12 յունիս 2018-ի առաւօտեան Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ` Մար Աֆրամ Բ. պատրիարքին:
Երկու հոգեւոր պետերուն հանդիպումը առիթ մըն էր ընդհանուր ակնարկ մը նետելու ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Սուրիոյ ներկայ կացութեան եւ երկու եկեղեցիներու գործակցութեան վրայ:
Հանդիպման ընթացքին նաեւ քննարկուեցան յառաջիկայ շաբաթ կայանալիք ղպտի եկեղեցւոյ պատրիարքին, ասորի եկեղեցւոյ պատրիարքին եւ Արամ Ա. կաթողիկոսին հանդիպման օրակարգի հարցերը: