Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինը Ներկայացուց Պալէի Կախարդական Ելոյթ Մը

January 5, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԻԼՎԱ ՍՈՂՈՄՈՆԵԱՆ

Լիբանանահայ գաղութը 20 եւ 21 դեկտեմբեր 2025-ին, «Լա Սաժես» հանդիսասրահին մէջ վայելեց Համազգայինի «Գայեանէ» եւ պալէի դպրոցներուն հրաշալի ներկայացումը` Չայքովսքիի «Տը Նաթքրաքըր»-ը: Այս ելոյթին գեղարուեստական ղեկավարներն են հայրենի արուեստագէտներ Կարէն Մակինեանն ու Ժագլին Սարխոշեանը: Ներկայացման մասնակցեցաւ նաեւ Համազգայինի «Քնար» պարախումբը:

Չայքովսքիի «Տը Նաթքրաքըր» շքեղ ներկայացումը հանդիսատեսին փոխանցեց դասական պալէի գեղեցկագոյն  արտայայտութիւնները: Սկիզբէն մինչեւ վերջ բեմադրութիւնը հմայեց իր նրբագեղութեամբ, երաժշտական խորութեամբ եւ բեմական ամբողջականութեամբ: Ներկայացումը հաւատարիմ մնաց ստեղծագործութեան ոգիին եւ միաժամանակ հրամցուց մաքուր ու բարձր գեղարուեստական կատարում:

Պարողները ներկայացուցին պատկերներ, ուր ակներեւ էին դերասանական վարպետութիւնն ու  արտայայտութիւնը: Գլխաւոր դերակատարները ցուցադրեցին դասական պալէի յստակ գիծեր եւ ընթացք տուին նիւթին: Անոնց երաժշտական զգայնութիւնը առանձնայատուկ էր, քանի որ իւրաքանչիւր շարժում ներդաշնակ կերպով միացած էր Չայքովսքիի երաժշտութեան: Խմբային պարերը ներդաշնակ էին, ուշադրութիւն կը գրաւէին իրենց ճշգրտութեամբ եւ շարժումներուն հմտութեամբ:

Յատուկ ուշադրութեան արժանի են ներկայացման մասնակցած բազմաթիւ երեխաները, որոնք բեմին փոխանցեցին թարմութիւն, անկեղծութիւն եւ կենդանութիւն, անոնք իրենց կարգապահութեամբ եւ պատասխանատու վերաբերմունքով մեծապէս նպաստեցին ներկայացման հմայքին:

Իսկ պատանի պարողները ցուցադրեցին տարիքէն աւելի հասուն բեմական գիտակցութիւն եւ շարժման յստակութիւն:

Մեծահասակ մենակատարները ներկայացուցին հասուն եւ մակարդակ ունեցող կատարումներ` ուժեղ թեքնիքի կողքին տալով արտայայտութեան խորութիւն: Հաճելի էր տեսնել երեխաներ, պատանիներ եւ մեծեր միասնաբար նոյն բեմին վրայ:

Մեծ գնահատանքի արժանի են գեղարուեստական ղեկավարները, որոնք կատարեցին արտակարգ եւ նուիրուած աշխատանք մը: Անոնց տեսլականը, մանկավարժական հմտութիւնը եւ համբերութիւնը ակնյայտ էին: Տարբեր տարիքային խումբերու միջեւ ստեղծուած ներդաշնակութիւնը վկայեց խոր գիտակցութիւն եւ բարձր գեղարուեստական պատասխանատուութիւն:

Տարազները եւ բեմական ձեւաւորումը` իրագործուած Նայիրի Ալեքսանտրեան-Կէօզիւպէօյիւքեանի կողմէ, մեծապէս հարստացուցին ներկայացման աշխարհը:

Տարազները պատրաստուած էին հարուստ գոյներով, նուրբ գործուածքով եւ գեղագիտական ճաշակով` իւրաքանչիւր կերպարին հաղորդելով առանձնայատուկ նկարագիր:

Բեմական տեսարաններու անցումները արագ էին ու թեթեւ: Հանդիսատեսը կապուած մնաց նիւթին, ինչ որ ամրապնդեց պալէի կախարդական մթնոլորտը: Ամէն մէկ տեսարան կը հոսէր բնական շարունականութեամբ` ստեղծելով երազային մթնոլորտ մը, որ հանդիսատեսը կը ներգրաւէր պատմութեան խորքը, ու ներկայացումը կը դարձնէր հոգեպէս ազդու:

Չայքովսքիի «Տը Նաթքրաքըր» ստեղծագործութիւնը դասական պալէի ամէնէն սիրուած եւ անմահ գործերէն մէկն է: Իր նուրբ, երազային եւ տօնական երաժշտութեամբ Չայքովսքիի երաժշտութիւնը լի է մեղեդային հարստութեամբ, նրբազգաց ռիթմերով եւ կենդանի գունաւորումներով, որոնք իւրաքանչիւր տեսարան վերածեցին գեղանկարի մը:

Համազգայինը միշտ կը ներկայացնէ արուեստն ու մշակոյթը բարձրագոյն չափանիշերով: Կը հաւատայ, որ բոլոր արուեստները վերջ ի վերջոյ կը հանդիպին ու կը միաւորուին` անկախ ազգութենէն եւ կը ծառայեն մարդկային ու հոգեւոր արժէքներուն: Այս հաւատքով Համազգայինը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը` տարածել հայ մշակոյթը` միաժամանակ բաց մնալով այլ արուեստներու հանդէպ, հաստատելով, որ արուեստը կամուրջ մըն է ժողովուրդներու միջեւ եւ կենդանի միջոց` մեր ինքնութիւնը պահպանելու ու հարստացնելու: Հայ ոգիի կենդանի ժառանգութիւնը պահպանելով ու նոր լոյսեր վառելով` Համազգայինը իր ընթացքը կը շարունակէ յոյսով ու հաւատքով, սերունդէ սերունդ առաջնորդուելով` լոյսով լոյսին:

23/12/2025

Նախորդը

Փունջ Մը Լուր…

Յաջորդը

Ազգային Փոքրամասնութիւններու Հալածանքները Թուրքիոյ Մէջ Մինչեւ Օրս Կը Շարունակուին, Անոնք Չաւարտեցան 1915-ին

RelatedPosts

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Հայրապետական  Պատարագով Նշուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի  Ծննդեան Ու Աստուածայայտնութեան Տօնը
Գաղութային

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Հայրապետական Պատարագով Նշուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան Ու Աստուածայայտնութեան Տօնը

January 9, 2026
Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան  Տօնին Առիթով Ս. Պատարագ Եւ Շնորհաւորական  Ընդունելութիւններ
Գաղութային

Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնին Առիթով Ս. Պատարագ Եւ Շնորհաւորական Ընդունելութիւններ

January 9, 2026
Յիշատակի Ձեռնարկ Եւ Յուշաքարի Քողազերծում` Նուիրուած ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» Կոմիտէութեան Նահատակներուն
Գաղութային

Յիշատակի Ձեռնարկ Եւ Յուշաքարի Քողազերծում` Նուիրուած ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» Կոմիտէութեան Նահատակներուն

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.