Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութիւն. «Արամի Ճամբով, Արցախեան Ոգիով» Գործուղում

July 20, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութիւնը  յաջորդաբար 14-րդ տարին ըլլալով կազմակերպեց իր տարեկան գործուղումը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ` «Արամի ճամբով, արցախեան ոգիով» նշանաբանը ունենալով:

Երէկ` հինգշաբթի, 19 յուլիս 2018-ի առաւօտեան ժամերուն, զաւարեանական 15 ընկերներ ուղղուեցան հայրենիք` գործելու եւ ծառայելու, հայ պատանիին հետ ապրելու ու անոր նեցուկ կանգնելու եւ մանաւանդ հայրենիք-սփիւռք կապերը զարգացնելու նպատակով: 15 ընկերներ պիտի բաժնուին երեք  խումբերու, որոնք պիտի գործեն երեք  շրջաններու մէջ` Հայաստանի Կոտայքի մարզի Գառնի եւ Աբովեան շրջանները, իսկ Արցախ` Ասկերան: Գործուղումը սովորաբար ընկերային եւ դաստիարակչական բնոյթ ունեցող ծրագիր մըն է, որ կը նպատակադրէ հայրենիքի երիտասարդութեան հաւատքը ամրապնդել ազատ, անկախ եւ միացեալ, բարգաւաճ ու հզօր Հայաստանի տեսիլքին նկատմամբ:

Այս ծրագիրին շնորհիւ Զաւարեան ուսանողական միութեան անդամները կը լիցքաւորուին հայրենիքով: Այսպիսով, անոնք կ՛երթան հայրենիք, կ՛ապրին անոր առօրեան եւ ուղղակիօրէն ներդրում կը կատարեն այդտեղ: Նոյնքան կարեւոր է Հայաստանի եւ Արցախի պատանիներուն բաւարարութեան զգացումը այս ճամբարներէն: Անոնք մեծապէս ուրախ եւ գոհունակ կ՛ըլլան միայն այն պատճառով, որ սփիւռքէն խումբ մը երիտասարդներ եկած են իրենց համար: «Դէպի երկիր»-ի ճամբարին մասնակից պատանիները Հայաստանի Հանրապետութեան ապագայ երիտասարդներն են, ապագայ քաղաքացիներն են: Այս իմաստով միութիւնը որոշած է նախ եւ առաջ աշխատանքը կեդրոնացնել պատանեկան մակարդակի վրայ:

Սովորական ճամբարներէն ետք տեղի պիտի ունենայ պատանիներու  յատուկ ճամբար մը` գործակցութեամբ շրջաններու պատանեկան միութիւններուն: Այս ծրագիրը պիտի նպատակադրէ ամրապնդել եւ բարելաւել այդ շրջաններու պատանեկան միութիւններուն աշխատելաոճը:

ԶՈՄ-ը կը հաւատայ, թէ մեր բոլորին ուշադրութեան կիզակէտը պէտք է ըլլայ Հայաստանը: Կը հաւատանք, որ լիբանանահայ գաղութը իր ներդրումներով եւ հայրենիքի մէջ ծաւալած աշխատանքներով հայրենադարձութիւնը քաջալերող յառաջատար կրնայ ըլլալ:

Նախորդը

Աշխարհիկութեան Ալիքը Հասաւ Յունաստան

Յաջորդը

Անդրադարձ. Արշակ Թագաւորի Դրուագի Թրամփեան Տարբերակը

RelatedPosts

Խմբագրական.  44-Օրեային 6-րդ Տարելիցը Եւ Օրուան Հրամայականը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. 44-Օրեային 6-րդ Տարելիցը Եւ Օրուան Հրամայականը

September 27, 2026
Խմբագրական. Որպէսզի Վերապետականանան Հայ Դատի Օրակարգերը  (Հայ Դատի խորհրդաժողովին առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Որպէսզի Վերապետականանան Հայ Դատի Օրակարգերը (Հայ Դատի խորհրդաժողովին առիթով)

September 26, 2026
Բացումը Կատարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի  Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու  Համահայկական Խորհրդաժողովին
Գլխաւոր լուրեր

Բացումը Կատարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու Համահայկական Խորհրդաժողովին

September 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.