Քաղաքացիական Պայմանագիր Կուսակցութեան Երեսփոխաններ Այցելեցին Յ. Բագրատունիի
ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէի եւ հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց Հայաստանի Ազգային ժողովի քաղաքացիական պայմանագիր խմբակցութեան անդամ երեսփոխաններ Ալեն Սիմոնեան, Լենա Նազարեան եւ Հրաչեայ Յակոբեան, որոնց հետ քննարկեց Լիբանանի խորհրդարանին եւ Հայաստանի Ազգային ժողովին միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման հարցը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ թաւշեայ յեղափոխութեան իբրեւ արդիւնք արձանագրուող փոփոխութիւնները: Պատուիրակութիւնը իր գոհունակութիւնը յայտնեց Հայաստանի մէջ...



















