Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ի Հիմնադիրներու Յուշաքանդակներու Բացումէն Ետք. Հայութեան «Կամաւոր Բանակ»-ը Խրոխտ Ու Առինքնող Շարքերով Կը Տողանցէ Երեւանի Մէջ, Կ’այցելէ Եռաբլուր, Արամ Մանուկեանի Արձան Եւ Վազգէն Սարգսեանի Անուան Զօրանոց

July 23, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախորդ շաբաթավերջին, ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի տօնակատարութիւնները մեծ խանդավառութեամբ շարունակուեցան Հայաստանի մէջ: Տեղի ունեցաւ 100-ամեակի փառաւոր տողանցք, Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոն եւ Արամ Մանուկեանի արձան այցելութիւն, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի Երեւանի կեդրոնին առջեւ միութեան հիմնադիրներու յուշաքանդակներու զետեղում եւ «Վարդան Բախշեան գրադարան-ընթերցարան»-ի բացում, այն պահուն, երբ համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ բանակումի մասնակիցները, իրենց կարգին, ունեցան ազգային յայտագիրներով լեցուն երկու օր: Արդարեւ, 1200 բանակողները, 100-ամեակի տողանցքէն ետք, շաբաթ երեկոյեան այցելեցին Հայոց ցեղասպանութեան Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, իսկ երէկ յետմիջօրէին անոնք այցելեցին Վազգէն Սարգսեանի անուան զօրանոց, ուր մօտէն ծանօթացան հայկական բանակի սպաներու պատրաստութեան ուսումնարանին եւ տեղւոյն քաջարի բանակայիններուն:

100-ամեակի Տողանցքը` Հանրապետութեան
Հրապարակին Վրայ

100-ամեակի պատմական տողանցքը շաբաթ, 21 յուլիսի երեկոյեան ժամը 5:30-ին ընթացք առաւ Երեւանի Ազատութեան հրապարակէն: Տողանցքը առաջնորդեցին ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի շեփորախումբը եւ վեց դրօշակիրներ, որոնց հետեւեցան համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումին մասնակից պատուիրակութիւնները` այբուբենական շարքով: Պատուիրակութիւններու կարգին, առաջին անգամ ըլլալով, տողանցեցին նաեւ աշխարհի չորս ծագերէն եկած միութեան վաստակաշատ նախկին խմբապետ-խմբապետուհիները` թիւով 150 հոգի, եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի սկաուտական շարքերը` 400 գայլիկ-արծուիկներ, արի-արենուշներ եւ շարային յատուկ խումբի անդամներ:

Տողանցող պատուիրակութիւնները երեկոյեան ժամը 6:00-ին Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակ հասնելով, խրոխտ ու առինքնող շարքերով անցան այս առիթով պատրաստուած պատուոյ թրիպիւնին առջեւէն, ուր զիրենք ողջունեցին սփիւռքի եւ գիւղատնտեսութեան նախարարներ Մխիթար Հայրապետեան եւ Արթուր Խաչատրեան, Կոտայքի մարզպետ Ռոմանոս Պետրոսեան, Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած Եգիպտոսի, Յորդանանի եւ Լիբանանի դեսպանները, Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան ներկայացուցիչները, ՀՅԴ Բիւրոյի եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչներ Հրանդ Մարգարեան եւ Արսէն Համբարձումեան, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայ եւ նախկին անդամներ, միութեան 26 շրջաններու պատասխանատուներ, 100-ամեակի տօնակատարութիւններու «կնքահայրեր», հիւրեր եւ հրաւիրեալներ:

Ապա, տողանցող պատուիրակութիւնները իրենց տեղերը գրաւեցին հրապարակին վրայ եւ ընդհանուր «հանգիստ-պատրաստ»-է ետք` հետեւեցան օրուան յայտագիրին:

ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի շեփորախումբը, որ տողանցքին ամբողջ տեւողութեան ազգային-հայրենասիրական իր եղանակներով ոգեւորած էր Երեւանի բնակիչներն ու տողանցքին հետեւողները, տողանցքին պաշտօնական յայտագիրին ազդանշանը տուաւ Հայաստանի եւ ՀՄԸՄ-ի քայլերգներուն կատարումով:

Առաջին խօսքը արտասանեց սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան: Ան շնորհաւորեց ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակը եւ ըսաւ, թէ սկաուտական շարքերը իրենց պայծառ եւ լուսաւոր դէմքերով կը ներկայացնեն մեր մեծագոյն հպարտութիւնը:

«ՀՄԸՄ դար մը առաջ հիմնուեցաւ ազգային եւ համամարդկային գաղափարներով, ըստ որոնց` ան կրթեց միտքով, հոգիով ու մարմնով առողջ սերունդներ», ըսաւ նախարարը: ՀՄԸՄ տարիներ շարունակ մեծ աւանդ ունեցաւ հայապահպանութեան գործին մէջ, սփիւռքի մէջ հայ մարդը հայ պահելու եւ աւելի հայացնելու աշխատանքին մէջ, իսկ Հայաստանի մէջ` օրինապահ քաղաքացիներ կերտելու ճիգին մէջ: ՀՄԸՄ պատրաստեց քաղաքացիական իրենց իրաւունքներուն եւ պարտաւորութիւններուն գիտակից սերունդներ` միշտ  բարձր պահելով հայութեան եւ Հայաստանի անունը: «Անոր համար ալ հայութիւնը միշտ հպարտ եղաւ ՀՄԸՄ-ով, իսկ Հայաստանի պետութիւնն ալ միշտ եղաւ ՀՄԸՄ-ի կողքին», այնպէս ինչպէս ՀՄԸՄ-ը եղաւ պետութեան կողքին», հաստատեց նախարար Հայրապետեան:

Յաջորդ խօսքը արտասանեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան: Ան ողջունեց տողանցողները` անկախ Հայաստանի մայրաքաղաքի սրտին մէջ: «Այն Հայաստանին, որուն համար երդում տուած էք ծառայելու: Այն Հայաստանին, որուն համար գործած են ձեզի նախորդած սկաուտական շարքերը: Ու նաեւ, այն Հայաստանին, ուր կը համախմբուիք չորս տարին անգամ մը` համա-ՀՄԸՄ-ական ձեր բանակումները կատարելու, հայկական ձեր արմատները զօրացնելու եւ քիչ մը աւելի հայացած ձեր երկիրները վերադառնալու համար», ըսաւ ան:

Մկրտիչեան ըսաւ, որ «Հայաստանն է մեր ուժին աղբիւրը եւ կենսունակութեան  աւիշը: Հայրենի հողն է մեզ օտարացումէ եւ ձուլումէ փրկող միակ ապաւէնը: Ճիշդ է, որ մեր մեծամասնութիւնը կ’ապրի Հայաստանէն դուրս, բայց, կասկած չկայ, որ Հայաստանը կ’ապրի իւրաքանչիւրին հոգիին ու սրտին մէջ: Կասկած չկայ, որ ՀՄԸՄ-ական դաստիարակութեամբ մեր սկաուտները Հայաստանը կը ճանչնան առանց զայն ունենալու: Հայաստանը կը սիրեն առանց զայն ճանչնալու, որովհետեւ սկաուտներու երակներուն մէջ կը հոսի հայու արիւնը, անոնց կուրծքերուն տակ կը տրոփէ ՀՄԸՄ-ականի սիրտը»:

Իր խօսքը սկաուտներուն ուղղելով` Մկրտիչեան ըսաւ, թէ դուք բախտաւոր սերունդ էք, որովհետեւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակի տարին առիթն ու պատեհութիւնը ունիք ձեր սիրելի միութեան 100-ամեակը տօնելու արդար գոհունակութեամբ եւ հպարտութեամբ: Դուք նաեւ յաւելեալ պարտականութիւն ունեցող սերունդ էք, որովհետեւ կոչուած էք 100 տարուան վաստակի մը արժանաւոր կրողները ըլլալու եւ այդ վաստակին վրայ անպայման ձեր կողմէ բան մը աւելցնելու:

Ապա, Մկրտիչեան յայտնեց, որ ինչքա՜ն գեղեցիկ է տեսակ-տեսակ դրօշներով սկաուտներ տեսնել այս հրապարակին վրայ: Բայց նաեւ, ինչքա՛ն հմայիչ է պանծալի Եռագոյնը տեսնել բոլոր դրօշներէն առաջ ու բոլոր դրօշներէն վեր: Եռագոյնով առաջնորդուող այս տողանցքը քիչ ետք կրնայ աւարտիլ, բայց ՀՄԸՄ-ի երթը երբե՛ք չի կրնար վերջ գտնել: 100 տարի առաջ սկսած այդ երթը կը շարունակուի ու պիտի շարունակուի բոլորին խրոխտ քայլերով, «կամաւոր բանակ»-ի հզօր կամքով եւ «Պատուաբեր անցեալէն յաղթական ապագայ» ընթանալու հաստատ վճռակամութեամբ:

Խօսք առաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան: Ան ողջունեց հայութեան «կամաւոր բանակը»  եւ նշեց, որ մէկ դրօշի տակ այսքան երիտասարդներ համախմբելու երեւոյթը ինքնին ոգեւորիչ է: Ան ըսաւ, թէ կեանքին մէջ յաջողութեան գրաւականը գիտելիքը, հաւատքն ու կամքն են, որոնցմով զինուած` ՀՄԸՄ-ականները պէտք է իրենց համար ճշդեն յաւակնոտ նպատակներ, կարենան տալ կշռադատուած որոշումներ եւ հետեւողականութիւն ցուցաբերեն այդ որոշումներու իրականացման համար:

Համբարձումեան թելադրեց առաջնորդուիլ սկաուտութեան համար հիմնական նշանակութիւն ունեցող ազգասիրութեան եւ բարոյականութեան սկզբունքներով: ՀՄԸՄ-ը սոսկ կազմակերպութիւն չէ, այլ` իւրօրինակ դպրոց է մնայուն արժէքներու, սիրոյ, եղբայրութեան եւ հայրենասիրութեան: Նորանկախ Հայաստանի ապագան կրնան երաշխաւորել միայն ՀՄԸՄ-ականներու նման բանիմաց, ազնիւ, հայրենասէր եւ կազմակերպուած հայորդիներ», հաստատեց ան:

ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի ողջոյնի խօսքը արտասանեց ատենապետ Դաւիթ Յակոբեան: Ան ըսաւ, թէ այսօր մեծագոյն տօնն է, իւրայատուկ եւ խորհրդանշական: Այսօր ՀՄԸՄ կը նշէ իր մէկ դարեայ գործունէութեան յոբելեանը: ՀՄԸՄ-ը անցնող մէկ դարուն սովորական միութիւն մը չեղաւ, այլ` եղաւ դպրոց մը, ուր փոխանցուեցան ազգային գաղափարախօսութիւն եւ պատուի զգացողութիւն: ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը ունեցաւ մէկ նպատակ` պատրաստել հայ ազգին արժանի, գիտակից, նուիրուած, հոգեպէս կայուն ու առողջ սերունդներ, որոնք պիտի կերտեն մեր երազած ապագան:

Հուսկ, իր խօսքը ուղղեց համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ բանակումի ընդհանուր խմբապետ Թալին Օրտողլեան: Ան ըսաւ, թէ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեայ «կամաւոր բանակ»-ին երթը սկսաւ Հայոց ցեղասպանութենէն անմիջապէս ետք` որբախնամի եւ հայրենիքի օժանդակութեան աշխատանքներով: Այսօր, 100 տարի ետք, այդ «կամաւոր բանակը» կը գործէ ամէնուրեք, հայապահպանման առաքելութեամբ, կառչած մնալով հիմնադիրներու հաստատած սկզբունքներուն` «առողջ միտքը առողջ մարմինին մէջ» տեսնելու մօտեցումին: Այսօր, նոյն «կամաւոր բանակ»-ին զինուորները կը շարունակեն քալել խրոխտ եւ հաստատ քայլերով:

Իր խօսքը սկաուտներուն ուղղելով` Օրտողլեան ըսաւ. «Սիրելի՛ սկաուտներ, դուք իսկապէս կամաւոր բանակն էք այս միութեան: Դուք էք, որ կը ստանձնէք այդ ջահը, որ վառեցաւ 100 տարի առաջ ու բոցավառեց սրտերը հազարաւոր հայերու: Հոն, ուր հասաւ ՀՄԸՄ-ը, տարածեց մարզական եւ սկաուտական առողջ ոգի: Այսօր այդ ջահը կը վառի աշխարհի չորս ծագերուն` ՀՄԸՄ-ը դարձնելով անքակտելի մէկ մասը հայ իրականութեան»:

Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ բանակումի ընդհանուր խմբապետը ըսաւ. «Յուզիչ եւ խրախուսիչ է անկախ հայրենիքի մայրաքաղաքին գլխաւոր հրապարակին վրայ տեսնել 2000 ՀՄԸՄ-ական սկաուտներ, որոնք եկած են իրականացնելու երազը հիմնադիր ղեկավարներու եւ շարունակելու անոնց երթը` ուխտելով հաւատարիմ մնալ այն բոլոր սկզբունքներուն, որոնց վրայ հիմնուած է այս միութիւնը: Յառա՜ջ դէպի նոր 100-ամեակ, յառա՜ջ դէպի նորանոր յաղթանակներ»:

Խօսքերէն ետք, տողանցքը վերջ գտաւ երեկոյեան ժամը 7:00-ին:

Հիմնադիր Երրորդութեան Յուշաքանդակներու Բացում

100-ամեակի պատմական տողանցքը կանխեց, շաբաթ, 21 յուլիսի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ՀՄԸՄ-ի հիմնադիր երրորդութեան` Շաւարշ Քրիսեանի, Գրիգոր Յակոբեանի եւ Յովհաննէս Հինդլեանի յուշաքանդակներուն բացումը` ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի Երեւանի կեդրոնին մուտքին:

Բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայ եւ նախկին անդամներ, Շաւարշ Քրիսեանի  եղբօրը թոռը` տոքթ. Շաւարշ Քրիսեան, նահատակ Վարդան Բախշեանի մայրն ու քոյրը` Այտա եւ Աննա Բախշեաններ, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան ներկայ եւ նախկին անդամներ, հիւրեր եւ ՀՄԸՄ-ականներ:

Յուշաքանդակներուն բացումը կատարեցին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի ատենապետ Դաւիթ Յակոբեան, տոքթ. Շաւարշ Քրիսեան եւ յուշաքանդակի բարերար տէր եւ տիկին Վարդան եւ Սապին Գազանճեաններու ներկայացուցիչ` Գահիրէի ՀՄԸՄ-«Արարատ»  մասնաճիւղի ատենապետ Լեւոն Դելփեան:

Այս առիթով ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան խօսքը արտասանեց Րաֆֆի Կէօվօղլանեան: Ան ըսաւ, թէ ՀՄԸՄ-ը այսօր հպարտ ու բարձրաճակատ կը ներկայանայ իր ժողովուրդին` մէկ դարու նուաճումներով եւ իրագործումներով հարուստ իր պատմութեամբ: ՀՄԸՄ կը յիշէ այդ պատմութեան մեծ երախտաւորները, եւ յարգանքի ու գնահատանքի իբրեւ արտայայտութիւն, Երեւանի սրտին մէջ, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի կեդրոնի մուտքին, կը կանգնեցնէ միութեան հիմնադիրներուն յուշաքանդակները:

Կէօվօղլանեան նշեց, որ ՀՄԸՄ-ի հիմնադիրները խոր հայրենասիրութեամբ իրենց ծրագիրներուն կիզակէտը դարձուցած էին հայութիւնը, հայ լեզուն, Հայաստանն ու հայ նորահաս սերունդը: Այսօր անոնք կրնան հանգիստ ննջել, որովհետեւ իրենց ծրագիրները իրագործման մէջ են միութեան աշխարհասփիւռ մեծ ընտանիքին եւ յատկապէս Հայաստանի կազմակերպութեան կողմէ:

Շարունակելով, Կէօվօղլանեան շնորհակալութիւն յայտնեց յուշաքանդակի բարերար Վարդան եւ Սապին Գազանճեաններուն, քանդակագործներ Աշոտ եւ Հայկ Մարկոսեաններուն եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին այս աշխատանքի իրագործման:

«Այս յուշաքանդակները պիտի ըլլան ներշնչումի աղբիւր` ծրագրելու եւ իրագործելու յառաջիկայի մեր բեղուն գործունէութիւնը: Այս յուշաքանդակները պիտի ըլլան նաեւ մղիչ ուժը հետեւելու միութեան հիմնադիրներուն գծած ուղիին, գաղափարախօսութեան եւ «Բարձրացիր- բարձրացո՛ւր» նշանաբանին», շեշտեց Րաֆֆի Կէօվօղլանեան եւ իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, որ  այս յուշաքանդակները այս իւրայատուկ վայրէն պիտի ըլլան մնայուն յուշարարներ` մնալու այդ սերունդին արժանաւոր ժառանգորդները, ՀՄԸՄ-ը առաջնորդելով պատուաբեր անցեալէն դէպի նորանոր իրագործումներ, դէպի յաղթական ապագայ:

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան խօսքէն ետք, ներկաները բարձրացան ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի կեդրոնին երրորդ յարկը, ուր տեղի ունեցաւ «Վարդան Բախշեան գրադարան-ընթերցարան»-ին բացումը:

Խօսք առաւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան ատենապետ Դաւիթ Յակոբեան եւ ըսաւ, թէ նախապէս Վարդան Բախշեանի անունով սրահ մը կար կեդրոնին մէջ, սակայն նպատակայարմար նկատուեցաւ զայն բարեկարգել եւ գրադարանով մը օժտել, որպէսզի սկաուտները կարենան աւելի շատ ժամանակ անցընել կեդրոնին մէջ` աւելի կապուելով միութեան: Ան հաստատեց նաեւ, որ գրադարան-ընթերցարանին գլխաւոր բարերարը եղած է Վարդան Բախշեանի մտերիմ ՀՄԸՄ-ականներէն մէկը, որ սակայն չէ փափաքած անունը յայտարարել: Գրադարանը տակաւին իր վերջնական տեսքը չէ ստացած, եւ խոստումներ կան զայն նոր գիրքերով եւ համակարգչային սարքերով հարստացնելու:

Ապա, Վարդան Բախշեանի մասին խօսելով, Յակոբեան նկատել տուաւ, որ 1991-ին Արցախի ազատագրութեան կռիւներուն նահատակուած Վարդանը թէեւ կարճ, սակայն բովանդակալից եւ հերոսական կեանք մը ունեցաւ: «Ան անմահացաւ` ներշնչումի օրինակ դառնալով գալիք սերունդներուն: Վարդանը ընթերցասէր էր, իրեն համար ընթերցանութիւնը միջոց էր գիտելիքներ եւ ճանաչողութիւն ձեռք բերելու, մեր պատմութեան եւ մեր ժողովուրդի խնդիրներուն ծանօթանալու համար: Թող իր օրինակը վարակիչ ըլլայ այսօրուան սկաուտներուն համար` Վարդանի օրինակով իրենք զիրենք գիտութեամբ եւ գիտելիքներով զինելու համար», աւելցուց Յակոբեան:

Այնուհետեւ, սրտի խօսք ուղղեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան եւ յայտնեց, թէ ինք Վարդան Բախշեանը ճանչցած է միութեան 1991-ի Պատգամաւորական ժողովին: «Վարդանը համակ եռանդ եւ խանդավառութիւն էր: Ընթերցասէր եւ գաղափարական մարդ, որուն նմանները քիչ են մեր օրերուն: Վարդանը կը պատկանէր Հայաստանի մէջ վերընձիւղուած ՀՄԸՄ-ի առաջին սերունդին, որ հսկայական գործ կատարեց միութիւնն ու միութենական արժէքները ծանօթացնելու եւ տարածելու համար», վկայեց ան:

Վերջին խօսքը արտասանեց նահատակ Վարդան Բախշեանի քոյրը` Աննա Բախշեան: Ան ըսաւ, թէ այս գրադարան-ընթերցարանին բացումը կարեւոր նախաձեռնութիւն է այսօրուան սկաուտութիւնը գիր-գրականութեան եւ ակումբին կապելու իմաստով: Ընթերցանութիւնը,- շեշտեց ան,- կարեւոր է միտքով առողջ սերունդներ պատրաստելու համար:

Բախշեան նշեց, որ Վարդանը ունէր գիրքի պաշտամունք: Զինք ճանչցողները գիտեն այդ մասին: Շատ հաճելի է, որ իր սիրելի միութեան կեդրոնին մէջ բացուած է գրադարան-ընթերցարան: Այսօր, համացանցի ներկայութեան, դժբախտաբար, գիրքի նկատմամբ հետաքրքրութիւնը նուազած է, բայց ամէն պարագայի գիրքը ուրիշ զգացողութիւն է եւ ուրիշ լիցքեր կու տայ մարդուն:

Խօսքին աւարտին, Աննա Բախշեան շնորհաւորեց ՀՄԸՄ-ը իր 100-ամեակին առիթով եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ը` գրադարան-ընթերցարանին համար: Ան յայտարարեց, որ Վարդանի գիրքերէն կարեւոր մաս մը կը նուիրէ իր անունը կրող այս գրադարանին:

Խօսքերէն ետք, կեդրոնին առաջին յարկին վրայ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

Եռաբլուր Եւ Արամ Մանուկեանի Արձանի Այցելութիւն

100-ամեակի ոգեկոչումները շարունակուեցան երէկ` կիրակի, 22  յուլիսին: Առաւօտեան ժամը 10:00-ին, համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ բանակումի խմբապետական կազմի անդամներ եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի  սկաուտներ այցելեցին Եռաբլուր եւ մէկական ծաղիկով իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին նահատակաց պանթէոնին մէջ հանգչող արցախեան պայքարի բոլոր հերոսներուն, որոնց կարգին` ՀՄԸՄ-ական Վարդան Բախշեանին, Վիգէն Զաքարեանին, Վաչէ Ռոստոմեանին եւ Յակոբ Առուստամեանին: Սկաուտները առաջնորդեցին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան անդամները:

Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոնին մէջ, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան խօսքը արտասանեց Բագրատ Եսայեան: Ան ըսաւ, թէ իւրաքանչիւր կազմակերպութիւն պարտաւոր է իր անցեալը գնահատել եւ իր գաղափարներու ազդեցութեան ու տարածման չափը ճշդել: Իսկ նման արժեւորումի համար, Եռաբլուրը յարմարագոյն վայրն է ՀՄԸՄ-ի համար, որովհետեւ ան կ’ամփոփէ շիրիմները արցախեան պայքարին զոհուած ՀՄԸՄ-ական նահատակներուն:

Եսայեան յայտնեց, որ ՀՄԸՄ-ը անցնող 100 տարուան ընթացքին գործած է իբրեւ «կամաւոր բանակ», եւ երբ պահը հասած է, հայրենիքի լինելութեան եւ պաշտպանութեան հրամայականը ներկայացած է, Արցախի ազատագրութեան կռիւները սկսած են, միութեան «կամաւոր բանակ»-ի անդամներէն շատերը, իրենց դաստիարակութեամբ եւ անձնազոհութեամբ, գտնուած են պայքարի առաջին շարքերուն մէջ: Անոնք զոհած են ընտանիք, անձնական հանգիստ ու բարօր կեանք եւ իրենց թանկագինը զոհած են մեր երազած Հայաստանը իրականութիւն դարձնելու եւ միացեալ Հայաստանի ճամբուն վրայ առաջին քայլը առնելու համար:

Եսայեան նշեց, որ Վարդանը, Վիգէնը, Վաչէն եւ Յակոբը ներշնչումի օրինակներ են ՀՄԸՄ-ական սերունդներուն համար: Այսօր, հայկական բանակին մէջ կը ծառայեն բազմահարիւր ՀՄԸՄ-ականներ, որոնք մեծցած եւ դաստիարակուած են միութեան նահատակներուն գաղափարական շունչով, միշտ պատրաստ` գերագոյն զոհաբերութեան եւ նորանոր յաղթանակներու, որպէսզի կարելի ըլլայ իրականութիւն դարձնել մեր մեծ նպատակը` ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանը:

Այս առիթով, սկաուտները ողջունեց Եռաբլուրի պատասխանատու գնդապետ Առաքելեանը, որ ի տես աշխարհի զանազան երկիրներէն եկած սկաուտներուն, դրուատեց հայութեան միասնականութեան եւ ամբողջականութեան երեւոյթը` նշելով, որ հայրենիքը միայն խաղաղ օրերուն յիշելով չի պահուիր, այլեւ` ճգնաժամի պահերուն անոր կողքին ըլլալով, ամէն ինչ զոհաբերելով եւ ի հարկին` արիւն թափելով: «Մենք այս բոլորը սորվեցանք Վիգէնէն, Վարդանէն եւ ՀՄԸՄ-ական մնացեալ նահատակներէն, որոնք յաղթանակի դափնիներով պսակեցին մեր պատմութիւնը», շեշտեց ան:

Յաջորդ փուլը եղաւ Արամ Մանուկեանի նորաբաց արձանը: ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայ եւ նախկին անդամներու ընկերակցութեամբ, համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ բանակումի խմբապետական կազմը Արամի արձան այցելեց երէկ կէսօրուան ժամը 12:00-ին, ուր զետեղեց յարգանքի ու յիշատակի ծաղկեպսակ մը: Խօսք առաւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Բագրատ Եսայեան: Ան նշեց, թէ պատահական չէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի տարին Արամը վերադարձաւ իր ժողովուրդին: Տասնամեակներ շարունակ, հայրենի ժողովուրդը զրկուած էր Արամի արժէքներէն, դաւանանքէն եւ գաղափարներէն, որովհետեւ օրուան իշխանութիւնները համաձայն չէին անոնց: Սակայն, ՀՄԸՄ-ը եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը յաջողեցան Արամի գաղափարները վառ պահել սփիւռքի մէջ: Վառ պահեցին 70  տարի եւ զայն փոխանցեցին հայրենիքին ու հայ ժողովուրդին:

Եսայեան յայտնեց, որ ՀՄԸՄ-ը եղաւ այն կազմակերպութիւնը, որ տասնամեակներ շարունակ դաւանեցաւ գաղափարական այնպիսի արժէքներ, որոնք մնայուն են մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին համար, եւ այսօր, իբրեւ պարտականութեան գիտակից կազմակերպութիւն` հետեւելով այդ նոյն արժէքներուն, հաւատքով եւ վստահութեամբ այդ արժէքները կը վերադարձնէ իր ժողովուրդին, հանգիստ մտքով, որ այդ գաղափարները կրողները պիտի բազմանան հայրենիքի մէջ, եւ պիտի շարունակուի ՀՄԸՄ-ի անկասելի երթը` «Պատուաբեր անցեալէն յաղթական ապագայ»:

Վազգէն Սարգսեանի Անուան Զօրանոց Այցելութիւն

Երէկուան այցելութիւնները եզրափակուեցան Վազգէն Սարգսեանի անուան զօրանոց այցելութեամբ: Այցելութիւնը կատարուեցաւ համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ բանակումին մասնակից 650 սկաուտներով` առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայ եւ նախկին անդամներու:

Այս առիթով խօսքեր արտասանեցին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան եւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան: Տողանցեցին ՀՄԸՄ-ի սկաուտները, ապա ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի եւ հայկական բանակի շեփորախումբերը նուագեցին ազգային-հայրենասիրական երգեր, որոնք մեծ խանդավառութիւն ստեղծեցին ներկաներուն մօտ:

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ բանակ եւ զօրանոց խորհրդանիշներ են պետականութեան, անկախութեան եւ գերիշխանութեան: Իսկ 100-ամեայ ՀՄԸՄ-ը եղած է ու կը մնայ մնայուն պաշտպանը հայրենի պետականութեան, անկախութեան եւ գերիշխանութեան:

«Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան օրերուն ՀՄԸՄ առաջիններէն էր, որ իր ծառայութիւնները դրաւ հայոց պետականութեան տրամադրութեան տակ, մտաւ որբանոցները եւ Ցեղասպանութեան որբերէն, թշուառ ու անտէր պատանիներէն կերտեց նոր հայը, հայկական բանակի ապագայ զինուորը: Հայաստանի վերանկախացումէն ետք, ՀՄԸՄ դարձեալ առաջիններէն էր, որ իր հանրանուէր գործունէութիւնը ծաւալեց հայրենիքի մէջ եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի ճամբով ջանաց այս անգամ կերտել նոր քաղաքացին, ազգային իր արժէքներուն եւ նպատակներուն հաւատարիմ հայ մարդը, ազգային բանակ մտնելու պատրաստուող հայ երիտասարդը», ըսաւ Մկրտիչեան:

Ապա ան շեշտեց, որ շատերը ՀՄԸՄ-ը ճանչցան իր քայլերգին բառերով, իբրեւ «կամաւոր բանակ» հայութեան եւ հայրենիքին, միշտ ծառայելու, ծառայութեամբ մեծնալու կամքով ու տեսիլքով: Շատերը ՀՄԸՄ-ի մէջ տեսան անհայրենիք ժողովուրդի մը փոքրիկ բանակը, որ հաւատաց մեծ նպատակներու, մեծ ու անսակարկելի արժէքներու:

Մկրտիչեան յայտնեց, որ «հայոց բանակի տողանցքին հետ զօրամաս մը չէ որ միայն կը տողանցէ, այլ` մեր պատմութեան բոլոր հերոսները, փաղանգ առ փաղանգ, անցեալի նախարարական գունդերէն մինչեւ ֆետայական մեր խումբերը եւ արցախեան պայքարի հերոսական վաշտերը: ՀՄԸՄ-ական սերունդները այս համոզումով կը մեծնան ու հասակ կ’առնեն` խոր յարգանք տածելով հայոց բանակին եւ անոր վեհ առաքելութեան նկատմամբ: ՀՄԸՄ-ական տղաք ու աղջիկներ այս դաստիարակութեամբ կը խոնարհին հայոց բանակի անթիւ զոհողութիւններուն դիմաց եւ, իբրեւ գերագոյն արժէք, զայն կը դասեն ամէն բանէ վեր:

«Այսօր, «կամաւոր բանակը» կանգնած է կողքին պետական բանակին: Իսկ կա՞յ աւելի գեղեցիկ պատկեր, քան համա-ՀՄԸՄ-ական, համահայկական  այս զօրակցութիւնը, որ այս պահուն կը պարզուի մեր աչքերուն դիմաց: Այստեղ ներկայ սկաուտներու ճամբով ամբողջ հայութիւնն է, որ այսօր յարգանքի իր տուրքը կու տայ հայոց բանակի նուիրեալներուն, որոնք կը մնան միշտ արթուն, միշտ խրոխտ ու անձնազոհ, որպէսզի հայրենիքի սահմանները մնան ապահով, իսկ զաւակները` պաշտպանուած»:

Իր կարգին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան ողջունեց ՀՄԸՄ-ը իր «շնորհալի, շնորհակալ եւ հայրենանուէր գործունէութեան համար»: Ան ըսաւ, թէ ՀՄԸՄ-ը Ցեղասպանութենէն ետք որբախնամի աշխատանք կատարեց, 40  հազար որբերու տիրութիւն ըրաւ, համահայկական մարզախաղեր ու բանակումներ կազմակերպեց եւ այդ բոլորով պահպանեց ու տարածեց հայ լեզուն, ազգային ինքնութիւնն ու ժառանգութիւնը:

Նախարար Տօնոյեան գնահատեց ՀՄԸՄ-ի մեծ ծառայութիւնը հայ ժողովուրդին: Ան ըսաւ, թէ սփիւռքը եւ Հայաստանը անբաժանելի են իրարմէ: Փորձութեան պահերուն բաժանարար բոլոր գիծերը կը ջնջուին: Արցախեան պայքարի յաղթանակին մէջ մեծ դեր ունեցան սփիւռքէն եկած հայրենակիցները, որոնց կարգին` ՀՄԸՄ-ի դպրոցէն անցածները: Իրենց ծառայութիւններով, մարտերու ընթացքին ցուցաբերած արիութեամբ շատերը արժանացան Հայաստանի ու Արցախի հանրապետութիւններու մետալներուն եւ շքանշաններուն, իսկ ոմանք ալ` հերոսի կոչումին:

Տօնոյեան վստահեցուց, որ Հայաստան ունի փոքրաթիւ, սակայն ամուր եւ մարտունակ բանակ, որ արդի պատմութեան ամէնէն փառաւոր յաղթանակներէն մէկուն կերտիչն է: Հայաստանի բանակով հպարտանալու շատ բան ունի մեր ժողովուրդը: «Այս այցելութիւնը մայր հայրենիք եւ հայոց բանակ ՀՄԸՄ-ի սկաուտները կը դարձնէ աւելի հպարտ, աւելի հայրենապաշտ եւ աւելի հայ», ըսաւ ան:

Զօրանոց այցելութիւնը եզրափակուեցաւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան եւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան միջեւ յուշանուէրներու փոխանակումով:

Լու­սան­կար­նե­րը`
ՅԱ­ԿՈԲ ՊԷՐ­ՊԷՐ­ԵԱ­Նի եւ ԳԱԲՐԻ­ԷԼ ՓԱ­ՆՈՍ­ԵԱ­Նի

 

Նախորդը

Ամէն Ինչ Պէտք Է Փոխուի, Որպէսզի Արտագաղթի Դէմ Ծրագիրը Կեանքի Կոչուի

Յաջորդը

Ալիեւի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Մաքրոն Խոստացած Է Ամէն Ինչ Ընել Լեռնային Ղարաբաղի Հարցի` Բանակցային Եղանակով Լուծման Համար

RelatedPosts

Ակնարկ.  Հիմնական Դերակատարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հիմնական Դերակատարութիւն

September 17, 2026
Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով  Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան

September 17, 2026
Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք  Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր  Զայն Թիրախաւորել»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր Զայն Թիրախաւորել»

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.