Գաղութային

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Հայրապետական  Պատարագով Նշուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի  Ծննդեան Ու Աստուածայայտնութեան Տօնը

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Հայրապետական Պատարագով Նշուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան Ու Աստուածայայտնութեան Տօնը

Մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին` Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծնունդի եւ Աստուածայայտնութեան տօնը հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ: Արդարեւ, երեքշաբթի, 6 յունուար 2026-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը մատուցեց սուրբ եւ անմահ պատարագ, կատարեց Քրիստոսի մկրտութիւնը խորհրդանշող ջրօրհնէքի արարողութիւն եւ համայն հայութեան յղեց իր հայրապետական պատգամը: Սուրբ պատարագին, վեհափառ հայրապետին առընթերակայ եպիսկոպոսներն էին...

Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան  Տօնին Առիթով Ս. Պատարագ Եւ Շնորհաւորական  Ընդունելութիւններ

Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնին Առիթով Ս. Պատարագ Եւ Շնորհաւորական Ընդունելութիւններ

Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով, երեքշաբթի, 6 յունուար 2026-ին Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ պատարագը մատուցեց եւ իր պատգամը ուղղեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան: Իր քարոզին մէջ առաջնորդ սրբազան հայրը կոչ ուղղեց ներկայ հաւատացեալներուն գոհութիւն յայտնելու Աստուծոյ, որ առիթը ընծայեց մեր ժողովուրդին իր հայրերուն աւանդով իր եկեղեցիներուն մէջ, իր դաւանած սկզբունքներով հռչակելու Քրիստոսի աստուածայայտնութեան հրաշալիքը` աւելցնելով,...

Յիշատակի Ձեռնարկ Եւ Յուշաքարի Քողազերծում` Նուիրուած ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» Կոմիտէութեան Նահատակներուն

Յիշատակի Ձեռնարկ Եւ Յուշաքարի Քողազերծում` Նուիրուած ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» Կոմիտէութեան Նահատակներուն

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէին (Զալքա), 19 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 8:00-ին ակումբի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ եւ յուշաքարի քողազերծում` նուիրուած ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէութեան նահատակներուն: Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ձեռնարկի բացման խօսքը արտասանեց Սեւան Կարապետեան-Ադամեան, որ դիտել տուաւ, թէ յուշաքարը ոչ միայն քարեղէն խորհրդանիշ մըն է, այլ նաեւ կենդանի վկայութիւն` մեր ժողովուրդի տոկունութեան, մեր ընկերներու...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կը շնորհաւորէ ձեր Ս. Ծնունդը։ Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ Ձեզի Մեզի Մեծ Աւետիս #ՀՅԴԼԻԲԱՆԱՆ

«Տէ՜ր Իմ Եւ Աստուա՜ծ Իմ»

Կարիքը Ունինք Երկնային Աջակցութեան, Որպէսզի Աստուծմով Փարատի Մեր Ազգին Կեանքը Պղտորող Խաւարը

«Համերաշխութեամբ եւ խաղաղութեա՛մբ ապրեցէք իրարու հետ, եւ այն ատեն խաղաղութեան ու սիրոյ Աստուածը ձեզի հետ պիտի ըլլայ»: Բ. Կորնթացիս 13:11 Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի Ս. Ծննդեան բարեբաստիկ տօնին առիթով, սրտագինս կ՛ողջունենք լիբանանահայ մեր ժողովուրդի զաւակները` մաղթելով, որ Նոր տարուան մը պայմաններուն մէջ, հաւատքով նորոգուած, միահամուռ ճիգով ձգտինք նոր առաքինութիւններու տանիլ մեր կեանքը: Ս. Ծնունդը տօնն է կեանքի նորոգութեան: Այսօր, մեր...

Յարութեան Ընձեռած Յեղաշրջումը

Ս. Ծնունդ Եւ Արժանապատուութիւն

Սուրբ Ծնունդը միայն յիշատակելի տօն չէ, այլ` խորիմաստ յայտարարութիւններու կողքին, մարդկային արժանապատուութեան` իբրեւ Քրիստոսով թանկագոյն պարգեւի մասին է` Աստուծոյ սրտէն ու էութենէն շնորհուած: Ծննդեան պատգամը կը հասնի մեզի այսօր, մինչ կորսուած կը թուին ըլլալ մարդու արժանիքն ու պատիւը: Յովհաննէս աւետարանիչ կը գրէ Տէր Յիսուսի ծնունդին` իբրեւ նշանակալի խորհուրդի մասին. «Բանը մարմին եղաւ» (Յովհ. 1.14): Ծնունդով Աստուծոյ Խօսքը մարդկային կենդանութիւն ստացաւ:...

Լեւոն ԺԴ. Պապին Շնորհաւորագիրը`  Ուղղուած Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

Լեւոն ԺԴ. Պապին Շնորհաւորագիրը` Ուղղուած Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Լիբանանի մէջ Վատիկանի պապական նուիրակ Փաուլօ արքեպիսկոպոս Պորճիան եւ վեհափառ հայրապետին փոխանցեց Լեւոն ԺԴ. պապին շնորհաւորագիրը, երկուշաբթի, 5 յունուար 2026-ի առաւօտեան: Նամակին մէջ պապը վեհափառ հայրապետին իր շնորհակալութիւնը կը յայտնէ` Լիբանան կատարած իր այցելութեան ընթացքին միջեկեղեցական ու միջկրօնական հանդիպումներուն մասնակցութեան համար: Այս առիթով, պապական նուիրակը վեհափառ հայրապետին փոխանցեց Նոր տարուան ու Ս. Ծննդեան օրհնաբեր տօներուն...

«Երգենք Փրկիչին Ծնունդը» Խորագրեալ Համերգ` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

«Երգենք Փրկիչին Ծնունդը» Խորագրեալ Համերգ` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Հովանաւորութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ  շաբաթ, 3 յունուար 2026-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին տեղի ունեցաւ կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» եւ մանկապատանեկան «Նարեկացի» երգչախումբերուն «Երգենք Փրկիչին ծնունդը» խորագրեալ սուրբծննդեան համերգը` խմբավարութեամբ Զաւէն վրդ. Նաճարեանի: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Աննա Նազարեան: Ան ըսաւ, որ զոյգ երգչախումբերը Նոր տարին եւ Սուրբ Ծնունդը կը դիմաւորեն երգով ու ցնծութեամբ` յիշեցնելով, որ...

Հայկական Երեսփոխանական Գրասենեակ.   Ընդառաջում 8687 Դիմումի:  6.684.000.000 Լ. Ոսկիի Նիւթական Օժանդակութիւն` 2452 Պարագայի  3.244.000.000 Լ. Ոսկիի Պարենային Օժանդակութիւն` 894 Պարագայի

Հայկական Երեսփոխանական Գրասենեակ. Ընդառաջում 8687 Դիմումի: 6.684.000.000 Լ. Ոսկիի Նիւթական Օժանդակութիւն` 2452 Պարագայի 3.244.000.000 Լ. Ոսկիի Պարենային Օժանդակութիւն` 894 Պարագայի

Հայկական երեսփոխանական գրասենեակը անցնող տարեշրջանին շարունակելով մեր ժողովուրդին տարբեր կարիքները բաւարարելու իր առաքելութիւնը` ընդունած է 8525 պարագայ, ամսական միջին հաշուով 710 անձ: Գրասենեակը 6.684.000.000 լ. ոսկի (Վեց միլիառ վեց հարիւ ութսուն չորս միլիոն լ. ոսկի) նիւթական օժանդակութիւն կատարած է 2452 պարագայի: Պարենային եւ կենցաղային կարիքներու ծրարներ տրամադրուած են 894 ընտանիքի` 3.244.000.000 լ. ոսկի (Երեք միլիառ երկու հարիւր քառասուն չորս միլիոն...

2026 Նոր Տարուան Անդրանիկ Սուրբ Պատարագ Մատուցուեցաւ Մայրավանքին Մէջ

2026 Նոր Տարուան Անդրանիկ Սուրբ Պատարագ Մատուցուեցաւ Մայրավանքին Մէջ

2026 տարուան առաջին օրուան` հինգշաբթի, 1 յունուարի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուեցաւ տարուան անդրանիկ Ս. պատարագը` նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ մասնակցութեամբ միաբան հայրերու, դպրեվանեցիներու ու հաւատացեալներու: Պատարագիչն էր Դաւիթ աբղյ. Ասայեան: Յաւարտ Սուրբ պատարագին, վեհարանի դահլիճին մէջ համախմբուելով` Աւետիք վրդ. Տէր Կարապետեան թարգմանը հանդիսացաւ ներկաներուն եւ ընթերցեց ուղերձ մը: Ողջունելէ ու...

«Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»-ի Ամանորի Եւ Սուրբծննդեան Տարեկան Հաւաքոյթ` Բարգաւաճման Ծրագիրի Մասնակիցներուն

«Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»-ի Ամանորի Եւ Սուրբծննդեան Տարեկան Հաւաքոյթ` Բարգաւաճման Ծրագիրի Մասնակիցներուն

Ներկայութեամբ լիբանանահայ համայնքի հոգեւոր պետեր` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ վեր. Րաֆֆի Մսըրլեանի, Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Սահակ վրդ. Քէշիշեանի, կազմակերպութեամբ «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ին, չորեքշաբթի, 17 դեկտեմբեր 2025-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ  տեղի ունեցաւ Ամանորի եւ սուրբծննդեան տարեկան հաւաքոյթը`, յատկացուած հիմնարկին բարգաւաճման ծրագիրին մաս կազմող կիներուն: Ձեռնարկը...

«Մեր Շուկան» 12-րդ Նախաձեռնութիւնը Իրականացաւ Կաղանդի Մթնոլորտի Մէջ

«Մեր Շուկան» 12-րդ Նախաձեռնութիւնը Իրականացաւ Կաղանդի Մթնոլորտի Մէջ

Հովանաւորութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, կիրակի, 28 դեկտեմբերին,  կէսօրուան ժամը 1:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00-ը «Մասթըր մոլ»-ի մէջ տեղի ունեցաւ «Մեր շուկան» 12-րդ նախաձեռնութիւնը: Օրուան հանդիսավար, Մարալ Մխսեան, բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն,  յայտնեց, որ քանի մը ամիսներու բացակայութենէ ետք, «Մեր շուկան» վերստին կը ներկայանայ հանրութեան` առաւել եւս ճոխ եւ խանդավառ մթնոլորտով: Ան նաեւ մերթ ընդ մերթ ներկայացուց կրպակները եւ օրուան...

Համազգայինը Ներկայացուց Պալէի Կախարդական Ելոյթ Մը

Համազգայինը Ներկայացուց Պալէի Կախարդական Ելոյթ Մը

ՍԻԼՎԱ ՍՈՂՈՄՈՆԵԱՆ Լիբանանահայ գաղութը 20 եւ 21 դեկտեմբեր 2025-ին, «Լա Սաժես» հանդիսասրահին մէջ վայելեց Համազգայինի «Գայեանէ» եւ պալէի դպրոցներուն հրաշալի ներկայացումը` Չայքովսքիի «Տը Նաթքրաքըր»-ը: Այս ելոյթին գեղարուեստական ղեկավարներն են հայրենի արուեստագէտներ Կարէն Մակինեանն ու Ժագլին Սարխոշեանը: Ներկայացման մասնակցեցաւ նաեւ Համազգայինի «Քնար» պարախումբը: Չայքովսքիի «Տը Նաթքրաքըր» շքեղ ներկայացումը հանդիսատեսին փոխանցեց դասական պալէի գեղեցկագոյն  արտայայտութիւնները: Սկիզբէն մինչեւ վերջ բեմադրութիւնը հմայեց իր նրբագեղութեամբ,...

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ամանորեան Պատգամը.  Եկէք Վերանորոգ Հաւատքով Ու Յոյսով Դիմաւորենք Նոր Տարին

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ամանորեան Պատգամը. Եկէք Վերանորոգ Հաւատքով Ու Յոյսով Դիմաւորենք Նոր Տարին

Սիրելի՛ ժողովուրդ հայոց, Նոր տարին կը դիմաւորենք տագնապներով ու անորոշութիւններով լեցուն պայմաններու մէջ: Արդարեւ, ճակատագրական օրեր կ՛ապրի Հայաստանը: Քաջ գիտնալով, որ մեր հայրենիքը կրնայ վտանգալից կացութեան մատնուիլ, երկիրը վտանգներէ հեռու պահելու մեր իրատես մօտեցումը յաճախակի կերպով պարզեցինք. Սուրբ Էջմիածնի ներքին հարցերը ներեկեղեցական միջոցներով քննելու ու համապատասխան լուծումներ գտնելու հրամայականը շեշտեցինք. համահայկական արժէքներու ու իտէալներու շուրջ համախմբուելու անհրաժեշտութիւնը յիշեցուցինք եւ նոյնիսկ...

Պալապանեան. «Լիբանանահայութիւնը  Պիտի Շարունակէ Իր Հիմնական Դերակատարութիւնը  Ունենալ Համագաղութային Եւ Հայ Դատի  Աշխատանքներուն Մէջ»

Պալապանեան. «Լիբանանահայութիւնը Պիտի Շարունակէ Իր Հիմնական Դերակատարութիւնը Ունենալ Համագաղութային Եւ Հայ Դատի Աշխատանքներուն Մէջ»

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան «Վանայ ձայն»-ի «Տօնական բարեւ» յայտագիրի ընթացքին անդրադառնալով լիբանանահայութեան համար 2025 տարուան յայտնեց. «Լիբանանահայութիւնը մէկ մասնիկն է համալիբանանեան պատկերին եւ բնականաբար չի կրնար չազդուիլ Լիբանանի վերիվայրումներէն ու անցուդարձներէն»: «Նախագահական աթոռի քանի մը տարի թափուր մնալէն ետք նախագահ ընտրուեցաւ, եւ մենք` իբրեւ ՀՅԴ եւ Հայկական երեսփոխանական պլոք, քուէարկեցինք ի նպաստ նախագահ Ժոզեֆ Աունի ընտրութեան: Ատոր...

Բագրատունի. «Ոչ Ոք Խաղաղութեան Դէմ Է,  Սակայն Մենք Կը Խօսինք Համապարփակ  Եւ Արդար Խաղաղութեան Մասին»

Բագրատունի. «Ոչ Ոք Խաղաղութեան Դէմ Է, Սակայն Մենք Կը Խօսինք Համապարփակ Եւ Արդար Խաղաղութեան Մասին»

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «Վանայ ձայն»-ի խօսնակ Հալա Հատտատի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «2025 թուականը կռնակէն հարուածեց բոլոր անոնք, որոնք կը հաւատային մարդու իրաւունքներուն, ինքնորոշման իրաւունքին եւ ՄԱԿ-ի սկզբունքներուն, ինչպէս նաեւ ոտնահարեց բոլոր այն գեղեցիկ նշանաբանները, զորս մեծ երկիրները միշտ կը կրկնեն: Այսօր 2026 թուականի երկրորդ օրն է, եւ կը յուսանք,...

ՀՅԴ Լիբանանի մեծ ընտանիքը կը շնորհաւորէ ձեր նոր տարին, մաղթելով, որ 2026-ը դառնայ բարօրութեան եւ խաղաղութեան տարի մը Լիբանանի համար։ #ՀՅԴԼԻԲԱՆԱՆ

ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ Յակոբ Բագրատունի Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ Յակոբ Բագրատունի Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Այս առաւօտ՝ Չորեքշաբթի, 31 Դեկտեմբեր 2025-ին, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի այցելեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ու յանուն Բիւրոյին խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ Վեհափառ Հայրապետին հետ՝ Հայաստանը եւ Սփիւռքը յուզող հարցերուն շուրջ: Բագրատունի Վեհափառ Հայրապետին պարզեց Հայաստանէն ներս տեղի ունեցող վերջին զարգացումները, յատկապէս Սուրբ Էջմիածինը ներքնապէս պառակտելու ձգտող Հայաստանի իշխանութեան ճիգերը եւ անոր...

Բագրատունի. «Համահայկական Օրակարգը Իսկապէ՛ս Համահայկական Տարողութիւն Պէտք Է Ունենայ»

Հաւատքի, Պայքարի Եւ Յաղթանակի Նոր Տարի

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ Ժամերու տարբերութեամբ կը փակենք մեր ժողովուրդի վերջին տասնամեակի ամենադժխեմ տարիներէն մէկը` դիմաւորելու համար վտանգաւոր անակնկալներով լեցուն տարի մը: Բնական է, որ Նոր տարին առհասարակ ուրախութեան եւ լաւ օրերու ակնկալութեան ու յոյսի մաղթանքներով սկսի: Բնական է անտարակոյս առհասարակ անհատական եւ ընտանեկան մակարդակներու վրայ: Որքա՜ն պիտի ուզէինք նաեւ նման ակնկալութեամբ դիմաւորել 2026 տարին համազգային մակարդակի վրայ` Հայաստան հայրենիքի եւ Հայաստանով...

Բագրատունի. «Այն, Ինչ Որ Այսօր Տեղի Կ՛ունենայ,  Բնականոնացում Չէ, Այլ Պարտադրուած Ընդունում  Հայաստանի Այլասերման. Այսպէս Մնալը Անձնասպանութիւն Է»

Բագրատունի. «Այն, Ինչ Որ Այսօր Տեղի Կ՛ունենայ, Բնականոնացում Չէ, Այլ Պարտադրուած Ընդունում Հայաստանի Այլասերման. Այսպէս Մնալը Անձնասպանութիւն Է»

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «Վանայ ձայն»-ի 2025 թուականի աւարտին առիթով յատուկ հարցազրոյցի ընթացքին անդրադառնալով անցնող տարուան ընթացքին Միջին Արեւելքի մէջ արձանագրուած զարգացումներուն, յայտնեց. «Այսօր փաստօրէն Իսրայէլ միահեծան կերպով եւ առանց որեւէ արգելքի կը շարունակէ իր օրակարգերը կիրարկել, Կազայի շրջանը ամբողջութեամբ քանդուած է, երկու պետութիւն գաղափարի իրագործումը ոչ միայն մօտալուտ չէ, այլ գրեթէ...

Page 22 of 364 1 … 21 22 23 … 364

Արխիւներ