Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

2026 Նոր Տարուան Անդրանիկ Սուրբ Պատարագ Մատուցուեցաւ Մայրավանքին Մէջ

January 5, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

2026 տարուան առաջին օրուան` հինգշաբթի, 1 յունուարի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուեցաւ տարուան անդրանիկ Ս. պատարագը` նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ մասնակցութեամբ միաբան հայրերու, դպրեվանեցիներու ու հաւատացեալներու: Պատարագիչն էր Դաւիթ աբղյ. Ասայեան:

Յաւարտ Սուրբ պատարագին, վեհարանի դահլիճին մէջ համախմբուելով` Աւետիք վրդ. Տէր Կարապետեան թարգմանը հանդիսացաւ ներկաներուն եւ ընթերցեց ուղերձ մը: Ողջունելէ ու շնորհաւորելէ ետք վեհափառ հայրապետը, միաբան հայրերն ու ներկաները` ըսաւ, թէ գեղեցիկ է տարուան առաջին ողջոյնը ստանալ եկեղեցիէն` Տիրոջ տունէն: «Ուստի, եկէք ողջունենք զիրար Քրիստոսի սիրով, որ իր մէջ կ՛ընդգրկէ խաղաղութիւն, որ աշխարհի տուած խաղաղութենէն տարբեր է», ըսաւ ան: Հայր սուրբը անդրադարձաւ հայրապետական հռչակագիրին` «Հոգեւոր կեանքի վերանորոգումի տարի»-ին կարեւորութեան` մեր ընտանիքներու, մեր կառոյցներու ու կազմակերպութիւններու եւ մեր եկեղեցւոյ կեանքին մէջ: Աւարտին, ան յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Սուրբ աթոռի զինուորագրեալ միաբաններուն եւ հաւատաւոր ժողովուրդին, շնորհաւորեց հայրապետին Նոր տարին` մաղթելով ընդ երկար գահակալութիւն, կատարեալ առողջութիւն, նոր ծրագիրներու յաջողութիւն եւ ալեկոծ ծովերուն դիմաց յաջող նաւարկութիւն:

Ապա հայրապետական պատգամը յղեց Արամ Ա. կաթողիկոս, որ փառք ու գոհութիւն առաքեց Ամենակալին, որ մեզ տարի մը եւս արժանացուց իր անսահման օրհնութեան ու սիրոյն: Հայրապետը անդրադարձաւ Նոր տարուան խորհուրդին եւ անկէ եկող պատգամին: Ան ըսաւ, որ Նոր տարին առիթ է վերատեսութեան ենթարկելու մեր կեանքը եւ սրբագրելու այն, ինչ որ սխալ էր: Նոր տարին իւրաքանչիւր անհատի, կազմակերպութեան եւ ազգի համար վերանորոգուելու հրաւէր է` Աստուծոյ օրհնութեամբ եւ Անոր Միածին Որդւոյն աշխարհ բերած երկնային շնորհներով, ճշմարտութիւններով ու արժէքներով: Ան դիտել տուաւ, որ անցնող տարին մեր ժողովուրդի կեանքին երկնակամարը ամպամած էր, յատկապէս Հայաստանի մէջ. «Մաղթանքս ու աղօթքս է, որ մեզմէ հեռանան ամէն տեսակ մութ ամպեր, եւ մեր կեանքը լեցուի գարունով, նոր մտածումներով: Թող մեր կեանքը շաղախուի եղբայրական սիրով, ազգային, ընդհանրական եւ գերագոյն արժէքներով ու իտէալներով: Մաղթանքս է նաեւ, որ բացուող Նոր տարին մեր ժողովուրդին համար ըլլայ նոր իրագործումներով ու յաջողութիւններով լեցուն տարի մը` հայրենիքէն սկսեալ մինչեւ սփիւռս աշխարհի: Հետեւաբար, թող Ամենակալը մեր հայրենիքը պահէ հզօր, մեր ազգը` անսասան, մեր եկեղեցին` պայծառ եւ մեր ընտանիքները` երջանիկ. հիւանդներուն պարգեւէ առողջութիւն, գործոց` յաջողութիւն եւ մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն` երկար, երջանիկ ու առողջ կեանք», եզրափակեց իր պատգամը Արամ Ա. կաթողիկոս:

 

Նախորդը

«Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»-ի Ամանորի Եւ Սուրբծննդեան Տարեկան Հաւաքոյթ` Բարգաւաճման Ծրագիրի Մասնակիցներուն

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ամանորեան  Բացառիկի Խմբագրական. Մայ­րա­մու­տը Փո­խա­րի­նե­լու Հա­մար Արեւ­ա­ծա­գով 

RelatedPosts

Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Վարժարաններ
Գաղութային

Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Վարժարաններ

October 26, 2026
ԼՕԽ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին

October 26, 2026
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Նախաձեռնած Հայ Գիրքի Փառատօնը Իր Շուրջ Համախմբեց Մեծաթիւ Ընթերցասէրներ Եւ Հրատարակչատուներ
Գաղութային

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Նախաձեռնած Հայ Գիրքի Փառատօնը Իր Շուրջ Համախմբեց Մեծաթիւ Ընթերցասէրներ Եւ Հրատարակչատուներ

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.