Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կարիքը Ունինք Երկնային Աջակցութեան, Որպէսզի Աստուծմով Փարատի Մեր Ազգին Կեանքը Պղտորող Խաւարը

January 6, 2026
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Համերաշխութեամբ եւ խաղաղութեա՛մբ ապրեցէք իրարու հետ, եւ այն ատեն խաղաղութեան ու սիրոյ Աստուածը ձեզի հետ պիտի ըլլայ»:

Բ. Կորնթացիս 13:11

Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի Ս. Ծննդեան բարեբաստիկ տօնին առիթով, սրտագինս կ՛ողջունենք լիբանանահայ մեր ժողովուրդի զաւակները` մաղթելով, որ Նոր տարուան մը պայմաններուն մէջ, հաւատքով նորոգուած, միահամուռ ճիգով ձգտինք նոր առաքինութիւններու տանիլ մեր կեանքը:

Ս. Ծնունդը տօնն է կեանքի նորոգութեան:

Այսօր, մեր եկեղեցիներուն մէջ Ս. Ծննդեան աւետիսը կը հռչակենք, մեր ժողովուրդի զաւակներուն յիշեցնելով, թէ Աստուած աշխարհ կու գայ մարդուն կեանքը նորոգելու համար:  Անկասկած, Աստուած է հրաշագործողը. իսկ մենք,  նորոգուելու շնորհքը ընդունողներս, ի խնդիր աւելի աստուածադրոշմ, աւելի արդար, աւելի ապահով ու խաղաղ, աւելի երջանիկ ու պայծառ կեանքի, առնուազն պարտաւոր ենք հոգեւոր ձգտումով յստակութիւն բերել մեր հաւատքին, որպէսզի Աստուծոյ գործակիցը դառնալով կարենանք նորոգուիլ նկարագրով, վարքով ու կենցաղով, եւ մեզի հետ նաեւ նորոգել ու ոգեւորել մեր շրջապատը` մեր ընկերութեան կեանքը ուղղելով դէպի Աստուած:

Պօղոս առաքեալ, տագնապներու թատերաբեմ դարձած Կորնթոսի եկեղեցւոյ գրած իր 2-րդ նամակի 13-րդ գլուխին մէջ կ՛ըսէ.

«Համերաշխութեամբ եւ խաղաղութեա՛մբ ապրեցէք իրարու հետ‚ եւ այն ատեն խաղաղութեան ու սիրոյ Աստուածը ձեզի հետ պիտի ըլլայ»:

Անկասկած, Աստուած ներկայ է մեր կեանքին ու աշխարհին մէջ, սակայն, մեր աշխարհին վիճակն ու մեր ընկերութեան կեանքին ընթացքը նաեւ պայմանաւորուած են մեզմով: Պօղոս առաքեալի բացատրութեամբ, Աստուած կը գործէ միայն խաղաղութեան ու սիրոյ պայմաններուն մէջ եւ ան մասնաւորապէս մեզի հետ է, երբ մենք համերաշխութեամբ կը վարենք մեր առօրեան ու սրբութեան կեանք կ՛ապրինք ու կը բարգաւաճինք:

Սիրելի՛ հաւատացեալներ,

Այսօր, տեսակաւոր հարցերու ու տագնապներու քովէն կ՛անցնի ամբողջ աշխարհը եւ մենք: Հայաստանէն մինչեւ սփիւռքի հեռաւոր անկիւնները, ազգովին կը դիմագրաւենք գոյութենական հարցեր ու ողբերգական խնդիրներ, որոնք ոչ միայն կը  կազմալուծեն մեր ազգային, եկեղեցական ու համայնական կեանքի ոլորտները, այլեւ` օրըստօրէ առաւել եւս կը մթագնեն Հայաստանի ու հայութեան ապագան:

Հետեւաբար, Նոր տարուան մը սեմին ու Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով, ջանանք Աստուածաշունչի պատգամով քաղցրացնել ու լուսաւորել անորոշութեան ու մթին պայմաններու մէջ ընկղմած մեր սրտերն ու հոգիները` միշտ յիշելով, որ ամէն տօն մեր հոգիին մէջ պէտք է հետք մը ձգէ ու մեր աշխատանքներուն մէջ նոր ձգտում ու կշռոյթ յառաջացնելով, մեր կեանքը տանի նոր սխրանքներու:

Անկասկած, մասնաւորաբար ներկայ ծանր ու ողբերգական պայմաններուն մէջ, կարիքը ունինք երկնային աջակցութեան ու օժանդակութեան, որպէսզի  Աստուծմով փարատի  մեր ազգին կեանքը պղտորող խաւարը, եւ մենք, մեր պատմութեան յարատեւութեան ու մեր կեանքի վերելքին համար, իրմով գտնենք կորով, խանդավառութիւն ու տեւող ուրախութիւն:

Այսօր Ս. Ծնունդ է: Հետեւաբար, յիշենք, թէ եղբօր հանդէպ սէրը կ՛երաշխաւորէ մարդկային մեր ընկերութեան գոյութիւնն ու ամրութիւնը, եւ համերաշխութեան պայմաններուն մէջ, Աստուծմով վստահաբար կրնան նաեւ իրագործուիլ մեր ալ ունեցած գերագոյն իղձերն ու դարաւոր երազանքները:

Շնորհաւոր Նոր տարի: Թող 2026 թուականը աստուածային շնորհքներով զարդարէ ու վերականգնէ մեր ընկերութեան կեանքն ու մեր ժողովուրդի զաւակները դարձնէ առաւել պայծառատես ու հաստատաքայլ:

Թող Ս. Ծննդեան շունչը Լիբանանի դիմաց լայն բանայ խաղաղութեան դարպասները, հոգեւոր ու ազգային իտէալներու շուրջ համախմբէ մեզ բոլորս,  վերականգնէ մեր ազգային միասնութիւնը, կազդուրէ ու պայծառացնէ մեր եկեղեցիներն ու կառոյցները եւ ի խնդիր Հայաստանի անկախութեան, ամրութեան ու բարգաւաճման,  ոգեշնչէ աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդի զաւակները:

Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ. ձեզի եւ մեզի մեծ աւետիս:

ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ

 

Նախորդը

Ս. Ծնունդ Եւ Արժանապատուութիւն

Յաջորդը

Բեթղեհէմի Պատգամը` «Եղէք Նոր Մարդ»

RelatedPosts

Գաղութային

January 6, 2026
Մարդկային Միտքի Վերանորոգման Տարի
Գլխաւոր լուրեր

Բեթղեհէմի Պատգամը` «Եղէք Նոր Մարդ»

January 6, 2026
Յարութեան Ընձեռած Յեղաշրջումը
Գաղութային

Ս. Ծնունդ Եւ Արժանապատուութիւն

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.