Ներկայութեամբ լիբանանահայ համայնքի հոգեւոր պետեր` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ վեր. Րաֆֆի Մսըրլեանի, Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Սահակ վրդ. Քէշիշեանի, կազմակերպութեամբ «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ին, չորեքշաբթի, 17 դեկտեմբեր 2025-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ամանորի եւ սուրբծննդեան տարեկան հաւաքոյթը`, յատկացուած հիմնարկին բարգաւաճման ծրագիրին մաս կազմող կիներուն:
Ձեռնարկը ընթացք առաւ Սահակ վրդ. Քէշիշեանի բացման աղօթքով, ապա բարգաւաճման ծրագրի ընկերային ծառայող Ճեսիքա Պաժժի իր խօսքին մէջ ընդգծեց սուրբծննդեան տօնին հոգեւոր իմաստն ու մարդասիրական պատգամը եւ ներկայացուց օրուան յայտագիրը:
«Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ի տնօրէն Քրիստին Դանիէլեան- Սարգիսեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ հոգեւոր պետերուն ներկայութիւնը սոյն հաւաքին կը հաղորդէ օրհնութիւն եւ քաջալերանք: Ան ընդգծեց, որ անցնող տարուան ընթացքին իւրաքանչիւր հայ ընտանիք դժուարութիւններ դիմագրաւեց, նաեւ իր երազներէն եւ ձգտումներէն մաս մը իրականացաւ, մաս մը` ոչ, սակայն մարդիկ դիմացան եւ փորձեցին յաղթահարել դժուարութիւնները: Ան շեշտեց, որ սրահին մէջ քով քովի ըլլալը կը զօրացնէ մեզ` նկատել տալով, որ ներքին խաղաղութիւնը եւ հոգեկան ամրութիւնը առանձնապէս կարեւոր են հայ մայրերուն ու ընտանիքներուն համար, որպէսզի իրենց զաւակները ճիշդ ուղղութեամբ առաջնորդեն դէպի մեր ազգային ու մարդկային արժէքները:
Քրիստին Դանիէլեան-Սարգիսեան նաեւ յատուկ կերպով անդրադարձաւ հայ մայրերու դերակատարութեան ազգային ինքնութիւնը պահպանելու մէջ` ընդգծելով մեր եկեղեցիներու, կիրակնօրեայ դպրոցներու, մշակութային կեդրոններու եւ համայնքային կառոյցներու նշանակութիւնը մեր հաւաքական կեանքին մէջ: Ան կոչ ուղղեց ներկաներուն, որ պահեն ու պահպանեն իրենց զաւակներուն մտերմութիւնը հայերէն գիրքին ու ընթերցումին հետ եւ առաւել ջանք թափեն արեւմտահայերէնի ուղղութեամբ, որ վտանգուած լեզու մը կը նկատուի ու կը պահանջէ հայ ընտանիքին ամուր հոգատարութիւնը:
Վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան իր խօսքին մէջ շեշտեց աստուածաշնչական ընթերցումի կարեւորութիւնը` յիշեցնելով Աստուածածինի հաւատքի օրինակն ու վստահութիւնը Աստուծոյ հանդէպ: Ան ընդգծեց, որ մեր մարտահրաւէր` անորոշութիւնները եւ դժուարութիւնները հաւատքով եւ Աստուծոյ խօսքին հնազանդութեամբ դիմագրաւելն է, որպէսզի մեր ընտանեկան կեանքը աւելի ամուր դառնայ, եւ օրհնութիւնը պահուի մեր տուներուն մէջ:
Ձեռնարկին եզրափակիչ խօսքը արտասանեց առաջնորդ սրբազանը, որ իր հայրական օրհնութեամբ անդրադարձաւ քրիստոնէական եւ ազգային արժէքներու պահպանման հրամայականին` ընդգծելով, որ մեր օրերուն, երբ բարոյական շատ մը արժէքներ թուլցած են, հայ մայրերուն դերը մեծ է այդ արժէքները պահելու եւ յաջորդ սերունդներուն փոխանցելու համար: Սրբազանը մաղթեց, որ Աստուած լուսաւորէ բոլորին ճամբան, նաեւ պարգեւէ խաղաղութիւն եւ լաւ օրեր:
Ձեռնարկին գեղարուեստական յայտագիրով իրենց մասնակցութիւնը բերին Համազգայինի պարախումբը մենապարով մը, Սեւան Կարապետեան (տօնական երգեր), Հրակ եւ Գէորգ Պալեան (երաժշտական կատարումներ` կիթառ), «Լոռի» պարախումբը` հայկական եւ յունական պարերով, Ռոզալին Պօղոսեան (երգ) եւ Դաւիթ Գիւմպէճեան` արաբական թմբուկ:



