
ԱՍՏՂԻԿ ՓԱՆՈՍԵԱՆ
16 յուլիսին, առաւօտեան ժամը 1:00-ին, Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանը ցնծութեան մէջ էր, ամէն կողմ ուրախութիւն, խանդավառութիւն: Երեւան հասած էր Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի ՀՄԸՄ-ի սկաուտական պատուիրակութիւնը` մասնակցելու Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ ընդհանուր բանակումին, Բիւրականի մէջ, ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին առիթով:
Ցնծութեան ճիչե՜ր, ոմանք առաջին անգամ էր, որ կու գային մայր հայրենիք:
«Ո՜վ բանակում դու ես մեր իտէալը»: Համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումն է, որ իրարու կը շաղկապէ աշխարհով մէկ սփռուած հայ նորահաս սերունդը: Աշխարհի վրայ չկայ աւելի թանկագին կապ, քան քրոջ եւ եղբօր կապը:
ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի քոյրերն ու եղբայրները բարի գալուստի եւ ՀՄԸՄ-ի նշանակով անհամբեր կը սպասէին իրենց քոյրերուն եւ եղբայրներուն ժամանման:
Այս է ՀՄԸՄ-ի առաքելութիւնը` միշտ կապ պահել, աշխարհի որ անկիւնն ալ որ գտնուին, հայ երիտասարդներուն հետ:
Կեցցէ՛ ՀՄԸՄ-ը եւ անոր ծնունդ տուող հայ ժողովուրդը:
«Հեռու վայրերէն մենք կը հաւաքուինք,
Ամառ ձմեռ մենք քուն չունինք.
Գիշեր ցերեկ անքուն կ՛աշխատինք,
Բանակումի կը պատրաստուինք»: