Դանիէլ Մածունեանի Արխիւը Կը Փոխանցուի ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին
Լիբանանահայ կեանքին ծանօթ անուն մըն է Դանիէլ Մածունեան (1938-2009), որ դերասանական արուեստի կարճատեւ փորձառութենէ ետք, յարգելի ներկայութիւն մը եղած է ձայնի եւ նկարի աշխարհին մէջ, իբրեւ ազգային-միութենական ձեռնարկներու երկար տարիներու ձայնի հաղորդավար, լուսանկարիչ եւ վիտէօ նկարիչ: Իր աշխատանքին բերումով ու նաեւ` հաւատաւոր դաշնակցականի յանձնառութեամբ, Դանիէլ Մածունեան ներկայ գտնուած եւ արձանագրած է իր ժամանակի գլխաւոր բոլոր ձեռնարկներն ու հանդիսութիւնները, որոնք արխիւային...



















