Երիտասարդական Ջահերթ` Լիզպոնի Հինգ Հերոսներու Յիշատակին
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան Քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, երէկ` հինգշաբթի, 26 յուլիս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, հարիւրաւոր պատանիներ եւ երիտասարդներ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին առջեւէն ջահերթով ուղղուեցան դէպի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատուն` իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու 35 տարիներ առաջ իրենց կեանքը հայութեան եւ Հայ դատին մատաղ ըրած Արային, Սիմոնին, Սագոյին, Սեդրակին եւ Վաչէին: Հասնելով գերեզմանատուն, ներկաները մոմերով ու ծաղիկներով ուղղուեցան...




















