Երէկ` հինգշաբթի, 19 յուլիսին, Բիւրականի մէջ, Հայաստան, ընթացք առին ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի տօնակատարութիւնները` միութեան 110 մասնաճիւղերուն նուիրուած յուշաքանդակի բացումով եւ համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ ընդհանուր բանակումի մեկնարկով:
Յուշաքանդակի Բացումը
ՀՄԸՄ-ի աշխարհասփիւռ 110 մասնաճիւղերուն նուիրուած յուշաքանդակին բացումը տեղի ունեցաւ երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին, միութեան Բիւրականի բանակավայրի մուտքին` ներկայութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանի, փոխնախարար Բաբգէն Տէր Գրիգորեանի, Կոտայքի եւ Արագածոտնի մարզպետներ Ռոմանոս Պետրոսեանի եւ Աշոտ Սիմոնեանի, Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանի, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայ եւ նախկին անդամներու, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան անդամներու, համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ ընդհանուր բանակումի խմբապետական կազմի ներկայացուցիչներու, հիւրերու եւ աշխարհի զանազան երկիրներէն 100-ամեակի տօնակատարութիւններուն համար Հայաստան եկած ՀՄԸՄ-ականներու եւ համակիրներու:
Յուշաքանդակի բացման հանդիսութիւնը սկսաւ «Մեր հայրենիք» քայլերգի կատարողութեամբ եւ դրօշակի արարողութեամբ: ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի երեքական արիներ եւ արենուշներ բարձրացուցին Հայաստանի եւ ՀՄԸՄ-ի դրօշները:
Բացման խօսքով ներկաները ողջունեց ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի արենուշներէն Անահիտ Անդրէասեան: Ան ծանօթացուց յուշաքանդակը եւ հրաւիրեց սփիւռքի նախարարը, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանը եւ յուշաքանդակի բարերար տէր եւ տիկին Րաֆֆի Գրաճեաններու ներկայացուցիչ, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Անդրանիկ Պահարեանը` քողազերծելու յուշաքանդակը պատող կտորը:
Յաջորդեց յարգանքի ծաղկեմատոյցը: Սփիւռքի նախարարն ու ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը ծաղիկներ զետեղեցին նորաբաց յուշաքանդակին դիմաց` առ ի յարգանք եւ երախտագիտութիւն միութեան 110 մասնաճիւղերուն ծառայած ու ծառայող նուիրեալներուն:
Խօսք առաւ սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան եւ նշեց, որ մեծապէս տպաւորուած է բանակող սկաուտներու չափազանց դրական տրամադրութիւններով: «Այս բանակումը եւ յուշաքանդակը մեզ կը լեցնեն արդար հպարտութեամբ», նշեց ան եւ յոյս յայտնեց, որ չորս տարի ետք, համա-ՀՄԸՄ-ական յաջորդ բանակումը կը կատարուի մասնակիցներու կրկնապատկուած թիւով:
Հայրապետեան հաստատեց, որ սփիւռքի նախարարութիւնը եւ Հայաստանի նոր կառավարութիւնը իրենց վճռակամ տրամադրութիւնը կը յայտնեն միշտ ըլլալու ՀՄԸՄ-ի կողքին:
Խօսքին աւարտին, նախարար Հայրապետեան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՄԸՄ-ի ու բանակումի պատասխանատուներուն եւ դիտել տուաւ, որ միասնաբար մենք մեծ ազգ ենք` հպարտ հայերով ու ՀՄԸՄ-ականներով:
Խօսք առաւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան եւ ըսաւ, թէ Բիւրականի բանակավայրի մուտքին կանգնեցուած յուշաքանդակը կրկնօրինակն է միութեան 90-ամեակին առիթով` 2005-ին Տէր Զօրի Նահատակաց յուշահամալիրին մէջ կանգնեցուած յուշակոթողին, որ Սուրիոյ պատերազմի սեւ օրերուն քարուքանդ եղաւ հաւատադրժողական ուժերուն կողմէ: Յուշաքանդակին կրկնօրինակը, մետաղեայ յուշանուէրի ձեւով, պահուած կը մնայ ՀՄԸՄ-ի թանգարանին մէջ, Պէյրութ: Օրին, յուշաքանդակը կը ներկայացնէր միութեան 90 մասնաճիւղերը իրենց հիմնադրութեան թուականներով: Նոր կանգնեցուած յուշաքանդակը, Հայաստանի հողին վրայ եւ ՀՄԸՄ-ի Բիւրականի բանակավայրին մէջ, կը ներկայացնէ միութեան 110 մասնաճիւղերը` Աղեքսանդրիոյ ՀՄԸՄ-«Կամք»-էն (հիմնուած` 1912-ին) մինչեւ նորագոյն միաւորը` Վանքուվըրը (հիմնուած` 2018-ին):
Յուշաքանդակին պատրաստութեան մասին խօսելով` Գառնիկ Մկրտիչեան շնորհակալութիւն յայտնեց բարերար տէր եւ տիկին Րաֆֆի Գրաճեաններուն, քանդակագործ Հայկ Մարկոսեանին եւ իր հօրը` Աշոտ Մարկոսեանին, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան եւ բոլոր անոնց, որոնք մասնակից դարձան անոր իրագործման:
ՀԱՄԱ-ՀՄԸՄ-ական Բանակումին Բացումը
Յուշաքանդակի բացումէն ետք, ներկայ հիւրերը, պատասխանատուներն ու ժողովուրդը ուղղուեցան բանակավայրին գլխաւոր դաշտը, ուր տեղի ունեցաւ 100-ամեակի բանակումին բացումը` «Պատուաբեր անցեալէն յաղթական ապագայ» նշանաբանով: Այնտեղ, դրօշակի 26 կայմերուն դիմաց խրոխտ ու կարգապահ շարքեր կազմած էին 26 երկիրներէ եկած 1200 սկաուտներ, որոնց միացնողը ՀՄԸՄ-ն էր եւ հայութիւնը, Հայաստանը եւ ազգային մեր մեծ տեսլականը` ամբողջական հայութեամբ ամբողջական, հզօր եւ բարգաւաճ հայրենիքի մը կերտումը:
Հոն, Բիւրականի դրօշակի արարողութեան, կողք-կողքի կանգնած էին հպարտ հայութեան այսօրուան ներկայացուցիչները` Շուէտէն, Հոլանտայէն, Մոսկուայէն, Վիեննայէն, Միւնիխէն, Յունաստանէն, Կիպրոսէն, Պուլկարիայէն, Ֆրանսայէն, Անգլիայէն, Արեւելեան եւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներէն, Քանատայէն, Հարաւային Ամերիկայի երկիրներէն, Աւստրալիայէն, եւ տակաւին` Եգիպտոսէն, Երուսաղէմէն, Յորդանանէն, Իրաքէն, Քուէյթէն, Սուրիայէն, Լիբանանէն, Իրանի «Արարատ» եւ «Նայիրի» միութիւններէն եւ անշուշտ ազատ ու անկախ Հայաստանէն:
Բանակումին պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ դրօշակի արարողութեամբ եւ սկաուտական «Ով հայ արի» քայլերգով:
Խօսք առաւ բանակումի ընդհանուր խմբապետ Թալին Օրտողլեան եւ ըսաւ, որ պատիւ եւ ուրախութիւն է ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի բանակումին մասնակցութիւնը: «100-ամեայ ալեհեր, բայց միշտ երիտասարդ այս միութիւնը իր առաջին քայլը առաւ դէպի երկրորդ 100-ամեակ, եւ մենք բոլորս ականատեսներն ենք այդ իրադարձութեան», նշեց ան:
Օրտողլեան աւելցուց, որ ՀՄԸՄ-ի հիմնադիր տիտաններուն սիրտերը հպարտութեամբ պիտի ուռէին ու բաբախէին տեսնելով ձեր կարգապահ շարքերը եւ լսելով ձեր ուրախ կանչերը: «Որքա՜ն մեծ պիտի ըլլար Չերազներու, Քրիսեաններու, Հինդլեաններու ու Յակոբեաններու ուրախութիւնը` ի տես հայրենի հողին վրայ ձեր ներկայութեան. երազ մը, որ իրենցն էր, իսկ զայն իրականացնողները դուք եղաք», դիտել տուաւ Օրտողլեան:
Ապա, իր խօսքը բանակողներուն ուղղելով, Օրտողլեան ըսաւ. «Եկէ՛ք այս պահուն ուխտենք, որ մենք իսկապէս պիտի դառնանք արժանի ժառանգորդները Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան հիմնադիր հսկաներուն եւ անոնց կերտած պատուաբեր անցեալէն հաստատ քայլերով պիտի ուղղուինք դէպի յաղթական ապագայ:
Յաջորդ խօսքը արտասանեց Կոտայքի մարզպետ Ռոմանոս Պետրոսեան: Ան ըսաւ, թէ իրեն համար հպարտութիւն է ըլլալ ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուն հետ: Ինք, որ համա-ՀՄԸՄ-ական 9-րդ բանակումի խմբապետական կազմի անդամ էր, իսկ 10-րդ բանակումին փոխ ընդհանուր խմբապետ էր, ափսոսանքով, բայց նաեւ հպարտութեամբ կը յիշէ սկաուտական իր օրերը ՀՄԸՄ-ին մէջ:
Պետրոսեան շնորհաւորեց ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակը եւ շեշտեց անոր անուրանալի դերակատարութիւնը` հայրենիքէն հեռու ապրող սերունդները հայրենիքին կապելու աշխատանքին մէջ: Ան կոչ ուղղեց ներկայ սկաուտներուն միշտ այցելելու Հայաստան, ապրելու եւ ապրեցնելու հայրենիքը: Այսօր մենք ունինք նոր որակի Հայաստան,- շարունակեց ան,- նոր որակի երկիր եւ հասարակութիւն: Անհրաժեշտ է, որ ուխտէք այս գեղեցիկ ու չքնաղ երկրին մէջ ըլլալ: Եթէ ոչ դուք, գէթ ձեր զաւակները հասակ առնեն Հայաստանի մէջ:
Յանուն ՀՅ Դաշնակցութեան խօսք առաւ Արագածոտնի մարզպետ Աշոտ Սիմոնեան: Ան շնորհաւորեց ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը իր 100-ամեակին ու համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ բանակումին համար եւ նշեց, որ այս տարի յոբելենական տարի է համայն հայութեան համար: Այս տարի 100-ամեակն է Հայաստանի Հանրապետութեան: Վեց դարերու արհաւիրքներէ ետք, մեր ժողովուրդը յաղթեց իր ճակատագիրին եւ հիմը դրաւ իր պետականութեան: Մայիսեան հերոսամարտերը պատուանդանը դարձան մեր պետականութեան կերտման:
Սիմոնեան հաստատեց, որ իր հիմնադրութենէն 100 տարի ետք, ՀՄԸՄ կը շարունակէ ազգային իր դերակատարութիւնն ու գործունէութիւնը` պատրաստելով առողջ մարմինով առողջ միտքի տէր հայեր, իրենց ժողովուրդին եւ հայրենիքին նկատմամբ յանձնառու հայեր: ՀՄԸՄ իր արժանի հետքը կը ձգէ հայրենիքէն հեռու ապրող պատանիները հայրենիքին կապող իր նախաձեռնութիւններով, վաղուան հզօր Հայաստանի կերտման իր առաջադրանքներով:
Բանակումին բացման ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան խօսքը ուղղեց սկաուտականի ներկայացուցիչ Վաչէ Նաճարեան: Ան ըսաւ, թէ բանակումին նշանաբանը` «Պատուաբեր անցեալէն յաղթական ապագայ», լաւագոյնս կը ներկայացնէ ո՛չ միայն միութեան նուաճումներն ու գաղափարական երթը, այլ նաեւ` ՀՄԸՄ-ի կամաւոր բանակին` սկաուտութեան յառաջընթացը դէպի փայլուն ապագայ, շեշտելով ազգային դաստիարակութեան անհրաժեշտութիւնը եւ ցոյց տալով իր աննկուն կամքը` նուաճելու իր գերագոյն նպատակը:
Նաճարեան ընդգծեց, որ 1200 սկաուտներ քով-քովի եկած են ՀՄԸՄ-ի սկաուտական ոգիով գործելու, դաստիարակուելու, զուարճանալու եւ հարստանալու նորանոր գիտելիքներով, որոնք մինչեւ իրենց կեանքին վերջը պիտի ըլլան զիրենք խրախուսող յիշատակներ: Սկաուտները համախմբուած են նաեւ ապրելու մեր ազգին ու հայրենիքին հզօրութիւնը եւ ամրապնդելու պայքարի մեր կամքը` մեր արդար դատի լուծման համար, կառչած մնալով մեր նահատակներու սրբազան կտակին, ՀՄԸՄ-ի հիմնադիրներու գծած ուղիին:
Խօսքերու աւարտին, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը 100-ամեակի յուշանուէրներով պատուեց սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանը, Կոտայքի եւ Արագածոտնի մարզպետներ Ռոմանոս Պետրոսեանն ու Աշոտ Սիմոնեանը:
Հուսկ, բացման հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Պատուի ա՛ռ»-ով եւ ոգեւորիչ տրամադրութիւններով, Արագածի փէշերուն յիշատակելի 10 օրեր անցընելու խանդավառ պատրաստութիւններով:
Նշենք, որ յուշաքանդակի բացումն ու բանակումին բացման արարողութիւնը ուղղակիօրէն սփռուեցան ՀՄԸՄ-ի դիմատետրի էջով: Յառաջիկայ օրերու ձեռնարկներուն եւս կարելի է ուղղակիօրէն հետեւիլ նոյն էջով:
Այսօրուան Ձեռնարկները
Այսօր, յետմիջօրէին, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 4:00-ին, Հայոց ցեղասպանութեան Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ տեղի կ’ունենայ 100-ամեակի ջահավառութիւն եւ ծառատնկում: Ժամը 5:00-ին, յուշահամալիրի թանգարանին մէջ կը կատարուի ՀՄԸՄ-ի պատմութեան նուիրուած ցուցահանդէսի բացում եւ ՀՄԸՄ-ի թանգարանի ալպոմի շնորհահանդէս: Ալպոմը իր տեսակին մէջ առաջինն է եւ կը ներկայացնէ միութեան թանգարանին գլխաւոր իրերն ու փաստաթուղթերը:
Լուսանկարները` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի,
ԷՏԿԱՐ ԱՐՇԱԿԵԱՆի եւ ՇԱՆԹ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆի