Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յիշատակի Ձեռնարկ Եւ Յուշաքարի Քողազերծում` Նուիրուած ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» Կոմիտէութեան Նահատակներուն

January 9, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէին (Զալքա), 19 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 8:00-ին ակումբի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ եւ յուշաքարի քողազերծում` նուիրուած ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէութեան նահատակներուն:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ձեռնարկի բացման խօսքը արտասանեց Սեւան Կարապետեան, որ դիտել տուաւ, թէ յուշաքարը ոչ միայն քարեղէն խորհրդանիշ մըն է, այլ նաեւ կենդանի վկայութիւն` մեր ժողովուրդի տոկունութեան, մեր ընկերներու անձնազոհութեան եւ անոնց ձգած ոգեղէն ժառանգութեան: Ան շեշտեց, որ այդ ձեռնարկով յատկապէս կը յիշենք մեր նահատակ ընկերները` Լիզպոնի նահատակ Արա Քըրճըլեան եւ շրջանի ընկերներ Թաթուլ Սուրեան եւ Րաֆֆի Պաստրմաճեան, որոնք իրենց կեանքը զոհեցին` ի սէր արդարութեան, ազատութեան եւ մեր ժողովուրդի արժանապատուութեան: «Անոնք մեզի ժառանգեցին ոչ միայն յիշատակ մը, այլ նաեւ պարտաւորութիւն մը` ապրիլ արժանապատիւ, պաշտպանել մեր ժողովուրդի իրաւունքները եւ միշտ բարձր պահել ազատութեան դրօշը», հաստատեց Ս. Կարապետեան` դիտել տալով, որ ակումբի սենեակին պատերուն, անոր լուսանկարներուն ու յուշերուն մէջ կը շնչէ նուիրումի ոգին, որ մեզ կը պարտաւորէ շարունակելու անձնազոհներուն ուղին` աւելի՛ գիտակցաբար, աւելի՛ միասնական կերպով:

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէի ներկայացուցիչ Գօգօ Հաշէօլեան: Ան դիտել տուաւ, որ Արա Քըրճըլեան, Թաթուլ Սուրեան եւ Րաֆֆի Պաստրմաճեան մարմնացումն են մեր ժողովուրդի տոկուն ոգիին, անխորտակելի հաւատքին եւ անմար հայրենասիրութեան, աւելցնելով, որ անոնք եղան յառաջապահը այն սերունդներուն, որոնք առանց հայրենիքը տեսնելու` կը հաւատային ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի գաղափարին: Հաշէօլեան ըսաւ, որ մեր մշակոյթին մէջ նահատակներու խորհուրդը կարեւոր տեղ ունի, եւ Դաշնակցութեան գաղափարաբանութիւնը նահատակութիւնը կը տեսնէ իբրեւ բարձրագոյն ծառայութիւն մը ազգին, Դատին եւ անոր անկատար տենչերուն. առ այդ, նահատակութիւնը կը վերածուի ոչ միայն բարոյական գերագոյն արժէքի, այլ նաեւ` հիմնասիւնի, որ կը խարսխէ Դաշնակցութեան հոգեւոր կերպարը: Դաշնակցական մարդը կը տեսնէ իր կեանքը իբրեւ միջոց` ծառայելու մեծ նպատակին միացեալ Հայաստանի կերտման: Ան կը հաւատայ, որ գաղափարը չի մեռնիր, երբ անոր կրողը կը նահատակուի: «Յիշատակը ոգեկոչել` կը նշանակէ յարգել եւ արժեւորել անոնց վաստակը, բայց մանաւանդ` ներկայ երիտասարդութիւնը իրազեկ դարձնել, որ նահատակներուն վաստակին արժէքը պայմանաւորուած կը մնայ յաջորդներու յանձնառու շարունականութեամբ, եւ թէ` պայքարը շարունակուող ընթացք մըն է, եւ իւրաքանչիւր սերունդ պատրաստ է իր բաժինը բերել այդ պայքարին մէջ», շեշտեց Հաշէօլեան:

Ան անդրադարձաւ այն իրականութեան, որ այսօր հայ ժողովուրդի բազում փորձութիւններու դէմ յանդիման է, յատկապէս` Հայաստանի մէջ, ուր Հայոց պատմութիւնը դարձած է խնդրայարոյց եւ անհեթեթ քննարկումներու առարկայ եւ ներքին բաժանումներ յառաջացնող: Հաշէօլեան հաստատեց, որ յիշողութիւնը մեր բարոյական զէնքն է` ընդդէմ մոռացութեան, ուրացումի, անտարբերութեան եւ պատմութեան խեղաթիւրման, աւելցնելով, թէ պատմութիւն մը, որ չի խօսիր նահատակներու մասին, կը դառնայ չոր ժամանակագրութիւն` առանց հոգիի եւ առանց ուղղութեան:

«Ազգը կը յաղթահարէ բոլոր փորձութիւնները, երբ իր նահատակներուն յիշատակը կը պահէ անմար` իմաստութեամբ, արժանապատուութեամբ եւ յանձնառութեամբ: Ժողովուրդ մը, երբ կը դադրի իր նահատակները յիշելէ, կը դադրի նաեւ իր պետութիւնը պաշտպանելէ, իսկ եթէ իր նահատակները իր պետականութեան սիւները դասէ, կը մնայ անսասան եւ անխորտակելի: Ապրելու արժանի են այն ազգերը, որոնք պայքարիլ գիտեն, չյանձնուիլ գիտեն եւ գիտեն զոհաբերել յանուն հայրենիքին», ըսաւ Հաշէօլեան` շեշտելով, որ ակումբին մէջ տեղադրուած յուշաքարը պիտի ըլլայ ապրող կոչ մը, խօսուն պատգամ մը` չմոռնալու, չզիջելու, չուրանալու եւ մանաւանդ` չդադրելու պայքարելէ:

Օրուան բանախօսն էր Վերա Եագուպեան: Ան շեշտեց, որ այդ համախմբումին առանցքը ոչ թէ անցեալը յիշելն է, այլ իբրեւ գաղափարի զինուորներ` յանձնառու մնալ այն պատգամին, որ մեզի փոխանցուած է արեամբ: Ան հաստատեց, որ յուշաքարը կամքի մարմնացում է եւ վկայութիւն` այն սերունդներուն, որոնք չապրեցան իրենց անձնականին համար, այլ ընտրեցին ծառայութիւնը` յանուն հայութեան ազատութեան, արժանապատուութեան եւ գոյատեւման:

Վ. Եագուպեան հաստատեց, որ Հայ դատի համար կամ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ինկած դաշնակցական նահատակները մաս կը կազմէին այն սերունդին, որ սփիւռքի պայմաններուն մէջ կերտեց ազգային դիմագիծը` առանց զիջումի, առանց ինքնութիւն կորսնցնելու, առանց հաշտուելու ժամանակին կամ իրենց պարտադրուած պայմաններուն հետ:

Բանախօսը լուսարձակի տակ առաւ այն իրողութիւնը, որ Արցախը` մեր պատմական հայրենիքի կենդանի սիրտը, դարձաւ նոր դարաշրջանի հերոսութեան փորձաքարը, եւ անոր համար իրենց կեանքը նուիրաբերած նահատակները, ինչպէս` Լիբանանի բոլոր նահատակները, մահը չփնտռեցին, այլ ընտրեցին կեանքը` լիարժէք, նուիրուած, գաղափարով առաջնորդուած կեանքը, եւ այդ ընտրութիւնն էր, որ զիրենք հասցուց անմահութեան:

Շարունակելով իր խօսքը` Վ. Եագուպեան դիտել տուաւ, որ սոյն յուշաքարը միայն յարգանքի նշան չէ, այլ լուռ հարցում է, թէ ո՞ւր է հայը այսօր, ունի՞ կամք, տեսիլք ու պատրաստակամութիւն` զոհաբերելու ամէնէն թանկագինը յանուն արժանապատուութեան:

«Ցաւօք, մեր ազգային կեանքին մէջ տակաւին կը թափառի անտարբերութեան վտանգաւոր ստուերը: Կան մարդիկ, որոնք այս կոթողները կը դիտեն որպէս անցեալի մնացորդ, անջատուած` իրենց առօրեայէն: Կան մարդիկ, որոնք կը հարցնեն` ինչո՞ւ զոհուիլ, ինչո՞ւ պայքարիլ, ինչո՞ւ չհաշտուիլ իրականութեան հետ», ըսաւ բանախօսը` աւելցնելով, որ այս հարցումներուն դիմաց, նահատակներուն պատգամը կը դառնայ անողոք եւ սթափեցնող: Անոնք զոհուեցան, որովհետեւ հաւատացին, որ հայ ժողովուրդը արժանի է ապրելու ազատ, ինքնուրոյն եւ արժանապատիւ, որովհետեւ վստահ էին, որ իրենց զոհողութիւնը պիտի չդառնայ դատարկ յիշատակ, այլ` շարունակուող ճանապարհ, եւ երբ մենք կը մոռնանք այդ զոհողութիւնը եւ կը լռենք անտարբերութեամբ, մենք կը նսեմացնենք ոչ միայն անոնց յիշատակը, այլ նաեւ` մեր իսկ գոյութեան իմաստը:

Եագուպեան անտարբերութիւնը նկատեց լուռ գործող վտանգաւոր թշնամի մը, որ  կը մարէ ոգին, կը ջնջէ յիշողութիւնը, կը խեղդէ հաւատքը: Այս առումով, ան անդրադարձաւ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութեան, որով պարտութիւնը կը փորձեն օրինականացնել, նահանջը` ներկայացնել որպէս իմաստութիւն, իսկ արժանապատուութիւնը` որպէս անցեալի վտանգաւոր բեռ, նաեւ զոհողութեան գաղափարը կը ծաղրեն, պայքարը կը թուլցնեն եւ ազգային պահանջատիրութիւնը կը նսեմացնեն` զայն կոչելով ոչ իրատես: Բանախօսը վստահեցուց, որ այս իշխանութիւնները չեն խօսիր նահատակներու լեզուով, չեն առաջնորդուիր զոհողութեան բարոյականութեամբ, այլ կը փորձեն նոր մարդ կերտել` հաշտուած պարտութեան հետ, լուռ, յարմարող, առանց պահանջի եւ առանց յիշողութեան: Իշխանութիւնը կը խզէ իր բարոյական կապը նահատակներուն հետ եւ կը դառնայ պատասխանատու ոչ միայն տարածքային, այլ նաեւ հոգեւոր կորուստի համար:

«Այս յուշաքարը մեղադրանք է անոնց դէմ, որոնք իշխանութեան դիրքէն կը քարոզեն մոռացում, կը խրախուսեն լռութիւն եւ կը վարժեցնեն ժողովուրդը զիջումի: Ան կը յիշեցնէ, որ նահատակները չզոհուեցան իրականութեան հետ հաշտուելու համար: Անոնք զոհուեցան, որպէսզի հայը ապրի կանգուն, ոչ թէ ծնկած», հաստատեց բանախօսը: Խօսքը ուղղելով Արա Քըրճըլեանի, Թաթուլ Սուրեանի եւ Րաֆֆի Պաստրմաճեանի` Եագուպեան ըսաւ, որ անոնց սկսած գործը կանգ չ՛առներ: Ժամանակները կրնան փոխուիլ, պայմանները` դժուարանալ, ձեւերն ու արտայայտութիւնները` տարբերիլ, բայց նպատակը կը մնայ նոյնը` անշեղ, հաստատ եւ անքակտելի, որովհետեւ անոնց գաղափարը սնանած է դաշնակցականի հաւատքով եւ ամրացած է զոհողութեամբ:  Ան վստահեցուց, որ այդ երեք նահատակները պիտի յիշուին ոչ միայն անունով, փորագրուած քարերուն վրայ, այլ իբրեւ կենդանի ոգի` իրենց գործին շարունակութեամբ, իրենց ձգած դրոշմով այն երիտասարդներուն մէջ, որոնք իրենց օրինակով կը սորվին ծառայել առանց հաշուարկի:

Եզրափակելով իր խօսքը` Վերա Եագուպեան հաստատեց, որ ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէի սոյն նախաձեռնութիւնը պարզ յարգանքի արարողութիւն մը չէ, այլ գիտակից քայլ մը` յաւերժացնելու մեր նահատակները ոչ միայն քարի մէջ, այլ` համայնքային յիշողութեան, դաստիարակութեան եւ ազգային կեանքի ընթացքին մէջ:

Այնուհետեւ սրտի խօսքեր արտասանեցին Սրբուկ Ճենանեան եւ նահատակ Րաֆֆի Պաստրմաճեան  եղբoրորդին` Ռալֆ Պաստրմաճեան:

Սրբուկ Ճենանեանի սրտի խօսքը ուղղուած էր Լիզպոնի նահատակ Արա Քըրճըլեանի: Ան ըսաւ, որ Արան եղած է կարգապահ, լուրջ, բծախնդիր, համեստ եւ խստապահանջ, եւ երբ պատասխանատուութիւն մը վստահուէր իրեն, այդ մէկը կը նկատէր ոչ միայն գործ, այլ նաեւ` իր ընկերները դաստիարակելու առիթ, աւելցնելով, որ խիստ էր իր ընկերներուն հետ պարտականութիւններու կատարման մէջ, սակայն միեւնոյն ատեն` գուրգուրոտ, նուիրուած եւ ընկերասէր: Ճենանեան հաստատեց, որ ան կը մարմնաւորէր իրաւ դաշնակցականի ամէնէն տարրական ու վեհ սկզբունքները` գաղտնապահութիւնն ու անձնուէր ծառայասիրութիւնը: Ան փափաք յայտնեց, որ Արային յաջորդող սերունդները եւս թրծուին, ապրին ու գործեն այն նոյն հաւատքով ու կորովով, որով ան ապրեցաւ իր կարճատեւ կեանքին ընթացքին, եւ իր օրինակը ըլլայ դաստիարակիչ բոլորին համար:

Իր կարգին, Ռալֆ Պաստրմաճեան ամփոփ գիծերու մէջ անդրադարձաւ իր հօրեղբօր կենսագրականին, ապրուստի ապահովման համար փոքր տարիքէն անոր մղած պայքարին: Ան յատկապէս խօսեցաւ Դաշնակցութեան նկատմամբ Րաֆֆի Պաստրմաճեանին ցուցաբերած հաւատարմութեան եւ նուիրումին մասին` նշելով, որ ան զոհուեցաւ ակումբի դռներուն առջեւ` զայն պաշտպանելու ընթացքին: Ռ. Պաստրմաճեան ըսաւ, որ իրենց համար հպարտութիւն է նման հերոս նահատակ մը ունենալը: «Րաֆֆի Պաստրմաճեանին յիշատակը միշտ պիտի ապրի մեր ընտանիքին եւ այս ակումբին մէջ: Թող հանգչի խաղաղութեամբ», եզրափակեց ան` շնորհակալութիւն յայտնելով այս նախաձեռնութեան եւ նահատակներուն նկատմամբ ցուցաբերուած յարգանքին ու անոնց յիշատակը վառ պահելու քայլին համար:

Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցան Համազգային «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի աշակերտները. Սէրլի Նեմշէհիրլեան տուտուկով նուագեց «Առաքել Մուշեղ» երգը,  Գէորգ եւ Հրակ Պալեաններ թաւջութակ նուագեցին, կիթառահարներու համոյթը մեկնաբանեց «Արիւնոտ դրօշ»-ը` ղեկավարութեամբ մայսթրօ Մկրտիչ Միքայէլեանի, նուագողներ` Սարգիս Եթէրեան, Ժան Փիեր Վարդանեան եւ Հրակ Մոմճեան:

Աւարտին տեղի ունեցաւ յուշաքարի քողազերծում ձեռամբ նահատակ Րաֆֆի Պաստրմաճեանի եղբoր` Սագօ Պաստրմաճեանի, որմէ ետք Սիմիոն քհնյ. Կարապետեան օրհնեց յուշաքարը:

Ձեռնարկը փակուեցաւ «Մենք անկեղծ զինուոր ենք» երգով` կատարողութեամբ ներկաներուն:

Նախորդը

Խաւարի Մէջ Լոյս. Սուրբծննդեան Տօնը Արցախի Հայաթափման Եւ Քրիստոնեայ Աշխարհի Անտարբերութեան Դիմաց

Յաջորդը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Սիթի Չկրցաւ Յաղթել Պրայթընին. Ինթեր Միլան Հաստատ Առաջին Դիրքի Վրայ

RelatedPosts

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Հայրապետական  Պատարագով Նշուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի  Ծննդեան Ու Աստուածայայտնութեան Տօնը
Գաղութային

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Հայրապետական Պատարագով Նշուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան Ու Աստուածայայտնութեան Տօնը

January 9, 2026
Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան  Տօնին Առիթով Ս. Պատարագ Եւ Շնորհաւորական  Ընդունելութիւններ
Գաղութային

Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնին Առիթով Ս. Պատարագ Եւ Շնորհաւորական Ընդունելութիւններ

January 9, 2026
Գաղութային

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.