Աթէնքի արուարձաններէն մէկուն մէջ, վերջին օրերուն եւ տակաւին շարունակուող անտառային հրդեհներու զոհ գացին մեծ թիւով քաղաքացիներ: Այս տխուր առիթով, երէկ` երկուշաբթի, 23 յուլիս 2018-ին, Արամ Ա. կաթողիկոսին թելադրութեամբ, Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան կապ հաստատեց Յունաստանի ուղղափառ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Հերոնիմոս արքեպիսկոպոսին հետ եւ յանուն վեհափառ հայրապետին ու Յունաստանի հայութեան իր ցաւակցութիւնը յայտնեց` միաժամանակ շեշտելով հայ եւ յոյն ժողովուրդներուն ու եկեղեցիներուն դարաւոր բարեկամութիւնը: