Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինէն Պատուիրակութիւն Մը Հանդիպում Ունեցաւ Լիբանանի Մէջ Իտալիոյ Դեսպանին Հետ

July 26, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինէն պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Վահրամ Էմմիեան, Սէրուժ Աբիկեան, Սալբի Պուլղուրճեան եւ Սօսի Սարգիսեան, երէկ այցելեց Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի նախագահութեան պաշտօնը վարող երկրի դեսպան Մասիմօ Մարոթթիի հետ: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ դեսպանատան առաջին քարտուղար Էմանուէլ Տ՛Անտրասի:

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ քննարկելու Արցախի տագնապի լուծման հոլովոյթին առնչուող հարցեր, մասնաւորաբար Արցախի Հանրապետութիւն-Ազրպէյճան եւ Հայաստան-Նախիջեւան շփման գիծերուն վրայ վերջին զարգացումներն ու Արցախի հիմնահարցի լուծման առնչուած հարցերը:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինի պատուիրակութիւնը իր մտահոգութիւնը յայտնեց Արցախ-Ազրպէյճան եւ Հայաստան-Նախիջեւան շփման գիծերուն վրայ ազրպէյճանական զօրքերու կուտակման նկատմամբ` նշելով, որ ազրպէյճանական կողմը իր գրգռիչ քայլերով եւ ռազմատենչ հռետորաբանութեամբ ուղղակիօրէն եւ լրջօրէն կը վտանգէ Հելսինքեան եզրափակիչ հռչակագիրի սկզբունքներէն մէկը եղող` ուժի չկիրարկման սկզբունքը:

Պատուիրակութիւնը նաեւ մտահոգութիւն յայտնեց Պաքուի մէջ ԵԱՀԿ-ի գրասենեակի փակման եւ Երեւանի մէջ կազմակերպութեան գրասենեակի գործունէութեան երկարաձգումը Ազրպէյճանի կողմէ վեթոյի ենթարկելու քայլերուն նկատմամբ` զայն նկատելով Հարաւային Կովկասի մէջ ԵԱՀԿ-ի դերակատարութիւնն ու ազդեցութիւնը նուազեցնելու փորձ մը:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինի պատուիրակութիւնը ներազրպէյճանական զարգացումներու ժխտական ազդակին անդրադառնալէ ետք նշեց, որ տագնապի խաղաղ լուծման ապահովման եւ բանակցային հոլովոյթի պաշտպանութեան համար պէտք է սանձել ազրպէյճանական կողմի ռազմատենչ յայտարարութիւնները, գրգռիչ քայլերն ու զինադադարի յարատեւ խախտումները` ապահովելով զինադադարի հսկողութեան մեքանիզմի կիրարկման շուրջ 2016-ին գոյացած համաձայնութեան գործադրումը:

Պատուիրակութիւնը նաեւ ընդգծեց տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթին Արցախի Հանրապետութեան մասնակցութեան կարեւորութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին Իտալիոյ կառավարութեան ուղղուած նամակ մը յանձնուեցաւ դեսպանին:

Իտալիոյ դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնեց մտահոգութեան պատճառ դարձող երեւոյթներու ներկայացման համար` նշելով, որ այդ հարցերը վստահաբար պիտի արծարծուին Իտալիոյ նախագահ Սերճիօ Մաթարելայի Հայաստան կատարելիք մօտալուտ այցելութեան ընթացքին:

Ան ընդգծեց Իտալիոյ ԵԱՀԿ-ի նախագահութեան առաջնահերթութիւններէն եղող երկխօսութեան եւ տագնապի խաղաղ լուծման սկզբունքներուն կարեւորութիւնը` նշելով, որ տագնապի խաղաղ լուծումը իր դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ ամբողջ շրջանին վրայ:

Ան յայտնեց, որ մարմինին մտահոգութիւնները եւ նամակը պիտի փոխանցէ Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան առնչակից գրասենեակին:

Հանդիպումի աւարտին ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինի պատուիրակութիւնը դեսպանին խնդրանքով ներկայացուց իր գործունէութիւնը:

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՄԱՐՄԻՆ

Նախորդը

«Գարակէօզեան» Ամառնային Դպրոցի Աշակերտները Այցելեցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին, «Վանայ Ձայն» Եւ Համազգայինի «Վ. Սէթեան» Տպարան

Յաջորդը

100-ամեակի Յոբելենական Կալա-Ընթրիքին. «ՀՄԸՄ Մօտ Ապագային Պէտք Է Անդամներուն Թիւը Հաւասարեցնէ Տարիներու Իր Թիւին` 105 Տարեկանին 105 Հազար Անդամ Ունենալով» Կը Յայտնէ Հայաստանի Նախագահ Արմէն Սարգսեան

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.