Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Գարակէօզեան» Ամառնային Դպրոցի Աշակերտները Այցելեցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին, «Վանայ Ձայն» Եւ Համազգայինի «Վ. Սէթեան» Տպարան

Յուլիս 26, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չորեքշաբթի, 25 յուլիս 2018-ն յիշատակելի օր մը եղաւ «Գարակէօզեան» ամառնային դպրոցի նախակրթարանի վերի կարգերու` հինգերորդ եւ վեցերորդ դասարաններու աշակերտներուն համար: Այդ օր անոնք այցելեցին մեր գաղութի ազգային ու եկեղեցական կառոյցները եւ ծանօթացան հայ կեանքին մէջ իրենց բնորոշիչ դերը ունեցող պատասխանատուներուն: Յայտնենք, որ այցելութեան դասարաններու պատասխանատուներու կողքին աշակերտներուն ընկերակցեցան «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան, Ամառնային դպրոցի պատասխանատուներէն Ժանին Դանիէլեան-Մարգարեան եւ հայոց լեզուի ու երաժշտութեան դասատու Կարօ Աղազարեան:

Առաջին փուլը Լիբանանի հայոց թեմի ազգային առաջնորդարանն էր, ուր սիրալիր ընդունելութեամբ աշակերտները հիւրընկալեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Ան աշակերտներուն հետ հաղորդական լեզուով զրոյց մը ունեցաւ, ապա շեշտեց Ազգային առաջնորդարանի դերը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ: Առաջնորդ սրբազանը նշեց, որ աշակերտական կեանքին մէջ երեք կարեւոր ազդակներ կան` աճիլ, սորվիլ եւ խաղալ: Ան կարեւորութեամբ շեշտեց սորվելու երեւոյթը: Անիկա աշխարհի բոլոր դռներուն բանալին  կու տայ, եւ կեանքին համար պատրաստուած կ՛ըլլանք: Պէտք է սորվինք, որ ճիշդ քայլեր առնենք, եւ այսօր առանց ուսումի կեանքին մէջ յաջողիլը դժուար է: Առաջնորդ սրբազանը իր ուրախութիւնը յայտնեց ի տես «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան ստեղծած առիթին, որպէսզի մեր գաղութի մանուկները քով-քովի հաւաքուելով սորվին, հաճելի  ժամանց ունենան եւ ընկերային ապահով միջավայրի մէջ ամառնային ժամանակը անցընեն: Աշակերտները իրենց հարցումները ուղղեցին առաջնորդ սրբազան հօր եւ լուսաբանութիւններ ստացան: Ապա առաջնորդարանի պատասխանատուներէն Րաֆֆի Տեմիրճեանի ուղեկցութեամբ անոնք շրջեցան առաջնորդարանի տարբեր բաժանմունքները` ծանօթանալով մատուցած ծառայութիւններուն: Աշակերտները հիւրասիրուեցան առաջնորդ սրբազան հօր կողմէ:

Հուսկ աշակերտները  ուղղուեցան «Շաղզոյեան» կեդրոն: նախ եւ առաջ աշակերտները ընդունուեցան ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի կողմէ: Երեսփոխան Բագրատունի նախ զրուցեց աշակերտներուն հետ, ապա ան իր մտածումները փոխանցեց անոնց: Ամէնէն կարեւորը քրիստոնեայ, աստուածավախ եւ հայ ըլլալն է: Հայ ըլլալու  համար մայրենի լեզուն չմոռնալու անհրաժեշտութիւնը շեշտեց: Հայ մնալ կարելի չէ առանց հայ դպրոցին: Ան նշեց, որ ճիգ պէտք է թափենք, որպէսզի մեր ընտանիքին ու ժողովուրդին անունը եւ պատիւը բարձր պահենք: Իբրեւ հայ պատանիներ պէտք է հպարտ ըլլան իրենց հայութեամբ: Հայ ըլլալը պատիւ է, առաւելութիւն եւ յաւելեալ արժէք: Ամէն մարդ հայ չի կրնար ըլլալ: Աշխարհով մէկ տասնմէկ միլիոն հայեր ունինք, եւ հազարաւոր հայեր բարձր դիրքերու հասած են: Դո՛ւք ալ հազարաւորներու վրայ պիտի աւելնաք, որպէսզի մենք կարենանք իբրեւ ժողովուրդ, քրիստոնեայ, եկեղեցի եւ միութիւններ զօրաւոր ըլլալ: Ան բացատրեց «ընկեր» բառին իմաստը եւ շեշտեց, որ մարդու յարաբերութեան մէջ շատ կարեւոր է աղ ու հացի երեւոյթը: Ընկերասիրութեան մէջ ամէնէն կարեւորը սիրելու կողքին կռնակէն չհարուածելն է, չնախանձիլն ու չբամբասելը: Երեսփոխան Բագրատունի իր մտածումը եզրափակեց յայտնելով, որ կեանքին մէջ երբեք չմոռնան իրենց ընկերները եւ տարիներ վերջ, երբ հանդիպին, յիշեն, որ ժամանակին ընկերներ եղած են: Ապա երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի կողմէ հիւասիրուեցան աշակերտները:

Յաջորդ փուլը «Վանայ ձայն» հայկական ձայնասփիւռի կայանն էր, ուր աշակերտներուն տեղեկութիւններ փոխանցեց հաղորդավար Հուրի Էմմիեան: Ան ծանօթացուց «Վանայ ձայն»-ի տարբեր բաժանմունքները, եւ  «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան, Ժանին Դանիէլեան -Մարգարեան, Կարօ Աղազարեան  եւ կարգ մը աշակերտներ ուղղակի սփռումով հարցազրոյց ունեցան «Վանայ ձայն»-էն:

Այցելութեան վերջին փուլը Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանն էր, ուր հիւրընկալեց տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան: Ան յայտնեց, որ առանց  հայերէն գիրք կարդալու եւ գրելու հայութիւնը չի գոյատեւեր: Մենք կը զատորոշուինք ուրիշներէ մեր հայութեամբ եւ պէտք է հայերէն սորվինք, կարդանք ու գրենք` լաւապէս ճանչնալով մեր ժողովուրդի պատմութիւնը, գրականութիւնը, հերոսները: Ապա անոնք ուղղուեցան Համազգայինի տպարան` ծանօթանալու գիրք տպելու գործընթացին: Այցելութեան աւարտին Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանին կողմէ տրամադրուեցաւ «Մեսրոպ Մաշտոց»-ի գիրքը:

«Գարակէօզեան» Ամառնային Դպրոցի  Աշակերտները
Այցելեցին «Ազդակ»

«Ազդակ» օրաթերթին եւ անոր աշխատանքներուն ծանօթանալու նպատակով «Գարակէօզեան» ամառնային դպրոցի Ե. եւ Զ. դասարաններու 37  աշակերտներ երէկ այցելեցին «Ազդակ»-ի խմբագրատուն, ընկերակցութեամբ «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան ընդհանուր տնօրէն Սերոբ Օհանեանի, Ամառնային դպրոցի ծրագիրի պատասխանատու Ժանին Դանիէլեան-Մարգարեանի, Ե. դասարանի պատասխանատու Ծիլա Գարտաշեանի, Զ. դասարանի պատասխանատու Նանոր Սթամպուլեանի եւ  հայոց լեզուի ու երգի ուսուցիչ Կարօ Աղազարեանի:

Լիբանանեան լուրերու խմբագիր Արշօ Պալեան աշակերտներուն ներկայացուց խմբագրատան մէջ կատարուող զանազան աշխատանքները. ան անդրադարձաւ «Ազդակ»-ի տասը էջերուն դիմագիծին, բովանդակութեան եւ պատրաստութեան հոլովոյթին, ինչպէս նաեւ «Ազդակ»-ի պաշտօնական կայքին, բջիջայինի յատուկ «Էփ»-ին, արագ լրահոսի «Փուշ նոթիֆիքէյշըն»-ի դրութեան եւ «Ազդակ»-ի արխիւները թուայնացնելու աշխատանքին:

Աշակերտները հետաքրքրական հարցումներով հանդիպումը դարձուցին ներգործուն:

Մատնանշուեցան նաեւ օրաթերթին կողքին տարեկան դրութեամբ լոյս տեսնող «Պզտիկ- Մզտիկ» մանկապատանեկան յաւելուածը, Նոր տարուան եւ Ապրիլ 24-ին հրատարակուող երկու բացառիկ թիւերը, ինչպէս նաեւ տարբեր առիթներով հրատարակուող յաւելուածները:

Աշակերտները հետաքրքրութեամբ դիտեցին եւ ծանօթացան գրաշարներու, էջադրողի, սրբագրողի, արխիւի եւ խմբագրակազմի աշխատանքներուն ու հետաքրքրութեամբ դիտեցին էջադրումի աշխատանքը:

Խմբագրատան մէջ աշակերտները այցելեցին նաեւ «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի խմբագրասենեակը, ուր անոնք ընդունուեցան «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի խմբագիր Սրբուկ Ճենանեանի կողմէ` խոստանալով «Ազդակ» կատարած իրենց այցելութեան մասին տպաւորութիւնները ներկայացնել գրութեամբ կամ գծագրութեամբ, իրենց ներդրումը ունենալով «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի յաջորդ թիւին մէջ:

Հանդիպումին աւարտին աշակերտները դիմաւորուեցան նաեւ «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանի կողմէ: Անոնք քաջալերեցին աշակերտներուն աշխատանքը` գնահատելով անոնց ունեցած հետաքրքրութիւնը:

Նշենք, որ «Գարակէօզեան» ամառնային դպրոցը 12 տարիէ ի վեր կը գործէ: Եօթշաբաթեայ դրութեամբ գործող «Գարակէօզեան» ամառնային դպրոցը այս տարի կը հաշուէ 280 աշակերտ` վայր ունենալով Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը:

 

 

Նախորդը

Լիզպոն- 35` «Ազդակ»-ի Յատուկ Թիւով

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինէն Պատուիրակութիւն Մը Հանդիպում Ունեցաւ Լիբանանի Մէջ Իտալիոյ Դեսպանին Հետ

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան.  Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս
Գաղութային

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան. Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս

Հոկտեմբեր 18, 2025
Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?