Չորեքշաբթի, 18 յուլիս 2018-ին, 140 սկաուտներէ բաղկացած ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի շրջանը ներկայացնող պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Հայաստան` մասնակցելու ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակին առիթով կազմակերպուած Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ բանակումին եւ ձեռնարկներուն, որոնք տեղի պիտի ունենան 19-էն 29 յուլիս 2018-ին, Բիւրական շրջանին մէջ, աւելի քան 1200 մասնակիցներու ներկայութեամբ: Բանակումին նշանաբանն է «Պատուաբեր անցեալէն` յաղթական ապագայ»:
Այս ժամանակամիջոցին, ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակը մեծ շուքով պիտի նշուի եւ յատուկ անդրադարձ պիտի ստանայ Հայաստանի մէջ: Առ այդ, այս տարուան բանակումը ա՛լ աւելի յատկանշական եւ յիշատակելի պիտի ըլլայ մասնակիցներուն համար: