Գիւմրին երէկ փառքով ու պատիւով ընդունեց շուրջ դար մը առաջ, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան օրերուն, բազմահազար որբերու խնամատար, դաստիարակ եւ սկաուտ խմբապետ` ՀՄԸՄ-ական Վահան Չերազի արձանը, որ միութեան 100-ամեակի տօնակատարութիւններու ծիրին մէջ, իր շքեղ կերտուածքով կանգնեցաւ քաղաքին գլխաւոր հրապարակը` «Վարդանանց»-ը «Վահան Չերազ» պողոտային միացնող խաչմերուկին վրայ:
Վահան Չերազ 1920-ին Հայաստանի լուսաւորութեան նախարար Նիկոլ Աղբալեանի հրաւէրով Պոլիսէն հրաւիրուած ՀՄԸՄ-ի եռանդամ պատուիրակութեան այն անդամն էր, որ Գիւմրի մնաց նոյնիսկ խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք եւ քանի մը տարի ետք, դեկտեմբեր 1927-ին, Թիֆլիսի մէջ զոհ գնաց համայնավար չեկիստներու անարգ սպանութեան:
Վահան Չերազի Գիւմրի վերադարձը կատարուեցաւ յուզիչ եւ տպաւորիչ արարողութեամբ մը` ներկայութեամբ անոր դստեր` Բիւրակն Չերազ-Իշխանեանի, ՀՄԸՄ-ի հիմնադիր Շաւարշ Քրիսեանի եղբօրը թորան` տոքթ. Շաւարշ Քրիսեանի, Գիւմրիի քաղաքապետ Սամուէլ Բալասանեանի, Շիրակի փոխմարզպետ Սոֆի Յովսէփեանի, Գիւմրիի հայ կաթողիկէ Սրբոց Նահատակաց աթոռանիստ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Մաշտոց վրդ. Զահթերեանի, ՀՅԴ Շիրակի մարզային կոմիտէի անդամ Հմայեակ Խոցանեանի, Համաշխարհային սկաուտական շարժումի Բիւրոյի եւրասիական տարածաշրջանի ներկայացուցիչ Շրինաթ Թրումելի, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայ եւ նախկին անդամներու, միութեան 100-ամեակի «կնքահայրեր»-ու եւ 100-ամեակի տօնակատարութիւններուն մասնակից ՀՄԸՄ-ական հոծ բազմութեան մը:
Արձանին բացման նախորդեց կէսօրուան ժամը 12:00-ին համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ բանակումին մասնակից 1200 սկաուտներու տողանցքը` «Վարդանանց» հրապարակին վրայ` առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի շեփորախումբին:
Տողանցքին աւարտէն ետք, ներկաներն ու տողանցող 26 երկիրներու սկաուտական պատուիրակութիւններու ներկայացուցիչները հաւաքուեցան հրապարակին անկիւնը «Վահան Չերազ» պողոտային միացնող խաչմերուկին պուրակը, ուր տեղի ունեցաւ արձանին բացման հանդիսութիւնը:
Հայաստանի եւ ՀՄԸՄ-ի քայլերգներուն կատարումէն ետք, բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի արենուշներէն Անուշիկ Փանոսեան: Ան ներկայացուց օրուան յայտագիրը եւ հրաւիրեց Գիւմրիի քաղաքապետը, Բիւրակն Չերազը եւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանը` քողազերծելու Վահան Չերազի արձանը:
Արձանի քողազերման յաջորդեց խօսքերու բաժինը: Առաջին խօսքը արտասանեց Գիւմրիի քաղաքապետ Սամուէլ Բալասանեան: Ան ըսաւ, թէ հետաքրքրական եւ պատմական օր է այսօր, որովհետեւ Գիւմրիի պատմութեան մէկ փուլը այս արձանին միջոցով կը ներկայացուի նոր սերունդին:
Բալասանեան նկատել տուաւ, որ Վահան Չերազ արժանաւոր մարդ էր, հայու զաւակ էր: Ամէնէն դժնդակ պայմաններուն մէջ ան չլքեց քաղաքը եւ զբաղեցաւ որբերու, պատանիներու եւ երիտասարդներու դաստիարակութեան գործով: Ան կատարեց լուրջ աշխատանք, որ արժանի է յիշատակութեան եւ նորահաս սերունդներուն ներկայացուելու:
Այս առիթով բաւական յուզական ելոյթ մը ունեցաւ նահատակ Վահան Չերազի դուստրը` Բիւրակն Չերազ-Իշխանեան: Ան գոհունակութեամբ յիշեց, որ Գիւմրին եղած է իր ծննդավայրը, ուր ան մեծցած է որբութեան պայմաններու մէջ, որովհետեւ հօրը գնդակահարութենէն կարճ ժամանակ մը ետք չեկիստները սպաննած են նաեւ մայրը: Ան ըսաւ, թէ չէր կրնար երազել, որ օրին մէկը իր հօրը արձանը կրնար կանգնեցուիլ իրեն հոգեհարազատ Գիւմրիի մէջ:
Չերազի դուստրը շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՄԸՄ-ին այս գեղեցիկ նախաձեռնութեան համար եւ նշեց, որ ինք իր հայրը չէ ճանչցած, սակայն իր հօրը դաստիարակած որբերէն եւ որբուհիներէն, ինչպէս նաեւ իր մօրեղբօր` Վազգէն Անդրէասեանի մէկ հրատարակութենէն («Վահան Չերազ եւ իր երգը Հայաստանի») իմացած է Չերազի մասին, որ երախտաշատ գործ կատարած է 1920-էն մինչեւ իր նահատակութիւնը` կազմակերպելով սկաուտական եւ մարզական խումբեր: Շրջան մը ան աքսորուած է Սիպերիա (1924-ին), սակայն քանի մը ամիս ետք ազատ արձակուելով վերադարձած է Հայաստան եւ մինչեւ վերջին շունչը զբաղած է որբախնամի աշխատանքով:
Արձանին բացման համար իր գոհունակութիւնը յայտնեց նաեւ Համաշխարհային սկաուտական շարժումի Բիւրոյի եւրասիական տարածաշրջանի ներկայացուցիչ Շրինաթ Թրումել: Ան աշխարհի 170 երկիրներու 50 միլիոն սկաուտներուն ողջոյնները փոխանցեց ՀՄԸՄ-ին` համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ բանակումին իրականացման համար եւ ըսաւ, թէ սկաուտութիւնը համաշխարհային արժէք է, որովհետեւ անիկա կ՛առաջադրէ բարեփոխել պատանին ֆիզիքապէս, հոգեպէս, գաղափարականօրէն եւ յուզականօրէն:
Թրումել յայտնեց, որ սկաուտութեան մէջ շատ կարեւոր է անձի օրինակը, անձնազոհութեան վրայ հիմնուած սեփական օրինակը, որուն լաւագոյն ներկայացուցիչն է Վահան Չերազ: Ան աւելցուց, որ աշխարհի տարածքին, հազուագիւտ են այն արձանները, ուր սկաուտ պատասխանատուները պատկերուած ըլլան սկաուտական տարազով, եւ այս արձանը այդ հազուագիւտ արձաններէն մէկն է:
Իր խօսքի աւարտին, Թրումել անգամ մը եւս շնորհաւորեց ՀՄԸՄ-ը` Վահան Չերազի արձանի բացման եւ 100-ամեայ յոբելեանին առիթով:
ՀՅԴ Շիրակի մարզային կոմիտէին պատգամը ուղղեց Հմայեակ Խոցանեան, որ նաեւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի Գիւմրիի մասնաճիւղի վարչութեան անդամ է: Ան խօսեցաւ երախտապարտութեան եւ հպարտութեան զգացումներուն մասին: «Հպարտ եմ, որ Չերազի եղբայրը կրնամ նկատուիլ, այն Չերազին, որ 3500 որբերով զբաղեցաւ, Անդրանիկի զինակից եղաւ եւ իր մահուան գնով տէրը եղաւ իր առաքելութեան ու ՀՄԸՄ-ական պարտականութեան», ըսաւ ան:
«Այսօր Շիրակի աշխարհի սրտին` Գիւմրիի մէջ կանգնեցուած այս արձանը իր լուռ ներկայութեամբ պիտի ծառայէ սերունդներ դաստիարակելու գործին, որովհետեւ ան խորհրդանիշը պիտի ըլլայ ՀՄԸՄ-ական արժեհամակարգի մը, որմէ սորվելիք շատ բան ունին այսօրուան նոր սերունդի ներկայացուցիչները», աւելցուց Խոցանեան:
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան պատգամը ուղղեց Րաֆֆի Կէօվօղլանեան: Ան ըսաւ, թէ յարգանքն ու մեծարանքը ՀՄԸՄ-ական սկզբունքներ են: ՀՄԸՄ այսօր կը յարգէ հայ մարմնակրթութեան մեծ երախտաւոր մը եւ հայ սկաուտութեան նուիրեալ ներկայացուցիչ մը, որ իր արժանաւոր տեղը ունի միութեան պատմութեան մէջ:
Կէօվօղլանեան իր խօսքին մէջ ողջունեց Վահան Չերազի դստեր` Բիւրակնի ներկայութիւնը, նաեւ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց մշակոյթի նախարարութեան եւ Գիւմրիի քաղաքապետութեան, որոնք նպաստեցին այս նախաձեռնութեան յաջողութեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ ՀՄԸՄ-ի Քանատայի շրջանին, որ ստանձնեց արձանի կառուցման բոլոր ծախսերուն բարերարութիւնը: Վերջապէս, Կէօվօղլանեան գնահատեց արձանագործ Սամուէլ Պետրոսեանը, ճարտարապետ Սամուէլ Ումրոյեանը եւ գործին իրականացումը հետեւողանօրէն հետապնդած Վարուժ Սարեանը, որ նախկին լիբանանահայ մը ըլլալով` քանի մը տարիէ ի վեր հաստատուած է Գիւմրի:
Կէօվօղլանեան շեշտեց, որ այսուհետեւ Վահան Չերազի արձանը Հայաստան այցելող իւրաքանչիւր ՀՄԸՄ-ականի համար պիտի ըլլայ ուխտավայր, ուր ան պիտի ստանայ գաղափարական անսպառ ուժ եւ հայրենանուիրումի անվերջ կորով:
Բացման հանդիսութեան ողջոյնի իր խօսքը ուղղեց նաեւ Շիրակի փոխմարզպետ Սոֆի Յովսէփեան: Ան ըսաւ, որ այսօր գնահատանքի օր է: Շիրակի մարզը կը գնահատէ իր արժանաւոր զաւակը եւ որբախնամի աշխատանքի մեծ նուիրեալը: Յովսէփեան շեշտեց, որ Շիրակի մարզը բաց է բոլորին դիմաց, եւ յառաջիկային կ՛արժէ նմանօրինակ նախաձեռնութիւններ կատարել նաեւ մարզի այլ շրջաններուն մէջ:
Խօսքերէն ետք, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը յատուկ յուշանուէրներով պատուեց Գիւմրիի քաղաքապետ Սամուէլ Բալասանեանը, Շիրակի փոխմարզպետ Սոֆի Յովսէփեանը եւ Վահան Չերազի արձանի հեղինակ Սամուէլ Պետրոսեանը:
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ սկաուտական «Ով հայ արի» քայլերգով:
Այսօրուան Ձեռնարկները
Այսօր 100-ամեակի պաշտօնական տօնակատարութիւններու օրն է: Պէյրութի ժամանակացոյցով յետմիջօրէի ժամը 4:30-ին, Ալեքսանտր Սպենդիարեանի օփերայի դահլիճին մէջ տեղի կ՛ունենայ 100-ամեակի պաշտօնական հանդիսութիւնը` ներկայութեամբ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի: Հանդիսութիւնը կը հովանաւորեն Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետները:
Հանդիսութեան կը յաջորդէ 100-ամեակի պաշտօնական ընթրիքը, ուր պետական եւ պաշտօնական հիւրերու ներկայութեան կը մեծարուին 100-ամեակի տօնակատարութիւններու «կնքահայրերը», եւ կը կատարուի նուիրահաւաք:
Լուսանկարիերը՝
ՅԱԿՈԲ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆի եւ ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի











