ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի Տօնակատարութիւններու Մամլոյ Ասուլիս` Երեւանի Մէջ
ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի տօնակատարութիւններու սեմին, երէկ կէսօրին, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն հրաւիրուեցան հայրենի լրատուամիջոցները` գալիք օրերու ձեռնարկներուն մասին ընդհանուր գաղափար մը կազմելու եւ հանրութեան ըստ արժանւոյն լուսաբանելու համար: Ասուլիսին ներկայ գտնուեցան սփիւռքի նախարարութեան մամլոյ բանբեր Նունէ Այլանճեան, նախարարութեան բաժիններու պատասխանատուներ, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան, Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Վաչէ Նաճարեան եւ Մոսիկ...




















